Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահի` գերագոյն հոգեւոր պետ իմամ Խամենէիի վրայ յարձակում գործել սպառնալը եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ յարձակումը շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ աշխարհի բոլոր ազատներուն վրայ յարձակում մըն է: Եթէ Ամերիկան շրջանը դէպի քաոս եւ անկայունութիւն տանի, եւ աշխարհը` բաց տագնապներու, միայն վարկաբեկումի, ամօթի եւ ձախողութեան պիտի մատնուի: Իրան իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու, եւ շրջանի ժողովուրդներն ու աշխարհի վրայ ազատները իրաւունք ունին մեծ ղեկավարին ու Իրանի հետ նոյն խրամատի մէջ ըլլալու»:
«Մենք Հըզպալլայի եւ իսլամական դիմադրութեան մէջ Իրանի օրինական իրաւունքներուն ու անկախութեան, եւ Ամերիկայի յարձակումին ու անոր հետ քաղցկեղի ուռ Իսրայէլի եւ ամբարտաւաններուն միջեւ չէզոք դիրքի վրայ չենք: Մենք Իրանի կողքին ենք ընդդէմ համաշխարհային այս անիրաւութեան, որովհետեւ մեր անկախութեան, հողերու ազատագրութեան եւ մեր որոշումներուն ու ընտրանքներուն ազատութեան հետ ենք: Չէզոք չենք, ուստի Իրանի, անոր ղեկավարութեան ու ժողովուրդին կողքին ըլլալու մեր դիրքորոշումը կը յայտնենք, եւ իսրայէլեան-ամերիկեան անիրաւ յարձակումին դիմակայման մէջ մեր յարմար դատած ձեւով կը վարուինք», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Բռնակալ Ամերիկան եւ ոճրագործ Իսրայէլը պիտի չկարենան իրանցի ժողովուրդն ու Յեղափոխական պահակագունդը ընկճել: Այս ժողովուրդը չի պարտուիր: Անցնող օրերու իսրայէլեան յարձակումները փաստեցին այս ժողովուրդին տոկունութիւնն ու բոլոր ճնշումներուն դէմ կանգնիլը: Ինչպէս նաեւ ցոյց տուին Իսրայէլի անկարողութիւնն ու Պաղեստինի բռնագրաւումէն 77 տարիէ ի վեր առաջին անգամ կրած հսկայական կորուստները, եւ իր յարձակումին մէջ Ամերիկայի աջակցութիւնը թախանցելը: Հակառակ այդ իրողութեան, անիկա չի ջնջեր մեր պատասխանատուութիւնը ըլլալու Իրանի կողքին եւ անոր հետ աջակցութեան ամէն ձեւով, որ կը նպաստէ վերջ տալ այս գոռոզութեան եւ բռնակալութեան», նշեց շէյխ Քասեմ: