Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Քարիւղը եւ շրջակայ միջավայրը. Պիթումը (bitumen) եւ հիւսիսային անտառները
Միշտ չէ, որ հում քարիւղը պէտք է արդիւնահանուի խորունկ հորատման միջոցով: Քարիւղը, եթէ գետնի տակ չհանդիպի քարքարոտ եւ անթափանց խոչընդոտներու, կրնայ թափանցել մինչեւ մակերես եւ պղպջակել գետնէն վեր:
Պիթումը քարիւղի տեսակ մըն է, ունի սեւ գոյն, կ՛ըլլայ չափազանց կպչուն եւ երբեմն կը բարձրանայ Երկրի մակերես:
Իր բնական վիճակին մէջ պիթումը սովորաբար կը խառնուի «քարիւղային աւազներու» կամ «կուպրի (tar) աւազներու» հետ. բան մը, որ չափազանց դժուար կը դարձնէ արդիւնահանումը եւ կը հանդիսանայ քարիւղի ոչ սովորական աղբիւր: Աշխարհի մէջ պիթումի պաշարներու միայն մօտ 20 առ հարիւրը վերգետնեայ է եւ կարելի է զայն արդիւնահանել:
Դժբախտաբար, որովհետեւ պիթումը մեծ քանակութեամբ ծծումբ եւ ծանր մետաղներ կը պարունակէ, անոր արդիւնահանումն ու զտումը ե՛ւ ծախսալից է, ե՛ւ վնասակար շրջակայ միջավայրի համար: Պիթումը օգտակար արտադրանքներու վերածելը 12 առ հարիւր աւելի ածխածինի արտանետումներ կ՛արձակէ, քան` սովորական քարիւղի մշակումը:
Պիթումը արդիւնահանելու համար հորերու մէջ ուժեղ տաք շոգի կը մղուի` զայն հալեցնելու եւ այնուհետեւ արտահանելու համար: Ուստի մեծ քանակութեամբ ջուր կ՛օգտագործուի պիթումը աւազէ եւ կաւէ զտելու համար: Այս գործընթացը կը սպառէ մօտակայ ջուրի պաշարները: Օգտագործուած այս ջուրը կրկին անգամ շրջակայ միջավայր մղելը կրնայ աւելի աղտոտել ջրամբարներու մնացեալ ջուրը:
Կուպրի աւազներէ պիթումի մշակումը նոյնպէս բարդ եւ սուղ ընթացակարգ մըն է: Մէկ տակառ քարիւղ (մօտաւորապէս` 159 լիթր) արտադրելու համար անհրաժեշտ է երկու թոն քարիւղային աւազ:
Այնուամենայնիւ, պիթումը ունի իւրայատկութիւններ, որոնց մարդկութիւնը վստահած է: Արդիւնահանուող պիթումին մօտ 85 առ հարիւրը կ՛օգտագործուի ասֆալթ պատրաստելու համար` մեր ճանապարհները հարթելու եւ կարկատելու համար: Որոշ տոկոս մըն ալ կ՛օգտագործուի երդիքներու եւ այլ ապրանքներու շինարարութեան:
Պիթումի պաշարներ
Աշխարհի կուպրի աւազներուն մեծ մասը կը գտնուի Քանատա, Ալպերթայի արեւելեան շրջանին մէջ, Աթապասքա քարիւղային աւազներուն մէջ: Հսկայ այլ պաշարները կը գտնուին Ղազախստանի հիւսիսկասպեան ամբարներուն եւ Ռուսիա, Սիպերիոյ մէջ:
Athabasca Oil Sands-ը քարիւղի ամբարներէն մեծութեամբ չորրորդն է աշխարհի վրայ: Դժբախտաբար պիթումի պաշարները կը գտնուին հիւսիսային անտառներու մէկ մասին տակ, որոնք նաեւ թայկա կը կոչուին: Սա կը դժուարացնէ արդիւնահանումը եւ բնապահպանական իմաստով վտանգաւոր կը դառնայ:

Թայկան կը գտնուի հիւսիսային կիսագունդի վրայ` սառած տափաստաններու անմիջապէս տակը, ընդգրկելով աւելի քան 5 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր (երկու միլիոն քառակուսի մղոն), հիմնականին մէջ Քանատայի, Ռուսիոյ եւ Սկանտինաւիոյ մէջ: Այդ կը կազմէ մոլորակի ամբողջ անտառածածկ տարածքին գրեթէ մէկ երրորդը:
Թայկան երբեմն կը կոչուի «մոլորակի թոք», որովհետեւ ան ամէն օր թոներով ջուր եւ թթուածին կը զտէ իր ծառերու տերեւներուն եւ սաղարթներուն միջոցով: Ամէն գարուն հիւսիսային անտառները (boreal forest) մթնոլորտի մէջ կ՛արտանետեն հսկայական քանակութեամբ թթուածին, եւ մաքուր կը պահեն մեր օդը: Այնտեղ կը գտնուի խճանկարը աշխարհի տեսակաւոր բոյսերու եւ անասուններու, որոնք վստահած են հիւսիսային անտառներու հասուն ծառերուն, մամուռներուն եւ քարաքոսներուն (lichen) վրայ:
Կ՛ենթադրուի, որ մակերեւութային հանքերը կը կազմեն Քանատայի հիւսիսային անտառներուն միայն 0,2 առ հարիւրը: Քանատայի քարիւղային աւազներուն մօտ 80 առ հարիւրը հասանելի է հորատման միջոցով, իսկ 20-ը` վերգետնեայ հանքարդիւնաբերութեան միջոցով:
Քարիւղի վերամշակում
Քարիւղի վերամշակումը հում քարիւղի կամ պիթումի աւելի օգտակար ապրանքներու, ինչպիսիք են վառելանիւթը կամ ասֆալթը, փոխակերպման գործընթացն է:
Հում քարիւղը հողէն դուրս կու գայ աղտոտուածութիւններով միասին (ծծումբէն մինչեւ աւազ): Այս բաղադրիչները պէտք է զանց առնել: Այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ հում քարիւղը եռացնելով թորման աշտարակի (1) մէջ (distillation tower), որ ունի անօթներ (tray) եւ տարբեր մակարդակներու վրայ սահմանուած ջերմաստիճաններ: Քարիւղի ածխաջրածիններն ու մետաղները ունին տարբեր եռման ջերմաստիճան, եւ երբ քարիւղը կը տաքցուի, տարբեր տարրերէ գոլորշիները կը բարձրանան աշտարակի տարբեր մակարդակներու վրայ, նախքան որ շերտաւոր անօթներու վրայ կրկին անգամ խտանան որպէս հեղուկ:

Փրոփանը, քերոսինը եւ այլ բաղադրիչները կը խտանան աշտարակի տարբեր շերտերու վրայ, եւ կարելի է զանոնք առանձնաբար հաւաքել: Անոնք խողովակաշարով (pipeline), ովկիանոսային նաւերով եւ բեռնատարներով կը տեղափոխուին տարբեր վայրեր` ուղղակիօրէն օգտագործելու կամ հետագայ մշակման համար:
Քարիւղային արդիւնաբերութիւն
Միշտ չէ, որ քարիւղը արդիւնահանուած, զտուած եւ օգտագործուած է միլիոնաւոր մարդոց կողմէ, ինչպէս իրավիճակն այսօր է: Այնուամենայնիւ, այդ միշտ ալ եղած է շատ մը մշակոյթներու կարեւոր մէկ մասը:
Նշանաւոր ամէնէն առաջին քարիւղահորերը Չինաստանի մէջ հորատուած են 350-ական թուականներուն: Հորատանցքերը փորուած են գրեթէ 244 մեթր խորութեամբ` օգտագործելով հնդկեղէգի (bamboo) կարծր կտորներ: Քարիւղը կ՛արդիւնահանուէր եւ կը տեղափոխուէր հնդկեղէգի խողովակաշարերով: Այդ մէկը կ՛այրուէր որպէս ջեռուցման վառելանիւթ կամ արտադրական բաղադրիչ: Չին ճարտարագէտները կ՛այրէին քարիւղը` աղջուր (brine) գոլորշիացնելու եւ այնուհետեւ աղ արտադրելու համար:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան ափին բնիկ մարդիկ կ՛օգտագործէին պիթումը որպէս սոսինձ` մակոյկներ եւ անջրանցիկ զամբիւղներ պատրաստելու համար, ինչպէս նաեւ որպէս կապակցիչ (binder)` ծիսական զարդեր եւ գործիքներ շինելու համար:
7-րդ դարուն ճափոնցի ճարտարագէտները յայտնաբերեցին, որ քարիւղը կարելի է այրել լոյս ունենալու համար: 9-րդ դարուն, հետագային, պարսիկ քիմիագէտի կողմէ քարիւղը թորուած է եւ` քերոսինը յայտնաբերուած: 1800-ական թուականներուն քարիւղը դանդաղօրէն փոխարինեց կէտի իւղը քերոսինի լապտերներուն մէջ` յառաջացնելով կէտերու որսի կտրուկ անկում:

Քարիւղի ժամանակակից արդիւնաբերութիւնը սկսած է 1850-ական թուականներուն: Առաջին հորատանցքը Լեհաստանի մէջ փորուած է 1853 թուականին, եւ արհեստագիտութիւնը տարածուած է այլ երկիրներու մէջ եւ` կատարելագործուած:

Արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը հսկայական նոր հնարաւորութիւն ստեղծեց քարիւղի օգտագործման ձեւերուն մէջ: Շոգիի շարժիչներով աշխատող մեքենաները շուտով դարձան չափազանց դանդաղ, փոքրածաւալ եւ սուղ: Քարիւղային վառելանիւթի պահանջարկը հետզհետէ կ՛աւելնար: 20-րդ դարու սկիզբի զանգուածային արտադրութեան ինքնաշարժներու գիւտը ա՛լ աւելի աւելցուց այդ մէկը:
Քարիւղի արդիւնահանումը արագօրէն աճած է. 1859 թուականին ԱՄՆ-ն արդիւնահանեց 2000 տակառ քարիւղ: 1906 թուականին այդ թիւը շուտով բարձրացաւ տարեկան 126 միլիոն տակառի: Այսօր ԱՄՆ-ն տարեկան մօտ 6,8 միլիառ տակառ քարիւղ կ՛արդիւնահանէ:
ՕՓԵՔ-ի տուեալներով, ամէն օր աշխարհի վրայ կ՛արդիւնահանուի աւելի քան 70 միլիոն տակառ: Այդ կը նշանակէ` մէկ վայրկեանուան մէջ գրեթէ 49.000 տակառ:
Թէեւ այդ մէկը չափազանց մեծ քանակութիւն կը թուի, սակայն զգալի է, որ քարիւղի օգտագործումը ընդլայնուած է կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Քարիւղը կը դիւրացնէ մեր կեանքը շատ մը առումներով: Շատ երկիրներու մէջ քարիւղի արդիւնաբերութիւնը կ՛ապահովէ միլիոնաւոր աշխատատեղեր` վիճակագրողներէ եւ քարիւղի հարթակի աշխատողներէ մինչեւ երկրաբաններ եւ ճարտարագէտներ:
ԱՄՆ-ն աւելի շատ քարիւղ կը սպառէ, քան` որեւէ այլ երկիր: 2011 թուականին ԱՄՆ-ն ամէն օր կը սպառէր աւելի քան 19 միլիոն տակառ քարիւղ: Սա աւելին է, քան Լատին Ամերիկայի (8,5 միլիոն) եւ արեւելեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ (5,5 միլիոն) մէջ սպառուած քարիւղը` միասին գումարուած:
Քարիւղը հազարաւոր առօրեայ իրերու բաղադրիչ է: Պենզինը, որմէ մենք կախուած ենք դպրոց, աշխատանքի կամ արձակուրդին տեղափոխուելու համար, կու գայ հում քարիւղէն: Քարիւղի տակառ մը կ՛արտադրէ մօտ 72 լիթր (19 կալոն) պենզին եւ այդ կ՛օգտագործուի ամբողջ աշխարհի մարդոց կողմէ` մեքենաներու, նաւակներու եւ ռազմօդանաւերու լիցքաւորման համար:
Տիզելային վառելանիւթով աշխատող ելեկտրածին շարժակները կ՛օգտագործուին շատ հեռաւոր տուներու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու մէջ: Արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ, երբ հոսանքը կ՛անջատուի, տիզելային շարժակները կեանքեր կը փրկեն` ելեկտրականութիւն մատակարարելով հիւանդանոցներուն, բազմաբնակարան համալիրներուն, դպրոցներուն եւ այլ շէնքերու, որոնք այլապէս ցուրտին եւ մութի մէջ կը մնան:
Քարիւղը կ՛օգտագործուի նաեւ հեղուկ արտադրանքներու մէջ, ինչպիսիք են եղունգներու ներկերը եւ հականեխիչ ալքոլը: Քարիւղամթերքը կը գտնենք նաեւ այնպիսի իրերու մէջ, ինչպիսիք են ալեվարման տախտակները, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի գնդակները, հեծիկներու անիւները, կոլֆի պայուսակները, վրանները եւ տեսախցիկները:
Քարիւղէն կը շինուին նաեւ աւելի կարեւոր իրեր, ինչպիսիք են արհեստական վերջոյթները, ջուրի խողովակները եւ կենսանիւթերու պարկուճները (capsules): Մեր տուներուն մէջ մենք շրջապատուած ենք քարիւղ պարունակող ապրանքներով եւ կախուած ենք անոնցմէ: Տան պատի ներկերը, աղբի տոպրակները, տանիքները, կօշիկները, հեռաձայնները եւ նոյնիսկ մատիտները կը պարունակեն մշակուած քարիւղի տեսակներ:
Ածխածինի շրջանառութիւն (Carbon Cycle)
Հանածոյ վառելանիւթի արդիւնահանումը մեծ թերութիւններ ունի, եւ քարիւղի արդիւնահանումը հակասական արդիւնաբերութիւն մըն է:
Ածխածինը, որ կարեւոր տարր է Երկրի վրայ, քարիւղի ածխաջրածիններու մօտ 85 առ հարիւրը կը կազմէ: Ածխածինը անընդհատ կը դառնայ ջուրին, հողին եւ մթնոլորտին միջեւ:
Ածխածինը կը ներծծուի բոյսերու կողմէ եւ իւրաքանչիւր կենդանի օրկանիզմի մէկ մասն է, երբ ան կը շրջի սննդային ցանցին մէջ: Ածխածինը բնականաբար կ՛արտազատուի հրաբուխներու, հողի քայքայման եւ շոգիացման միջոցով: Երբ ածխածինը կ՛արձակուի մթնոլորտի մէջ, անիկա կը ներծծէ եւ կը պահպանէ ջերմութիւնը` կարգաւորելով Երկիր մոլորակի ջերմաստիճանը եւ դարձնելով մեր մոլորակը բնակելի:

Երկրագունդի վրայ ածխածինի ոչ ամբողջ քանակը կը ներգրաւուի գետնին վերը գտնուող ածխածինի շրջանառութեան մէջ: Անոր հսկայական քանակութիւնը կը պահուի գետնի տակ` հանածոյ վառելանիւթի տեսքով եւ հողին մէջ: Այս անթեղուած ածխածինը անհրաժեշտ է, որովհետեւ հաւասարակշռուած կը պահէ Երկրի «ածխածնային պիւտճէ»-ն:
Սակայն այդ «պիւտճէ»-ի հաւասարակշռութիւնը հետզհետէ աւելի կը խախտի: Արդիւնաբերական յեղափոխութենէն ի վեր հանածոյ վառելանիւթերը կատաղի կերպով արդիւնահանուած եւ այրուած են ուժանիւթ ստանալու համար: Ասիկա դուրս կը բերէ այն ածխածինը, որ թաղուած էր գետնի տակ, եւ կը խաթարէ ածխածինի «պիւտճէ»-ն: Այս մէկը կ՛ազդէ մեր օդին, ջուրի որակին եւ ընդհանուր կլիմային վրայ:
Թայկան, օրինակ, հսկայական քանակութեամբ ածխածին կը կուտակէ իր ծառերուն մէջ եւ անտառի գետնին տակ: Քարիւղի բնական աղբիւրներ գտնելու համար հորատումը ոչ միայն կ՛արտանետէ հանածոյ վառելանիւթերու մէջ կուտակուած ածխածինը, այլ նոյնիսկ` անտառին մէջ պահուած ածխածինը:
Յատկապէս այրումը պենզինի, որ պատրաստուած է քարիւղէ, վնասակար է շրջակայ միջավայրին համար: Իւրաքանչիւր 3,8 լիթր (մէկ կալոն) էթանոլ չպարունակող պենզին, որ կ՛այրի ինքնաշարժի շարժակին մէջ, շրջակայ միջավայրին մէջ կ՛արտանետէ մօտ ինը քիլոկրամ ածխածինի երկօքսիտ: (10 առ հարիւր էթանոլով ներարկուած պենզինը կ՛արտանետէ մօտ ութ քիլոկրամ): Տիզելային վառելանիւթը կ՛արտանետէ մօտ տասը քիլոկրամ ածխածինի երկօքսիտ:
Պենզինն ու տիզելը նոյնպէս ուղղակիօրէն կ՛աղտոտեն մթնոլորտը: Անոնք կ՛արտանետեն թունաւոր միացութիւններ, որոնց կարգին են ֆորմալտեհիտն ու պենզոլը:
Մարդիկ եւ քարիւղը
