Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձմեռնային Զօրակոչը Սկսաւ. Առաջին Նորակոչները Ճամբեց Նաեւ Նախարարը

January 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010915zoragotch-101Հայաստանի մէջ նախանցեալ օր  սկսած է  ձմեռնային զօրակոչը: Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ  ծառայութենէն յայտնած են, որ նախարար Սէյրան Օհանեան, պաշտպանութեան նախարարութեան   ղեկավար կազմին եւ զինեալ ուժերու  բարձրաստիճան սպայակազմի ներկայացուցիչներուն հետ այս կապակցութեամբ այցելած է Հանրապետական կեդրոնական հաւաքակայան` 2015 թուականի ձմեռնային զօրակոչի ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով:

Պաշտպանութեան նախարարը նախ զրուցած է զաւակները ճամբելու եկած ծնողներուն հետ եւ  հաւաստած, որ բանակի ղեկավարութիւնը կ՛ընէ  կարելին, զօրակոչի հոլովոյթը պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու, թափանցիկութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս անառողջ երիտասարդներու զօրակոչը բացառելու համար: Նախարար Օհանեան պատասխանած է նաեւ նորակոչներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հարցումներուն:

Սէյրան Օհանեան հետաքրքրուած է ազգային բանակ զօրակոչուող երիտասարդներու  տրամադրութեամբ, անոնց առողջական վիճակով,  ֆիզիքական պատրաստուածութեամբ, մասնագիտական եւ կրթական ունակութիւններով, անոնց մաղթած խաղաղ եւ անվտանգ ծառայութիւն: Նախարարը հետեւած է նաեւ հաւաքակայանին մէջ ընթացող բժշկական քննութեան հոլովոյթին, զրուցած բժշկական անձնակազմին հետ:

Հաւաքակայանի աշխատակիցներուն եւ զօրակոչային հարցերով զբաղող մարմիններու ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ ցուցմունք տալէ ետք պաշտպանութեան նախարարը ներկայ  գտնուած է վիճակաձգութեան հոլովոյթին:

Այցելութեան  աւարտին ալ պաշտպանութեան նախարարը զրուցած է լրագրողներու հետ: Կարեւոր նկատելով արդարութեան եւ օրինականութեան մթնոլորտին մէջ զօրակոչի կազմակերպման հոլովոյթին շարունակականութիւնը` Սէյրան Օհանեան հաւաստած է, որ զօրակոչէ զօրակոչ իրականացուող աշխատանքները որակապէս կը բարելաւուին բոլոր ուղղութիւններով եւ կը ներդրուին նորարարութիւններ:

 

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կիրարկած «Լռեցնելու Գործելաոճ»-ը

Յաջորդը

Թուրքիա Կեանքի Պիտի Կոչէ «Մշակութային Քաղաքականութիւն» Նախագիծը Եւ Անակնկալ Գործունէութիւններ Պիտի Ցուցադրէ

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.