Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կեանքի Պիտի Կոչէ «Մշակութային Քաղաքականութիւն» Նախագիծը Եւ Անակնկալ Գործունէութիւններ Պիտի Ցուցադրէ

January 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010915Ani-AnadoluԹրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը մտադիր է 2015-ին կեանքի կոչել «Մշակութային քաղաքականութիւն» նախագիծը, որուն ծիրին մէջ հայ եւ թուրք երիտասարդներու միջեւ պիտի աւելցուի «փոխադարձ տեղեկացուածութեան» մակարդակը, ինչպէս նաեւ պիտի վերակառուցուին հայերու համար հոգեւոր մեծ արժէք ունեցող կառոյցներ:

Նախարարութիւնը մտադիր է «մօտեցնել 1915-ի դէպքերուն առնչութեամբ միակողմանի մօտեցում ունեցող երիտասարդները» եւ իրականութիւն դարձնել իրարու նկատմամբ յարգանք սերմանող փոխադարձ տեղեկացուածութեան բարձրացման ուղղուած նախագիծը:

Մշակոյթի նախարարութիւնը մտադիր է նաեւ Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներուն մէջ բնակող հայերու 3-րդ ու 4-րդ սերունդներու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը ապահովել ծրագիրին մէջ:

Նախագիծին հիմքը պիտի կազմէ նաեւ հայերու համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Անի քաղաքի եւ այլ մշակութային ու հոգեւոր կոթողներու վերակառուցումը:

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանիին տակ իրականացուելիք ծրագիրի կեանքի կոչման համար ստեղծուած քարտուղարութեան կազմին մէջ պիտի ներառուին դիւանագէտներ, գիտնականներ, պատմաբաններ եւ մշակութային գործիչներ:

«Մարմարա» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Անգարայէն Էօնտեր Եըլմազ հաղորդած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը 1915-ի դէպքերու 100-ամեակին պատճառով լոպիական աշխատանքներու ձեռնարկեց եւ այս առնչութեամբ գործունէութիւններու ծրագիր մը պատրաստեց: Խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբերու անդամներուն հետ ժողով մը գումարած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով: Անոր գլխաւորութեամբ ժողովին մասնակցած են Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու նախագահները, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Խառն խորհրդաժողովի նախագահը, Միջազգային խորհրդականներու վեհաժողովի անդամները եւ Թուրքիոյ պատուիրակութեան նախագահները:

Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի յանձնախումբի նախագահ Մեհմետ Թեքելիօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա այս նիւթին մասին ցնցում յառաջացնող եւ անակնկալ գործունէութիւններ պիտի ցուցադրէ:

 

 

 

Նախորդը

Ձմեռնային Զօրակոչը Սկսաւ. Առաջին Նորակոչները Ճամբեց Նաեւ Նախարարը

Յաջորդը

«Շարլի Էպտօ»-ի Հայ Ծաղրանկարիչը Այդ Չարաբաստիկ Օրը Գործի Չէր Գացած

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.