Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ. Հակառակորդը Զինադադարը Խախտած Է 400 Անգամ, Արձակած 5500 Կրակոց

January 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010815gragԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին տուեալներով, չորեքշաբթի գիշեր Ղարաբաղի եւ  Ազրպէյճանի հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը շուրջ 400 անգամ խախտած է զինադադարը: Տարբեր տրամաչափի զէնքերու տեսակներէ  հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 5 հազար 500 կրակոց:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին վստահօրէն կ՛իրականացնեն մարտական հերթապահութիւն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու», հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Իսկ ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան ուժերու  կողմէ ազրպէյճանական խաղաղ բնակավայրերու գնդակոծումներուն մասին վերջին շրջանին համացանցին մէջ յայտնուած տեղեկութիւններուն, անոնք ոչ այլ ինչ են, քան հերթական ապատեղեկատուութիւն: Արցախի զինեալ ուժերը խիստ անհրաժեշտութեան պարագային միայն ու միայն թիրախային հարուածներ կը հասցնեն հակառակորդին առաջին գիծի դիրքերուն` նպատակ ունենալով ճնշել վերջին նախայարձակ ու սանձարձակ գործողութիւնները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Շեշտելով, որ խաղաղ բնակավայրերը պաշտպանութեան բանակի համար երբեք չեն եղած հարուածի թիրախ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ «տուեալ վարքագիծը եղած է ու կը մնայ  ազրպէյճանական զինեալ ուժերու «մենաշնորհը», որուն ապացոյցներն են հայ – ազրպէյճանական սահմանային հատուածին մէջ գտնուող հայկական բնակավայրերու վրայ հակառակորդին կողմէ  պարբերաբար իրականացուած եւ իրականացուող կրակոցները»:

 

 

Նախորդը

Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Կողմը Շարունակած Է Կրակել Հայկական Գիւղերուն Վրայ

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.