Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

Դեկտեմբեր 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

29 սեպտեմբեր 1982-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն ողբերգական, բժշկական առեղծուածը սկսաւ կոկորդի ցաւէ եւ հարբուխէ մը: Նոյն այդ ժամանակ էր, երբ Շիքակոյի արուարձաններէն` Էլք Կրով գիւղին մէջ, 12-ամեայ Մերի Քելերմանը իր մօրն ու հօրը պատմեց իր զգացած ախտանիշներուն մասին: Ծնողները իրենց զաւկին տուին extra-strength Tylenol-ի պարկուճ մը (capsule), որ,- առանց իրենց իմանալուն, լեցուած էր խիստ թունաւոր կալիումի խաժիդով (potassium cyanide):

«Զգացի, որ ան բաղնիք կը մտնէր: Լսեցի դրան փակուելու ձայնը: Յետոյ բան մը իյնալու ձայն առի, – կը յիշէ Տենիս Քելերման` Մերիի հայրը: – Գացի բաղնիքի դրան մօտ, թակեցի զայն ու հարց տուի. «Մերի՛, լա՞ւ ես», եւ պատասխան չստացայ: Անգամ մը եւս փորձեցի, արդիւնքը նոյնն էր: Այսպիսով, բացի դուռը, եւ իմ փոքրիկ աղջիկը գիտակցութիւնը կորսնցուցած վիճակի մէջ` գետինը տեսայ: Ան դեռ գիշերազգեստով էր»:

Մերի մահացաւ առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Մէկ շաբթուան ընթացքին անոր մահը խուճապի մատնեց ամբողջ ժողովուրդ մը: Եւ ամիսներ ետք դէպքը կրցաւ փոխել առանց դեղագիրի դեղերու գնման եւ օգտագործման ձեւը:

Նոյն օրը Իլինոյս նահանգի Արլինկթոն Հայց քաղաքէն 27-ամեայ թղթատարական պաշտօնեայ Ատամ Ճանըս մահացաւ: Սկիզբը պատահարը սրտի ուժգին կաթուած համարեցին, սակայն պարզուեցաւ, որ անհատը նոյնպէս խաժիդով թունաւորուած էր: Անոր եղբայրն ու քենին` 25-ամեայ Սթանլին եւ 19-ամեայ Թերեզան, Լիսլի, Իլինոյսէն, շտապեցին Ատամի տունը` իրենց սիրելիները մխիթարելու համար: Երկուքն ալ ունեցած էին ուժգին գլխացաւ, որ հազուադէպ չէ ընտանիքի մէջ մահուան պարագայ ունեցող մարդոց համար: Անոնք երկուքն ալ առած էին մէկ-երկու դեղահատ Թայլենոլի նոյն այդ տուփէն, զոր Ատամ օգտագործած էր ժամեր առաջ: Սթանլի մահացաւ նոյն այդ օրը, իսկ Թերեզան` երկու օր ետք:

Յաջորդ քանի մը օրուան ընթացքին եւս երեք տարօրինակ մահեր տեղի ունեցած էին. մահացած էր 35-ամեայ Մերի Մաքֆարլանտը` Էլմհերսթէն, Իլինոյս, 35-ամեայ Փաուլա Փրինսը` Շիքակոյէն եւ 27-ամեայ Մերի Ուայները` Ուինֆիլտէն, Իլինոյս: Պարզուեցաւ, որ անոնք բոլորը, Թայլենոլ առած էին մահանալէն ժամեր առաջ:

1982 թուականի հոկտեմբերի սկիզբը խումբ մը հետաքննիչներ թունաւորման պատճառով այս մահերու եւ ամէնէն շատ վաճառուած դեղատեսակի` Թայլենոլի միջեւ կապի իրաւացիութիւնը հաստատեցին:

Ժելաթինի վրայ հիմնուած պարկուճները յատկապէս տարածուած էին, որովհետեւ անոնց մակերեսը հարթ էր եւ դիւրին էր զայն կուլ տալը: Դժբախտաբար իւրաքանչիւր տուժող կուլ տուած էր Թայլենոլի պարկուճը, որ լեցուած էր խաժիդի մահացու չափաբաժինով:

McNeil Consumer Products-ը, առողջապահական շուկայի հսկային` Johnson & Johnson-ին, մէկ ձեռնարկութիւնն էր, որ կ՛արտադրէր Tylenol-ը: Իր վարկը պահելու համար ընկերութիւնը գործուն կերպով դերակատարութիւն ունեցաւ մամլոյ տարբեր խաւերուն հետ զանգուածային նախազգուշական հաղորդակցութիւնները տրամադրելու գծով եւ անմիջապէս կոչ ուղղեց զանգուածաբար հաւաքել շրջանառութեան մէջ գտնուող աւելի քան 31 միլիոն Թայլենոլի տուփ: Թունաւոր պարկուճները յայտնաբերուած էին հոկտեմբերի սկիզբը, Շիքակոյի շրջանի քանի մը նպարատուներու եւ դեղարաններու մէջ, բայց, բարեբախտաբար, անոնք դեռ չէին վաճառուած կամ սպառած: McNeill-ը եւ Johnson & Johnson-ը, որպէս հատուցում, նոր պարկուճներ առաջարկած էին անոնց, որոնք արդէն գնած էին դեղահատերը: Անոնք նաեւ պարգեւներ յատկացուցած էին իւրաքանչիւր անձի, որ տեղեկութիւն կրնար ունենալ այս պատահական սպանութիւններուն մէջ ներգրաւուած անհատի կամ խումբերու մասին:

Հելոուինի համար ցնցող մահերը հրոյ ճարակ կը դառնային

Ամէնէն տարածուած ցաւազերծողներէն մէկը վերածուած էր սպանութեան զէնքի:

1982 թուականի Թայլենոլի սպանութիւնները ցնցեցին երկիրը: Հոկտեմբերի 1-ի` Հելոուինի տօնի պաշտօնական մեկնարկին իւրաքանչիւր անուանի թերթի գլխաւոր յօդուածը եօթը մահերն էին, իսկ «Թայլենոլի ահաբեկիչը», ինչպէս զայն կ՛անուանէին լրատուամիջոցները, տակաւին անյայտ էր:

Տասնամեակներ շարունակ ամերիկացիներուն Հելոուինի մասին կը պատմէին սարսափելի հեքիաթներ, որոնք լեցուն էին զմելիներով եւ առնետի թոյնով, սակայն Թայլենոլի սպանութիւնները նոր մակարդակի բարձրացուցին treat-or-treating-ին շուրջ մտահոգութիւնը` ստիպելով ամբողջ երկրի նահանգներուն չեղարկել Հելոուինը:

Մտահոգութիւնը թունաւորուած դեղերէ կը տեղափոխուի թունաւոր շաքարեղէնի

Որովհետեւ սպանութիւնները տեղի ունեցան Հելոուինի նախորդող օրերուն, մարդիկ անմիջապէս փոխանցեցին իրենց մտահոգութիւնը թունաւորուած դեղերէ վաղեմի գոյացած վախի մը` թունաւոր եւ զեղծուած Հելոուինի շաքարեղէն տարածուելու հաւանականութեան:

Ժոէլ Պեսթ յառաջատար մասնագէտն է «Հելոուինի սատիզմի»` Հելոուինի երեխաներուն զեղծուած հիւրասիրութիւններ տալու ենթադրեալ սովորութեան: Տելըուէրի համալսարանի ընկերաբանութեան եւ քրէական արդարադատութեան փրոֆեսէօր Պեսթ հետեւած է այս «ժամանակակից առասպելին» յառաջացման 1950-ականներուն կազմակերպուած հնարքներու սկիզբէն:

«Պատմութիւններ կը յայտնուին, ուր մարդիկ մետաղադրամներ տաքցնելով կաթսայի մէջ` այդ շիկացած մետաղադրամները կը դնէին պատանիներու երկարած ձեռքերուն մէջ», կ՛ըսէ Պեսթ:

Հելոուինի սատիզմի մասին հաղորդումները իսկապէս տարածուեցան 1960-ականներու աւարտին եւ 1970-ականներու սկիզբին, երբ հասարակութեան մտահոգութիւնը խորացաւ Վիեթնամի պատերազմի, հակամշակութային շարժման (counterculture movement) եւ «երեխաներու նկատմամբ բռնութեան» նման նոր հասկացողութիւններու վերաբերեալ:

1970 թուականին «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը հրապարակեց պատմութիւն մը, որ կը նախազգուշացնէր խնձորներու, տուրմի փաթեթներու մասին, որոնք փոխարինուած էին լուծողականներով (laxatives) եւ քնաբեր պարունակող շաքարեղէնի փաթեթներով: Յօդուածին մէջ, որպէս մէջբերում, նշուած է խօսքը Նիւ Եորք նահանգի առողջապահութեան յանձնակատարին: Ան կը պնդէր, որ Հելոուինի շաքարեղէններուն մէջ գամեր, ածելիներ, կոտրուած ապակի եւ թոյն գտած են:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ մէկը կը փափաքի թունաւորել երեխայի մը Հելոուինի շաքարեղէնը, բժիշկ Ռեճինալտ Սթին անունով հոգեբուժը մեղադրեց «այսօրուան հասարակութեան «գերթոյլատրուութիւնը» »: Այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ «մարդիկ աւելի ու աւելի շատ բռնութիւններ գործեն, եւ ոչ ոք հաշիւ պահանջէ իրենցմէ: Այն մարդիկ, որոնք երեխաներուն վնասակար շաքարեղէններ կու տան, կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս ոճրագործներ ու յանցագործներ կը խուսափին դատապարտումէ, ուստի անոնք կը կարծեն, թէ իրենք նոյնպէս կրնան ազատիլ անկէ»:

Հելոուինի սատիզմի մասին գրեթէ բոլոր հաղորդումները կեղծիքներ են

1985 թուականին Պեսթ հրապարակեց հետազօտական աշխատանք մը, որ կ՛ուսումնասիրէր Հելոուինի սատիզմի մասին բոլոր յայտնի պնդումները 1958 թուականէն ի վեր, եւ այդ կը յանգի ապշեցնող եզրակացութեան մը: Ըստ Պեսթի, ինք չկրցաւ գտնել երեխայի մը մասին սպանութեան կամ լրջօրէն վիրաւորուելու փաստարկուած հաղորդում մը` Հելոուինի հետ կապուած»:

Պարզուեցաւ, որ Հելոուինի շաքարեղէնի հետ կապուած զմելիի, գամի կամ առնետի թոյնի մասին իւրաքանչիւր հաղորդում երեխաներու կամ մեծահասակներու կողմէ կատարուած խաբէութիւն է: Եւ այն քանի մը ողբերգական դէպքերը, երբ երեխաներ մահացան Հելոուինի օրերուն, բժշկական փաստաթուղթերով կը հաստատուէին, որ անոնք սրտի ի ծնէ թերութեան մը, վարակներու եւ այլ բացատրելի հիւանդութիւններու հետեւանք են:

Հելոուինի շաքարեղէնէ երեխայի մը թունաւորման եւ սպանութեան միակ հաստատուած հաղորդումը Թեքսասէն 8-ամեայ Թիմոթի Օ՛Պրայընի եղերական դէպքն էր: Ան մահացաւ Հելոուինի օրերուն, խաժիդ պարունակող շաքար մը ուտելէ ետք: Մարդասպանը սարսափելի, անծանօթ մարդ մը չէր, բայց, դժբախտաբար, նոյնինքն Թիմոթիի հայրն էր, որ սպաննեց տղան, որպէսզի կանխիկացնէ ապահովագրական պայմանագիրը: Հայրը դատապարտուեցաւ եւ մահապատիժի դատապարտուեցաւ:

1982 թուականին վախը շատ իրական էր

«Երբ հոկտեմբերի սկիզբը տարածուեցաւ Թայլենոլի պատմութիւնը, մարդիկ գրեթէ անմիջապէս սկսան թունաւորումները կապել երեխաներու խաբէութեան վտանգին հետ», կ՛ըսէ Պեսթ:

Հելոուինի ամէնէն շատ մտավախութիւնը Շիքակոյի մէջ կար, ուր մարդիկ տակաւին սարսափած էին սպանութիւններէն, եւ ոչ մէկ ձերբակալութիւն կատարուած էր: «Շիքակօ Թրիպիուն»-ի սիւնակագիր Պոպ Կրին գրած է. «Եթէ ծնողք էք եւ զգացում ունիք, ձեր երեխային պէտք է արգիլէք այս Հելոուինին շաքարեղէն ստանալու սովորութիենէն… Յատկապէս Թայլենոլի ահաբեկչութեան այս տարուան մէջ յիմարութիւն է թոյլ տալ, որ զաւակը տունէ տուն երթայ եւ շաքարեղէն խնդրէ»:

Շիքակոյի քաղաքապետը բաժնած էր 1 միլիոն թռուցիկներ, որոնց մէջ կը խրախուսէր Շիքակոյի բնակիչները Հելոուինի օրը շաքարեղէնի փոխարէն դրամ` կամ փոքր խաղալիքներ բաժնել:

Բայց նաեւ Շիքակոյէն հեռու, Նիու Ճըրսիի նման համայնքները ընդհանրապէս չեղեալ յայտարարեցին այդ խաղերը:

Օրին ձեռնարկուած քայլեր

Առեղծուածը շարունակեց շփոթեցնել ոստիկանութիւնը, դեղ արտադրող ընկերութիւնն ու հանրութիւնը: Օրինակ, Johnson & Johnson-ը արագօրէն պարզեց, որ դեղահատերը խաժիդով թունաւորելը տեղի ունեցած է, երբ Extra-strength Tylenol-ի տուփերը արդէն գործարանէն դուրս էին: Ոստիկանները կ՛ենթադրէին, որ մէկը պէտք էր դարաններու վրայ գտնուող տուփերը առած ըլլար Շիքակոյի շրջանի տեղական նպարատուներէն եւ դեղարաններէն, անոր պարկուճները թունաւորած, իսկ ետքը վերստին դրած ըլլար դարաններու վրայ: Այդ տուփերուն հետագային զոհ պիտի երթային անյայտ մարդիկ:

Մինչ օրս, սակայն, այս սպանութիւններուն հեղինակները երբեք չեն յայտնաբերուած:

Ճէյմս Լուիս անունով մարդ մը, որ օրին կը պնդուէր, թէ ինքն էր Թայլենոլի ոճրագործը, «փրկագին պահանջելու» նամակ մը գրած էր Johnson & Johnson-ին` թունաւորումները դադրեցնելու դիմաց մէկ միլիոն տոլար պահանջելով: Երկար-բարակ խաղերէ ետք ոստիկանութիւնն ու դաշնակցային քննիչները պարզեցին, որ Լուիս կ՛ապրէր Նիու Եորքի մէջ եւ Շիքակոյի իրադարձութիւններու հետ որեւէ ակնյայտ կապ չունէր: Հակառակ ասոր` ան 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր շորթման մեղադրանքով: 13 տարուան ազատազրկումէ ետք, ան ազատ արձակուեցաւ 1995 թուականին:

Նմանօրինակ թունաւորումներ, որոնք կը ներառէին Թայլենոլը եւ դեղագիրով տրուող այլ դեղատեսակները, կրկին յայտնուեցան 1980-ականներուն եւ 1990-ականներու սկիզբին, բայց այս իրադարձութիւնները երբեք այնքան տրամաթիք կամ մահացու չեղան, որքան` 1982 թուականի Շիքակոյի տարածքի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը: Այս զազրելի բոլոր արարքներու դրդապատճառներու եւ կասկածեալներու մասին դաւադրութեան տեսութիւնները կը շարունակուին տարածուիլ համացանցի վրայ մինչ օրս:

Մինչեւ 1982 թուականի ճգնաժամը` Թայլենոլը կը կազմէր ցաւազերծողներու շուկայի աւելի քան 35 առ հարիւրը. սպանութիւններէն ընդամէնը քանի մը շաբաթ անց այդ թիւը կտրուկ կերպով իջաւ մինչեւ 8 առ հարիւրի: Սարսափելի իրավիճակը ինչպէս մարդկային կեանքի, այնպէս ալ գործարքի առումով, հրամայական դարձուց, որ Johnson & Johnson-ի ղեկավարները արագ եւ հեղինակաւոր կերպով արձագանգեն:

Օրինակ, Johnson & Johnson-ը մշակեց արտադրանքի պաշտպանութեան նոր մեթոտներ եւ խոստացաւ աւելի ազդու կերպով պաշտպանել իր սպառողները ապագային: FDA-ի պաշտօնեաներու հետ գործակցելով` անոնք ներկայացուցին խափանումներէ եւ կեղծումներէ պաշտպանուած նոր փաթեթաւորում մը, որ կը ներառէր փայլաթիթեղի կնիքներ եւ այլ առանձնայատկութիւններ, որոնք սպառողին ուշադրութեան կը յանձնէին, թէ զեղծարարութիւն մը տեղի ունեցա՞ծ է: Փաթեթաւորման այս պաշտպանիչ միջոցները շուտով դարձան արդիւնաբերութեան չափանիշ` բոլոր առանց դեղագիրի տրուող դեղերուն համար: Ընկերութիւնը նաեւ դեղատեսակի սակերը պակսեցուց եւ ծանօթացուց դեղահատերու իր նոր տարբերակը, որ կը կոչուէր «քափլեթ»: Այդ մէկը պատուած էր նուրբ, դիւրաբար կուլ տրուող ժելաթինով, բայց շատ աւելի դժուար էր զայն զեղծել, քան` հին պարկուճները, որոնք դիւրութեամբ կը բացուէին թունաւոր նիւթը կարելի էր մէջը դնել, կրկին փակել զայն, այնուհետեւ անգամ մը եւս դնել անապահով սրուակին մէջ:

Դեղահատերու տարբեր տեսակները

Մէկ տարուան ընթացքին եւ աւելի քան 100 միլիոն տոլարի ներդրումէ ետք, Tylenol-ի վաճառքը վերադարձաւ իր առողջ անցեալին, եւ ան կրկին դարձաւ ազգի «սիրելի ցաւազերծող»-ը: Այն քննադատները, որոնք նախապէս յայտարարած էին Tylenol վաճառանիշի մահուան մասին, այժմ կը գովաբանէին ընկերութեան որդեգրած կեցուածքը այս հարցին վերաբերեալ: Իսկապէս, Johnson & Johnson-ի ետկանչը (recall) դարձաւ դասական դէպքի ուսումնասիրութիւն` ամբողջ երկրի տնտեսագիտութեան դպրոցներէն ներս:

Johnson & Johnson-ի արտադրած Թայլենոլի քափլեթը

1983-ին ԱՄՆ Քոնկրեսը ընդունեց «Թայլենիոլի օրինագիծ»-ը, որ դաշնակցային ոճրագործութիւն կը համարէր սպառողական ապրանքներու կեղծումը: 1989-ին FDA-ը սահմանեց դաշնակցային ուղեցոյցներ` արդիւնաբերութեան ասպարէզներուն մէջ արտադրողներուն համար, որպէսզի անոնց բոլոր ապրանքները զեղծարարութենէ պաշտպանուած ըլլան:

«1982 թուականի Թայլենոլի թունաւորումը առանցքային պահերէն մէկն էր,- կ՛ըսէ բժիշկ Ալան Վուլֆ` Պոսթընի մանկական հիւանդանոցի մանկաբուժ եւ Հարվըրտի բժշկական դպրոցի մանկաբուժութեան փրոֆեսէօր: – Քառասուն տարի ետք մենք թերեւս այնքան ալ արժէքը չենք գիտեր, որ առանց դեղագիրի դեղերու սրուակները փաթթուած են փակցնելիքներով եւ ունին կտոր մը փայլաթիթեղ, որ պէտք է հանել: Այդ ողբերգական սպանութիւնները փոխեցին դեղագործական արդիւնաբերութիւնը եւ փոխեցին դաշնակցային պիտակաւորման օրէնքները»:

Թայլենոլի փայլաթիթեղով տուփը

Դժբախտաբար Թայլենոլի թունաւորումներու պատճառով յառաջացած ողբերգութիւնները երբեք չեն կրնար ջնջուիլ: Բայց անոնց մահը ոգեպատճառ դարձաւ շարք մը կարեւոր քայլերու` առանց դեղագիրի դեղերը աւելի անվտանգ դարձնելու (թէեւ երբեք հարիւր առ հարիւր անվտանգ չեն) միլիոնաւոր մարդոց համար, որոնք ամէն տարի զանոնք կը գնեն:

Աղբիւր`
Pbs.org
history.com

Նախորդը

ՀԱՆԳԻՍՏ

Յաջորդը

Ակնարկ Անկրկնելի Հալէպէն. Ոտքի… Հաճելի Սպասում

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

Դեկտեմբեր 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

Նոյեմբեր 28, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Բ.)  Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Բ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

Նոյեմբեր 14, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?