Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դասական Ժապաւէններ Եւ Երեւանի Դիմագիծի Հոլովոյթը – Բ.

Յունիս 7, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ծանօթ 1.- Ընտրած եմ ժապաւէններ, որոնք արտադրուած են 1965-85 .- թուականներու միջեւ: Այդ շրջանը կարելի է համարել մշակութային «ոսկեդար»: Ներկայացուած առաջին ժապաւէնն էր «Բարե՛ւ, ես եմ», որ հիմնուած է ականաւոր աստղաբնագէտ (astrophysicist) Արտեմ Ալիխանեանի գործունէութեան վրայ: (Տես «Ազդակ», 10 ապրիլ 2021)

 

Բ.- Երեւանեան Օրերու Ժամանակագրութիւնը (Chronicle of Yerevan Days-Երեւանեան օրերի խրոնիկա) 105վ, 1972 (1)

Բեմադրիչ.- Ֆրունզէ Դովլաթեան
Համաբեմագիրներ.- Ֆրունզէ Դովլաթեան եւ Պերճ Զէյթունցեան:

Ծանօթ 2.- Կողքի պատկերներէն ոմանք վատորակ գունաւոր տեսերիզի փոքր պաստառէն առնուած լուսանկարներ են: Այլ քատրեր ստացած եմ անհատական նամակցութեամբ: Հակառակ երկարատեւ ջանքերու` կարելի չեղաւ գտնել աւելի յստակ տարբերակներ: Կը խնդրեմ ընթերցողին ներողամտութիւնը:

Քաղաքը` որպէս կերպար.- Ժապաւէնին իւրայատկութիւնը այն է, որ 70-ականներու Երեւանը կը ներկայացուի ոչ որպէս չէզոք  ոլորտ (space), այլ` ապրող եւ գործող կերպար: Գործող կերպար Երեւանը  առկայ է ժապաւէնի ե՛ւ իրապաշտ ե՛ւ ցնորային գերիրապաշտ տեսարաններուն մէջ: Կերպարը կը նկատենք բացման տեսարանէն իսկ, որ վաւերագրական է, ցոյց կու տայ Երեւանը լուսաբացին: Այդ ժամուն տակաւին ամայի պողոտաներու վրայ կը տեսնենք հանրակառքեր, որոնք խճողուած են գործի շտապող մարդոցմով: Խորապատկերի աղջամուղջին մէջ կը սկսի յայտնուիլ մուգ ուրուագիծը Արարատին, որ մնայուն մորմոք է, դառն պատմութեան ամեհի յուշակոթող:

Դերակատարները կը շարժին երեւանեան իսկակա՛ն երթեւեկի մէջ, որ յաճախ կը ծածկէ զիրենք մեր տեսադաշտէն եւ կամ կը ծածկէ անոնց տեսադաշտը, ինչպէս երբ հերոսը կը նշմարէ իր հին սէրը, բայց աղջիկը կը կորսուի հանրակառքը ետին: Երթեւեկի ժխորը «կը ծածկէ» խումբ մը մարդոց տաք վէճը: Ապրող Երեւանը կը դառնայ գլխաւոր  դերակատար:Կոթողական շէնքերու կողքին դերակատարները ֆիզիքապէս կը նսեմանան:

Հերոսը իր հին սէր դասընկերուհիին հետ կը փնտռէ «Գարնանային փողոցը», որ ի հարկէ գոյութիւն չունի: Անհեթեթ դրուագներով լի պատրանքը կ՛անցնի ներկայի իսկական ճամբաներով, որոնց քաջ ծանօթ են երեւանցիք (բայց, ափսոս, ոչ` բոլոր հանդիսատեսները) եւ զիրենք կը տանի դէպի Ծիծեռնակաբերդ` ցաւոտ պատմութիւնը յուշող այլ հսկայ կոթող մը: Աւարտական ցնորային տեսարաններու մէջ «հարսնեւորները» տհոլ-զուռնայով ուշ գիշերին կը շրջին հին (կորուսեալ) Էրիվանի նեղլիկ փողոցներու մէջ: Այդ գոնէ ինծի յիշել տուաւ Ֆելլինիի «Տոլչէ վիթա» ժապաւէնին (1960) աւարտական տեսարանի թափօրը, որ նոյնպէս դուրս կու գար գերիրապաշտ հաւաքոյթէ մը` դէպի գիշերային ամայութիւն: Ի դէպ, այդ ժապաւէնին մէջ եւս քաղաքը (Հռոմ) կը ներկայանայ որպէս ապրող, գործօն կերպար:

 

Կարեւոր նշում.- Երեւանը` որպէս ամրոց-քաղաք, հիմնուած է երեք հազարամեակ առաջ, բայց, ի տարբերութիւն այլ պատմական քաղաքներու,այդտեղ այժմ գոյութիւն չունի որեւէ հնադարեան շինութիւն, որեւէ նիւթական մնացորդ փաստ (2): Երեւանի միջնադարեան բերդն իսկ քանդուած է 1930-ին (3): Ժապաւէնը ցոյց կու տայ Թամանեանին ստեղծած Երեւանը, որ նո՛ր քաղաք է: Թերեւս, որպէս ակնարկ-բողոք, ցոյց կու տայ թանգարաններ (ուր թաքնուած է պատմութիւնը): Կը տեսնենք յատկանշական պողոտաներ եւ փողոցներ, ինչպէս, Բաղրամեան, Աբովեան եւ Օղակաձեւ այգիին կից  Խանջեան: Կը տեսնենք  հրապարակի ծաղկաձեւ պուլպուլակը, որ մեզի համար կոթող-ուխտավայր դարձած է:

Պատմութեան թանգարանը եւ կողքի պուլպուլակը կ՛ակնարկեն այլ իրողութեան մը եւս: Թամանեանի Երեւանին բոլոր գլխաւոր ճամբաները կը տանին դէպի կեդրոնական հրապարակ: Երեւանը մեզի համար կը նշանակէ օղակաձեւ այգիի սահմաններուն մէջ ընդգրկուած գեղեցիկ տարածքը, որ անշուշտ քաղաքի ամբողջական պատկերը ըլլալէ ցաւօք շատ հեռու է:

Հերոսը .- Արմէն (Խորէն Աբրահամեան).- Ազգային կեդրոնական արխիւի աւագ պաշտօնեայ մըն է, բայց այլ դիւանակալներու (bureaucrat) նման ասպարէզապաշտ (careerist) չէ, չի կրնար հանդուրժել անարդարութիւնն ու ստորաքարշութիւնը: Ըմբոստ է, յաճախ կը ստանձնէ իրեն չառնչուող հարցերու պատասխանատուութիւնը: Կը փորձէ, ըստ կարելւոյն, օգնել մարդոց: Պատրաստ է փաստաթուղթ կեղծելու, որպէսզի կին մը չկորսնցնէ իր հայրը: Իր գործընկերոջ աչքին առջեւ կ՛այրէ փաստաթուղթ մը, որուն պատճառով հայր մը պիտի կորսնցնէր իր զաւակը: Զգայացունց լուրը արագ կը տարածուի: Արմէն կը վտարուի հիմնարկէն: Արմէն իր գործակիցներէն ակնբախօրէն կը զանազանուի նաեւ իր արտաքինով: Գրասենեկային աշխատողները մենք կ՛երեւակայենք որպէս վտիտ եւ հլու կերպարներ: Իսկ Արմէն անոնցմէ երկու գլուխ բարձր կանգնած առիւծ մըն է: Դովլաթեան վստահաբար դիտմամբ այդ դերին համար ընտրած է յախուռն եւ հուժկու Խորէն Աբրահամեանը:

Արխիւը.- կը խորհրդանշէ «օրինապահ» պաշտօնեաներու կողմէ արձանագրուած պատմութիւնը, որ լի է անցեալի անարդարութիւններով եւ մեղքերով: Արմէն կը փորձէ «սրբագրել» զայն եւ վերածել, իր ըմբռնումով, աւելի մարդկայինի: Արմէն կը փորձէ արարել նո՛ր, աւելի մարդկային պատմութիւն: «Թուղթը կրնայ ցաւ պատճառել, յիշաչար է, այդտեղ ամէն ինչ կ՛ապրի ոչ միայն իբրեւ անցեալի յիշեցում,այլ` որպես ներկայ, եւ որուն հետ կապուած է ապագան: «Ես էլ մինչեւ վերջ չեմ հասկանում, – կ՛ըսէ Արմէն, – բայց հաստատ գիտեմ, որ ինչ-որ բան պէտք է փրկել: Շատ կարեւոր մի բան: Գուցէ դա էլ իմ առասպելը կը լինի»:

Արմէն անկարող է հաշտուիլ նման «անցեալ»-ի հետ: Աւարտական (ցնորական) դրուագներուն մէջ Արամ մտովի կը հրկիզէ արխիւները: Իմա` կ՛ուզէ ջնջել ցաւոտ ու կեղծ պատմութիւնը: Բայց նոյնիսկ եթէ մոխրանան բոլոր ցաւոտ փաստաթուղթերը, ինչպէ՞ս կարելի է ցաւը ջնջել հաւաքական յիշողութենէն: Արամին սիրտը տեղի կու տայ: Անհեթեթ-կատակ տեսարանով մը (մանկական խաղ)  Արամ կաթուածահար կ՛իյնայ Մաշտոց բանուկ պողոտայի մայթին վրայ:

Վիրահատութիւններ.- Արմէն կը փորձէ իր ըմբռնումով «վիրահատել» պատմութիւնը եւ արարել նոր պատմութիւն, առնուազն` իր գիտակցութեան մէջ, ի՛ր հոգեկան խաղաղութեան համար: Վիրահատութեան փորձը, սակայն, դատապարտուած է ըլլալու մասնակի եւ ձախող, կ՛աւարտի արխիւի  հրկիզումով (ամբողջութեան մերժումով): Անհատ մը առանձինն անկարող է կերտել հաւաքականութեան մը պատմութիւնը:

Ձախող վիրահատութեան բներգը առկայ է ժապաւէնին մէջ: Կը վիրահատուի իր գործընկերը, ցնորային-մղձաւանջային չարագոյժ տեսարանի մը մէջ Արմէն ինք իր գործընկերներուն կողմէ կը խլուի բաղնիքէն եւ կը տարուի վիրահատութեան: Այլաբանական տեսարանի մը մէջ կը վիրահատուին արխիւի տուփերը, որոնցմէ կը ժայթքի արիւն-մելան: Պատմութիւնը կենդանի է, ոչ ալ` անշունչ դիակ: Փաստաթուղթերը ապա  կը տեսնենք ոչ որպէս արխիւի դասաւորուած դրաններ, այլ` որպէս լքուած խռիւ դէզեր: Պատմութիւնը յստակ ու հասկանալի պատկեր չի ներկայացներ…

Հրաժեշտի խնճոյք.- Աւարտական տեսիլք է Արմէնին երեւակայական հարսանիքը, ուր բոլորը ներկայ են, ներառեալ` իր հանդերձեալ մայրը: Բացակայ է հարսնացուն (Ո՞վ է տեսել էդպէս հարսնիք… Յ. Թ. «Անուշ»): Արմէնի հին սէրը այդտեղ չէ, որովհետեւ պիտի ամուսնանայ (թերեւս արդէն իսկ ամուսնացած է) այլ տղամարդու հետ: Անհատական երջանկութիւն գտնելու փորձը եւս դատապարտուած է ձախողութեան: Խնճոյքը կ՛աւարտի ռապիզ ոճի երգով (4): Այդ ոճի երգերուն (հայ թէ օտար) բնորոշ է արտայայտել տրորուած մարդու կորուստի, բաժանման վիշտը: Ինծի համար անհասկնալի է թէեւ, թէ ինչո՛ւ Արմէնին նման մտաւորական կերպար մը այդ ձեւով պիտի արտայայտուէր: Տեսիլք-խնճոյքը խորքին մէջ ոչ թէ հարսանիք է, այլ` հոգեճաշ: Աւանդական տհոլ-զուռնայով թափօրի տեսարանը կ՛աւարտի կրկին երեւանեան լուսաբացին: Կեանքը կը շարունակուի:

Ժապաւէնը հանդիսատեսէն կը պահանջէ մեծ լարում, որպէսզի կարենայ մասնատուած եւ անկապ թուացող, իրականի եւ երեւակայականի խառնուրդ դրուագները ընկալէ որպէս ամբողջական պատկեր: Իրականութեան մասնատուած երկբայական ներկայացումը բնորոշ է յետարդիական (postmodern) մտայնութեան, ուր (աւաղ) այլեւս չկան սփոփող, երաշխաւորուած կուռ ճշմարտութիւններ: Կայ գեղարուեստական պատկերներու համադրում, կամ թերեւս` հակադրում: Ներկայ ժապաւէնին ողբերգութիւնը այն է, որ իր շփոթ երազանքը կը վերաբերի մեծ ծաւալի հարցի մը, թէ` դէպի ո՞ւր կ՛ընթանայ երկրի արժէքային համակարգը …

Արմէն ձեւով մը կը նահատակուի աւելի մարդկային Երեւան մը ստեղծելու պայքարին մէջ: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ կառուցուող Երեւան մը, որ ֆիզիքապէս գեղեցիկ է, բայց ունի դառն պատմական յուշ-ժառանգութիւն: Արմէն կը պայքարէր վերարժեւորելու համար այդ պատմութիւնը: «Խրոնիքա»-ն գերազանցօրէն քաղաքական ժապաւէն մըն է, «Մշակութային ոսկեդար»-ի հոգեբանութիւնը եւ երազանքը արտայայտող թերեւս ամենայանդուգն ժապաւէնը: Ի զուր չէ, որ ենթարկուած էր որոշ կտրատման եւ յապաւումի:

Գ. Երջանկութեան Մեխանիկան.- 1982 ,88 վ (6)

Բեմադրիչ` Ներսէս Յովհաննիսեան:
Բեմագիր.- Մանուկ Մնացականեան, իր «Մայրիշխանութիւն» վիպակի հիման վրայ:

Ժապաւէնը բոլորովին տարբեր է ներկայացուած նախորդ երկուքէն թէ՛ իր նիւթով եւ թէ՛ մօտեցումով:

Դիպաշարը.- Սոնա` երեք զաւկի մայր, առանձին գեղեցկուհի կին մը (Ալլա Թումանեան), որ կը պայքարի ընտանիքը եւ իր պատիւը պահելու համար: Տղամարդիկ ընդհանրապէս եւ հիմնարկներու ազդեցիկ ղեկավարներ մասնաւորաբար իրմէ միայն մէկ ակնկալութիւն ունին: Հարկ կա՞յ բացատրելու: Ռուբէն միջին տարիքի ազնիւ, բանիմաց, աշխատունակ, պարկեշտ (6), բայց ոչ բարեձեւ, ամուրի մնացած տղամարդ մըն է: Սոնա, աշխատանքի բերմամբ, կը հանդիպի Ռուբէնին: Երկու լքուած ազնիւ սրտեր կը բաբախեն: Կան որոշ դժուարութիւններ. մանուկները պէտք է ընդունին, որ օտար տղամարդ մը իրենց հայրը պիտի դառնայ, Սոնայի մեծ ընտանիքը պէտք է ընդունի, որ իրենց գեղեցկուհին ամուսնանայ կարճուկ, անշուք ելեկտրագէտի մը հետ եւ այլն: Բարին  ի վերջոյ կը յաղթանակէ, եւ կը կազմուի առողջ ու երջանիկ ընտանիք մը:

– Ժապաւէնի տրամաբանութիւնը կը պարտադրէ որ տեղի ունենայ բարեզարդ աւարտ: Տիրող մթնոլորտն է ինքնավստահ լաւատեսութիւն: Կան կենցաղային դժուարութիւններ, բայց չկան ընկերային մեծ հարցեր: Ժապաւէնը այս իմաստով քարոզչական (propagand) է: Քննադատութիւնը ուղղուած է անոնց, որոնք կը չարաշահեն իրենց դիրքը, ինչպէս նաեւ` անոնց, որոնք իրենց աշխատանքին կը մօտենան անլուրջ:

Բեմադրիչին ինքնավստահ լաւատեսութիւնը արտօնած է, որ ժապաւէնը ներկայացնէ Երեւանի աւելի ամբողջական պատկեր մը: Մենք անշուշտ կը տեսնենք քաղաքի կայացած կեդրոնին գեղեցիկ շէնքերն ու այգիները: Որմազդին մէջ կը տեսնենք երջանիկ զոյգը` պուրակին մը մէջ (Մաշտոցի), որուն կողքին է Երեւանի կեդրոնական ծննդատունը (նոր կեանք): Ժապաւէնին մէջ առկայ է նաեւ կարօտաբաղձութիւնը (նոսթալժի): Բեմադրիչը պատրուակ մը կը հնարէ ցոյց տալու համար այն թաղերը, ուր ինք ծնած եւ մեծցած է (Աբովեան եւ Տէրեան պողոտաներու միջեւ գտնուող շրջանը): Ինչպէս կողքի իր ցուցատախտակը կրող տան լուսանկարը ցոյց կու տայ, այդ բնակարանները այժմ կա՛մ անմխիթար վիճակի մէջ են, եւ կա՛մ` բոլորովին վերացուած (7):

Դառն Իրապաշտութիւն.- Խորհրդային Միութեան փլուզման նախորդող «վերակառուցման» (փերեսթրոյքա) վերջին տարիներուն իրականութեան շպարումը դադրած էր: Տեղի կ՛ունենար թերեւս գողարկուած հակաքարոզչութիւն: Երեւան այլեւս չէր նշանակեր լոկ Օղակաձեւ այգիին ընդգրկած Թամանեանի գեղեցիկ տարածքը:

Այս ուղղութեամբ ինծի ծանօթ առաջին ժապաւէնն է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի հիմնադիր Յարութիւն Խաչատրեանի վաւերագրական «Կոնդ»-ը (1987, 40վ (8):

Կոնդը բոլորովին տարբեր աշխարհ մըն է: Օրուան (ներառեալ` գիշերը) մեծ մասը կ՛անցնի հասարակաց բակին մէջ (հայաթ), որուն շուրջ իրարու վրայ ծուարած են վրայ բաց, թիթեղածածկ, ամէն յարմարութենէ զուրկ տնակներ: Կը լսուի մանուկներու, աքլորներու եւ կտուրները կարկտող թիթեղգործներու (ժեշտանչի) աղմուկը: Կիներ դոյլերով լուացքի ջուր կը կրեն հասարակաց ծորակէն: Ի զուր չէ, որ ժապաւէնը օրին համարուած էր հակաքարոզչութիւն:

Խորապատկերին վրայ կը տեսնենք հսկայ «Դուին» հիւրանոցը, որուն պատշգամներէն զբօսաշրջիկներ կը նկարեն Կոնդի «բնիկ»-ները որպէս հետաքրքրական երեւոյթ: Մենք կը տեսնենք բազմամարդ հարսանիք, շեփորախումբի ընկերակցութեամբ թաղման նոյնպէս բազմամարդ թափօր, ծննդաբերութիւն, ուր դայեակները դրացիներն են, եւ նոյնիսկ` հրդեհ, որ կը ջանան մարել ոչ միայն հրշէջները, այլ` բոլորը:

Մերօրեայ Երեւանը.-

Կոնդի բակը նիւթապէս աղքատ է, բայց այդտեղ տակաւին պահպանուած է անգնահատելի մեծ հարստութիւն` մարդկային ջերմութիւնը: Մասնաւորաբար յետ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, հաւասարապէս ծանր պայմաններու տակ ապրող մարդոց իրերօգնութեան, հաւաքական կեանքի, նոյն բակին մէջ ապրող մեծ ընտանիքի աւանդը, որ սրտառուչ կերպով ներկայացուած է, օրինակ, գիւմրեցի Ալպերթը. Մկրտչեանի «Մեր մանկութեան թանկոն» (1984) ժապաւէնին մէջ, յետանկախութեան տարիներուն գրեթէ չքացած է: Այդ կորուստը գեղարուեստական ձեւով ներկայացնող ինծի ծանօթ լաւագոյն ժապաւէնն է Լուսինէ Սարգսեանի խաղարկային «Շքամուտք»-ը, որ 2014-ին մասնակցած էր «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին (9):

Բակերը այժմ վերածուած են ինքնաշարժի կանգառներու: Բնակարաններու երկաթեայ դռները փակ են, ճաղապատ պատուհանները` լուռ: Կեդրոնի ծածկաւոր տաղաւարները, ուր կը հաւաքուէին դրացիները սեղանին շուրջ, լքուած են կամ փոխարինուած` շահաբեր կառոյցներով: Բակերու երբեմնի ջերմութեան կարօտաբաղձութիւնը արտայայտուած էր «Մեր բակը» կատակերգական եռագրութեամբ, որուն առաջին երկու մասերը (199. եւ 1998) մեծ յաջողութիւն գտած էին (10):

