Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 29 սեպտեմբեր 1982-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն ողբերգական, բժշկական առեղծուածը սկսաւ կոկորդի ցաւէ եւ հարբուխէ մը: Նոյն այդ ժամանակ էր, երբ Շիքակոյի արուարձաններէն` Էլք Կրով գիւղին մէջ, 12-ամեայ Մերի Քելերմանը իր մօրն ու հօրը պատմեց իր զգացած ախտանիշներուն մասին: Ծնողները իրենց զաւկին տուին extra-strength Tylenol-ի պարկուճ մը (capsule), որ,- առանց իրենց իմանալուն, լեցուած էր խիստ թունաւոր կալիումի խաժիդով (potassium...