Երկու ամիս առաջ Ուաշինկթընի Սպիտակ տան մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը պիտի վերածէ խաղաղութեան տարածքի: Այս մասին Ազրպէյճանի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 12-րդ վեհաժողովին ընթացքին յայտարարած է Ազրպէճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Ալիեւ ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի վեհաժողովին ժամանակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ ատոր կից կառոյցներու փակման վերաբերեալ միացեալ կոչին համաձայն, անցեալի տագնապին այս մնացորդները նոյնպէս վերացուած են ԵԱՀԿ-ի 1 սեպտեմբերի որոշումով: