Հըզպալլա երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ կը թուի, թէ ոմանք չենք գիտեր այաթոլլա Ալի Խամենէիի Իրանի, իսլամ ազգի եւ աշխարհի մակարդակին վրայ, ինչպէս նաեւ իսլամական եւ ազատ ժողովուրդներու մակարդակին վրայ հսկայական կարգավիճակը:
«Սպանութեան սպառնալիքը յիմարութիւն եւ անպատասխանատուութիւն է, անիկա ծանր հետեւանքներ ունի, եւ հակառակ իր անհեթեթութեան ու սպառնացողի մակարդակի անկումին, զայն պարզապէս արտասանելը վարկաբեկում է հարիւր միլիոնաւոր հաւատացեալներու, համակիրներու, իսլամութեան, դիմադրութեան եւ արժանապատուութեան գիծին նկատմամբ: Անիկա խստագոյն կերպով մերժելի եւ դատապարտելի է», նշեց կուսակցութիւնը:
Հըզպալլա յայտնեց, որ այսօր աւելիով կառչած է Խամենէիին մօտեցումին, կեցուածքներուն «եւ իրանցի հերոս ու սիրելի ժողովուրդին հետ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումին անոր դիմակայման: Ամերիկան պիտի անդրադառնայ, թէ խորխորատի մը մէջ ինկած է Կազայի, շրջանին մէջ դիմադրութեան եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ իսրայէլեան դաժան յարձակումին իր բռնակալական աջակցութեան պատճառով»:
«Կարելի չէ պարտութեան մատնել միլիոնաւոր ազատները, որոնք բոլորուած են այաթոլլա Խամենէիի ղեկավարութեան շուրջ, եւ որքան ալ աշխարհի անհաւատները, ոճրագործները եւ արժանապատիւ կեանքի մարդկային իրաւունքը ոտնահարողները միանան, յառաջիկայ օրերը պիտի փաստեն, որ կեղծիքը կը պարտուի, եւ հաւատքի ու դիմադրութեան ուղենիշերը յաղթական են», յայտարարեց Հըզպալլան: