Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը չորեքշաբթի օր կէս գիշերէն ետք յարձակում գործեց Հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Քֆարժոզ գիւղին մէջ մոթորսիքլեթի մը վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւոր մը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը սպաննած է Հըզպալլայի մէջ Շըպաայի խումբի հակազրահապատ հրթիռներու միաւորի հրամանատարը:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ պնդեց, որ իսրայէլեան բանակը չորեքշաբթի օր հարաւային Լիբանանի Պարիշ շրջանին մէջ յարձակում գործելով սպաննած է Հըզպալլայի Լիթանիի շրջանի հրետանիներու հրամանատար Եասին Ապտելմընհեմ Իզզէտտինը:

Ըստ Ատրահիի, ան յառաջ կը մղէր Իսրայէլի ուղղութեամբ կրակոցներու շարք մը ծրագիրներ եւ «մեղսակից էր Հըզպալլայի հրետանային ուժերու վերականգնման փորձերուն»:

«Բանակը պիտի շարունակէ հետապնդել եւ հետեւիլ Հըզպալլայի` Իրանի հետ պատերազմի ծածկոյթին տակ Իսրայէլի վրայ յարձակում գործելու պատրաստութիւնները յառաջ մղելու փորձերը», նշեց ան:

– «ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ՃԸՌՆԸԼ», մէջբերելով դիւանագէտներու յայտարարութիւններ, հաղորդեց. «Հըզպալլան չ՛ուզեր մէկ այլ պատերազմի մէջ ներքաշուիլ, եւ կ՛ուզէ իր կարողութիւններու վերականգնման վրայ կեդրոնանալ»:

Ամերիկեան օրաթերթը նշեց. «Հաւանաբար Իրանի դաշնակից միլիսներուն հաշիւները փոխուին, եթէ Ուաշինկթըն (Իրանի հետ պատերազմին մէջ) Իսրայէլին միանայ»:

– ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին բացառած է Միացեալ Նահանգներու Իրան-Իսրայէլ պատերազմին մասնակցութեան պարագային Հըզպալլայի պատերազմին մասնակցութիւնը:

 

Նախորդը

Սամուէլ Կարապետեան Դատապարտուեցաւ Երկու Ամսուան Բանտարկութեան

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Վուշու-Քոնկ Ֆուի Ֆետերասիոնի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.