Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղարար գործողութիւններու հարցով օգնական Ժան Փիեռ Լաքրուային յայտնեց. «Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւի մէջ մնալուն` գործադրելու համար թիւ 1701 որոշումը, գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին, որ կը շարունակէ հարաւի մէջ իր տեղակայումը եւ բոլոր կէտերով գործադրել համաձայնութիւնը, որ գոյացաւ անցեալ նոյեմբերին»:
Նախագահ Աուն նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանումը կենսական է ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ շրջանի բոլոր պետութիւններուն համար, եւ այդ կայունութեան պահպանման մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը հիմնական է»:
«Լիբանանեան բանակին եւ միջազգային ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը հոյակապ է», նշեց ան` յոյս յայտնելով, որ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւնները ֆինանսաւորող երկիրները կը կարենան ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքին անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը ապահովել, որպէսզի հարաւի մէջ գործող միջազգային ուժերուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն չըլլայ:
Ժողովի աւարտին հանրապետութեան նախագահը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար Արոլտօ Լազարոն անոր պաշտօնավարման աւարտի առիթով պարգեւատրեց շքանշանով` առ ի գնահատանք անոր կատարած աշխատանքին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Լաքրուան եւ Լազարոն:
Պըրրի հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց. «Լիբանան, հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի շարունակման ճամբով եւ մեկնելով Լիբանանի ապագային, անվտանգութեան, կայունութեան եւ շրջանի կայունութեան մէջ անոր դերակատարութեան կարեւորութենէն, կառչած կը մնայ միջազգային օրինականութեան»: