Բրիտանիոյ վարչապետ Անտի Պըռնըմ, յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ նախատեսուած վեհաժողովէն առաջ նախատեսեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ նոր համաձայնագիրներ կնքելու բանակցութիւնները մինչեւ վերջին պահը շարունակուին:
Պըռնըմ Տապլինի մէջ եւրոպացի բազմաթիւ ղեկավարներու հետ ընդլայնուած ժողովէն ետք յայտնեց. «Յառաջիկայ օրերուն առաւելագոյն ջանքս պիտի թափեմ այս համաձայնութեան կնքումը երաշխաւորելու համար»:
«Կը կարծեմ, թէ բանակցութիւնները մինչեւ վերջին պահ պիտի շարունակուին, որովհետեւ հաւանական է, որ անոնք հետզհետէ դժուարանան, սակայն անոնց կռնակ պիտի չդարձնենք», աւելցուց Բրիտանիոյ վարչապետը:


