Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանէն Հայաստան Ներմուծուող Կազի Ծաւալները Պիտի Աւելնան

October 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran_10-05-15

Հայաստան կը պատրաստուի աւելցնելու Իրանէն ներմուծուող կազի ծաւալները` միաժամանակ աւելցնելով ուժանիւթի արտահանումը Իրան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` վկայակոչելով իրանական լրատուամիջոցները, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան եւ  Իրանի քարիւղի նախարար Պիճան Զանկանեհի:

Վերջինս նշած է, որ այդ հարցով հայ-իրանական համագործակցութեան ձեւաչափը պիտի շարունակէ մնալ նոյնը` աւելցնելով, որ գործարքին մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին յառաջիկային: Զանկանեհիի փոխանցումով` Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պաշտօնական հրաւէրով մօտ օրէն Երեւան պիտի այցելէ Իրանի փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրին:

Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ «Իրան-Հայաստան կազատարի կառուցման համաձայնագիր»-ը կնքուած է 2004 թուականին: Իրանի կազի արտահանման ազգային ընկերութեան կառավարիչ տնօրէն Ալիրեզա Քամելի «Շանա» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Իրան կարելիութիւն ունի տարեկան մօտ 2,3 միլիառ խորանարդ մեթր կազ արտահանել Հայաստան: Ներկայիս շահագործուող կազատարին միջոցով օրական կարելի է արտահանել 6 միլիոն խորանարդ մեթր կազ, սակայն, միայն 3 միլիոն կ՛արտահանուի: «Որովհետեւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները չկան Հայաստանի մէջ, երկիրը կարողութիւն չունի լիովին օգտուելու կազատարի կարելիութիւններէն», նշած է Քամելի:

Իրանցի պաշտօնեան ըսած է նաեւ, որ Հայաստան ներկայիս  կը նախատեսէ կառուցել նոր` 400 քիլովոլթնոց ելեկտրահաղորդման գիծ, եւ խնդրած է Իրանէն մատակարարել նոր գործարանի գործարկման համար անհրաժեշտ բնական կազ:

 

 

Նախորդը

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստը Վերածուեցաւ Կռիւի Առիթի Մը

Յաջորդը

Սկիզբ Առաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական 71-րդ Ժողովը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.