Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի. Արտերկրէն Հայաստան Ուղարկուող Գումարներու Անձնական Փոխանցումներուն Նուազումը Կը Ստանայ Աղէտալի Կշռոյթ

October 3, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

haygagan-Jamanag1_9-01-15

Հայաստանեան «Հայկական ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ. «Արտերկրէն Հայաստան ուղարկուող գումարներու անձնական փոխանցումներուն նուազումը արդէն աղէտալի կշռոյթներ կը ստանայ: Այս տարուան օգոստոսին անձնական փոխանցումներու զուտ ներհոսքը անցեալ տարուան օգոստոսին համեմատ նուազած է գրեթէ կէս չափով:

«Եթէ անցեալ տարուան օգոստոսին անձնական փոխանցումներու ծաւալը կազմած էր աւելի քան 156 միլիոն տոլար, ապա այս տարուան օգոստոսին կազմած է ընդամէնը 87,2 միլիոն տոլար` նուազելով 44 առ հարիւրով: Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան` երէկ (հինգշաբթի օր, «Ա.») հրապարակուած տեղեկութեան համաձայն, այս նուազումին հիմնական «մեղաւորը» Ռուսիան է, ուրկէ ուղարկուող գումարներու անձնական փոխանցումները օգոստոսին կրճատուած են աւելի քան երկու անգամով` անցեալ տարուան օգոստոսի 145 միլիոնէն այս տարուան օգոստոսին հասնելով ընդամէնը 72,6 միլիոն տոլարի: Ամիսներու վրայ անձնական փոխանցումներու այդպիսի անկում տակաւին չէր արձանագրուած: Համեմատութիւնը ակնառու դարձնելու համար նշենք, որ յուլիսին ալ անցեալ տարուան յուլիս ամսուան համեմատ գումարներու անձնական փոխանցումները կրճատուած էին 33 առ հարիւրով, յունիսին անցեալ տարուան յունիսի համեմատ 23 առ հարիւրով եւ այլն: Եթէ այս կշռոյթը պահպանուի նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն, ապա կասկածէ վեր է, որ ատիկա աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր երկրին ընկերային-տնտեսական կեանքին վրայ:

Օրաթերթը նաեւ կը գրէ. «Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, այս տարուան օգոստոսին անցեալ տարուան նոյն ամսուան համեմատ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինքնաշարժի առեւտուրի ծաւալները նուազած են 11,2 առ հարիւրով: Առաջին 8 ամիսներուն ընթացքին ինքնաշարժներու առեւտուրը նուազած է 7,4 առ հարիւրով: Խօսքը կը վերաբերի միայն ներքին առեւտուրին, իսկ ինքնաշարժներու ներածումը այս ժամանակաշրջանին կրճատուած է կէս չափով»:

 

Նախորդը

«Փափա Քիւնցլերի Կեանքը Սիրոյ Գործնական Արտայայտութիւնն Է» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կը Խոստանայ Ընտրուելու Պարագային Պետականօրէն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են  Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ

March 5, 2026
Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն  Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար
Հայկական

Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար

March 5, 2026
Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ  Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.