Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երկու հիմնական հարց կ՛արծարծուի: Առաջինը ճշդուած թուականը անփոփոխ պահելու եւ երկրորդը` ընտրական օրէնքը մասնակի փոփոխութեան ենթարկելու:
Իրենց ատենին ընտրութիւնները կայացնելու առաջադրանքը հրապարակաւ բոլորին պահանջն է սահմանադրական ժամկէտներն ու համապատասխան օրէնքները յարգելու առումով: Վճռականութիւն կրնայ դրսեւորուիլ ճշդուած ժամկէտին ընտրութիւնները կայացնելու նոր իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք կը ներկայանան նախագահով եւ վարչապետով: Ճշդուած օրինական ժամկէտներուն կառչած մնալու այս մօտեցումը առարկայացաւ թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային` իբրեւ առաջին փորձաքարը նոր իշխանութիւններուն:
Ուրեմն. նոյնիսկ եթէ որոշ փոփոխութիւններ պիտի ներառուին ընտրական օրէնքին մէջ, կը թուի, որ կայ յատուկ ճիգ ընտրութիւնները չյետաձգելու. եւ ասիկա կը կապուի նոր վարչակարգի վարքագիծին հետ, ինչ որ կը թարգմանուի նախորդ կառավարման ընթացքը փոխելու, տեղի չտալով առկախումներու, յետաձգումներու եւ անորոշութեան մատնելու նախկին դրութեան վերադարձին: Չի բացառուիր անշուշտ, որ այս պայմանը կը թելադրուի նաեւ արտաքին կողմերէ, որոնք աշխուժօրէն լծուած են վարչակարգի եւ ընդհանրապէս պետական-քաղաքական դաշտի վերաձեւաւորման, եթէ ոչ ամբողջովին վերափոխման աշխատանքին:
Ուրեմն աճապարանքը կը վերաբերի փոփոխութիւններուն: Առաջադրանքը ներառելն է արտալիբանանեան քուէն: Առաջին հայեացքով անշուշտ, Լիբանանի քաղաքացիին իրաւունքի իրացումով կրնայ բացատրուիլ այս առաջադրանքը: Լիբանանի քաղաքացին, ուր որ ալ ըլլայ, իրաւունք ունի մասնակցելու իր երկրի պետական հաստատութիւններու գոյառման, ձեւաւորման ընտրութիւններուն:
Քաղաքացիական իրաւունքին եւ ժողովրդավարացման առաջադրանքին առընթեր աւելորդ չ՛ըլլար ընտրաքաղաքական դիտարկում կատարելը: Պարզ է, որ արտաքինէն ներքին թափանցած ընդհանուր միտումը պետական դաշտի վերափոխումն է: Նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը այդ մասին կը յուշեն. աւելցնենք նաեւ` կառավարութեան կազմութեան եղանակը, իբրեւ առաջին փուլ` գործադիր իշխանութիւնը ձեւականօրէն ապակուսակցականացնելու: Կամ կարգ մը պետական նշանակումներ` նոյն պահանջներով եւ նպատակներով:
Հերթը կը մօտենայ խորհրդարանին: Դիւրին չէ անշուշտ երկար տասնամեակներու վրայ կառուցուած դրուածքը միանգամայն փոխելը: Փուլային կշռոյթը կիրարկելի է քաղաքական ծրագիրներու պարագային: Հեռուէն տեսանելին երկրի համակարգի ապահամայնքայնացումն է, կամ քաղաքացիական պետութիւն եւ հասարակարգ ձեւաւորելը: Առաջադրանք մը, որ ոչ միայն քաղաքացիական, հասարակական, այլ նաեւ պետական-քաղաքական շրջանակներէ կ՛արծարծուի` յղում կատարելով նոյնինքն Թաէֆի համաձայնութեան:
Հիմա գանք արտաքին քուէին: Արտաքին քուէն պարզ է, որ կ՛ազդուի նոյն այն արտաքին կեդրոններէն եւ պետութիւններէն, որոնք այս կամ այն կերպ առնչակից են լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ մասնակից Լիբանանի հաշուոյն մշակելի քաղաքականութիւններուն: Նախընթացները եւ քաղաքացիական շարժումներու հետ կապուած թեկնածուներու ստացած քուէներուն պատկերները այդ մասին կը յուշեն:
Հանգուցային կէտ է 6 հոգի՞ին, թէ՞ 128-ին քուէարկելու հարցը: Հարցախոյզեր պիտի աշխատին իմանալու համար, թէ ո՛րն է նպաստաւորը այս փուլին:
Կարելի է մտածել անշուշտ, որ եթէ օրէնքի փոփոխութեան խնդիր կայ, ինչո՛ւ այլ փոփոխութիւններ եւս չեն մշակուիր իբրեւ օրինագիծ, մանաւանդ որ գործող օրէնքը չի նպաստեր համայնքային ուժերու ներկայացուցչութիւնը խորհրդարան հասցնելուն:
Թէկուզ փուլային, այնուամենայնիւ, փոփոխութեան այս ընթացքը հեզասահ պիտի չընթանայ: Խորհրդարանը օրինաթիւ ապահովելու-չապահովելու, արտաքին քուէի օրէնքը ընդունել-չընդունելու, ենթադրեալ ընդունումի պարագային 6-128 ճշդելու եւ յարակից ընտրանքներու առջեւ պիտի գտնուի:
Լիբանանահայ ոսպնեակը պէտք է աշխատի այս բոլորին բուն շարժառիթները տեսնելու եւ ըստ այնմ դիրքորոշուելու: Անկախ քաղաքացիական իրաւունքներէն եւ ժողովրդավարացման կարգախօսներէն: Կամ անոնց առընթեր:
«Ա.»