Անկախութենէ ետք, շուկայական յարաբերութիւններու գերիշխանութեան պայմաններուն տակ, Թամանեանի Երեւանը (եւ ոչ միայն) անխնայ կը բռնաբարուի: Քաղաքի դիմագիծի աղաւաղումը խոր ցաւով ներկայացնող ինծի ծանօթ ժապաւէններէն մէկն է Վիգէն Չալդրանեանի «Տէ՛ր ողորմեա՛»-ն է (1997, 101վ.): Չալդրանեան ցոյց կու տայ ոչ միայն քաղաքի տեսանելի փայլուն «բիզնես» մակերեսը, այլեւ` թաքնուած ստորերկրեայ փապուղիներն ու անցքերը, որոնք վերածուած են գորշ ու թշուառ պազարներու (11):

Անկախ ամէն գաղափարական պատկանելիութենէ, ամէնէն վրդովեցուցիչ երեւոյթը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շէնքի վերածումն էր Տաշիր «պիցցերիա»-ի մը: Պատմական ժառանգութեան հանդէպ անփութութիւնն է, որ քաղաքը կ՛այլանդակէ:

Պահ մը յուսադրուած էի, երբ տաղանդաւոր երաժիշտ եւ ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան նշանակուեցաւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ եւ ձեռնարկեց օփերայի այգիի բարեկարգման եւ շարք մը այլ պատմական շէնքերու պահպանման (12): Մեսչեանի տէգը, սակայն, շուտով բախեցաւ բիզնեսի հզօր «հողմաղաց»-ներուն, եւ սրտցաւ արուեստագէտը պարտադրուեցաւ ներկայացնել իր հրաժարականը: Ինծի ծանօթ չէ որեւէ ժապաւէն, որ կը ներկայացնէ քաղաքը իր սուր  հակասութիւններով, իր Կոնդով, Նոր Մարաշով, Հիւսիսային պողոտայով եւ… Դաւթաշէնով:

————————

  1. Հասանելի է հետեւեալ կապով` https://www.facebook.com/watch/?v=308148357063734
  2. Քանի մը տարի առաջ Հանրապետութեան հրապարակին տակ յայտնաբերուեցան հնութիւններ, որոնք արագ ծածկուեցան հողի շերտով: Այդ մեկնաբանելի էր:
  3. Այդտեղ 1938-ին կառուցուած է Արարատ քոնեաքի եւ գինիի գործարանը, որ այժմ շնորհուած է Գագիկ Ծառուկեանին:
  4. «Ռապ-իս» կրճատումն է ռուսերէն «ռապ-ոչիյէ իս-քուսթվա» որակաւորումին, որ բառացիօրէն կը նշանակէր «բանուորական արուեստ», բայց այժմ կը նշանակէ անգրագէտ եւ անորակ երգ:
  5. Հասանելի է հետեւեալ կապով` www.youtube.com/watch?v=cG72IFVmNSM
  6. Թերեւս այդ պատճառով իսկ` համեստ եկամուտ ունեցող:
  7. Ինչպէս Արամ Մանուկեանի տունը:
  8. Հասանելի հետեւեալ կապով` www.youtube.com/watch?v=UvqjZ9C4qRA
  9. Տես «Փոքր ածուի ծիրանը – քաղաքական հաշուեփակ», «Ազդակ», 21 օգոստոս 2014:
  10. Ի տարբերութիւն ուշացած երրորդ մասին, (2006), որ գաղջ շահարկում մըն էր:
  11. Չալդրանեան այդ կու տայ ինքնազմայլ (նարսիսական) հերոսի մը (նոյնինքն Չալդրանեան) սեռային նուաճումի որպէս խորապատկեր:
  12. Մեսչեան կառուցած է Կոմիտասի թանգարանը եւ Մատենադարանի յաւելուածը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 5 Յունիս 2021)

Յաջորդը

Մարդը` Բարձրագոյն Արժէք

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?