Քարիւղը ժամանակակից քաղաքակրթութեան հիմնական բաղադրիչն է: Զարգացող երկիրներու մէջ մատչելի ուժանիւթի հասանելիութիւնը կրնայ ուժ տալ քաղաքացիներուն եւ յանգեցնել կեանքի աւելի բարձր որակի: Քարիւղը կ՛ապահովէ փոխադրութեան վառելանիւթ: Այդ շատ մը քիմիական նիւթերու եւ դեղամիջոցներու մէկ մասն է եւ կ՛օգտագործուի կարեւոր իրեր պատրաստելու համար, ինչպիսիք են սրտի փականները, արհեստական աչքի ոսպնեակները եւ վիրակապերը: Քարիւղի պաշարները կը ներգրաւեն արտաքին ներդրումներ եւ կարեւոր են երկիրներու ընդհանուր տնտեսութեան բարելաւման համար:
Այնուամենայնիւ, զարգացող երկրի քարիւղի հասանելիութիւնը կրնայ նաեւ ազդել պետութեան մը եւ անոր ժողովուրդի միջեւ ուժային յարաբերութիւններու վրայ: Որոշ երկիրներու քարիւղի հասանելիութիւն ունենալը կրնայ պատճառ դառնալ, որ կառավարութիւնը աւելի քիչ ժողովրդավարական դառնայ. Իրավիճակ մը, որ կը կոչուի «քարիւղային բռնատիրութիւն»:
«Քարիւղի գագաթնակէտ»
Քարիւղը չվերականգնուող աղբիւր է, եւ միշտ չէ քարիւղի համաշխարհային պաշարները, որ բաւարար կ՛ըլլան քարիւղի համաշխարհային պահանջարկը ապահովելու: Քարիւղի գագաթնակէտը այն կէտն է, երբ քարիւղի արդիւնաբերութիւնը կ՛արտահանէ հնարաւոր քանակութեամբ առաւելագոյն քարիւղի պաշարները: Քարիւղի գագաթնակէտէն ետք քարիւղի արդիւնահանումը միայն կը նուազի: Քարիւղի գագաթնակէտէն ետք տեղի կ՛ունենայ արդիւնահանման անկում եւ մնացած մատակարարումներու համար ծախսերու աճ:
Դժուար է գիտնալ քարիւղի գագաթնակէտի ճշգրիտ տարին: Որոշ երկրաբաններ կը պնդեն, որ այդ մէկը արդէն անցած է, մինչդեռ ուրիշներ կը փորձեն հաստատել, որ արդիւնահանման արհեստագիտութիւնը տասնամեակներով պիտի յետաձգէ քարիւղի գագաթնակէտը: Շատ մը երկրաբաններ կը կարծեն, որ քարիւղի գագաթնակէտին կրնանք հասնիլ 20 տարուան ընթացքին:
Քարիւղի այլընտրանքներ
Անհատները, արդիւնաբերողները եւ կազմակերպութիւնները աւելի ու աւելի մտահոգուած են քարիւղի գագաթնակէտին եւ անոր արդիւնահանման բնապահպանական հետեւանքներով: Որոշ ոլորտներու մէջ քարիւղի այլընտրանքներ կը մշակուին, եւ պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները կը խրախուսեն քաղաքացիները` փոխելու իրենց սովորութիւնները, որպէսզի մենք այդքան մեծ յոյս չկապենք քարիւղին հետ:
Կենսասֆալթները, օրինակ, ասֆալթներ են, որոնք պատրաստուած են վերականգնուող աղբիւրներէ, ինչպիսիք են `ռուփը (molasses), շաքարը, եգիպտացորենը եւ գետնախնձորի նշան (starch): Հակառակ անոր որ այս բոլորը պիթումի ոչ թունաւոր այլընտրանք են, կենսասֆալթները կը պահանջեն հսկայական բերքատուութիւն. բան մը, որ կը ծանրաբեռնէ գիւղատնտեսական արդիւնաբերութիւնը:
Ջրիմուռները (algae) նաեւ ուժանիւթի հսկայական աղբիւրներ են: Ջրիմուռի իւղը («կանաչ հումքը») կրնայ վերածուիլ կենսավառելանիւթի (biofuel): Ջրիմուռները չափազանց արագ կ՛աճին եւ կը կազմեն այլ կենսավառելանիւթերու հումքի օգտագործած տարածութեան մէկ մասը: Մօտ 38.849 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունեցող ջրիմուռները կ՛ապահովեն բաւարար կենսավառելանիւթ` փոխարինելու ԱՄՆ-ի քարիւղի բոլոր կարիքները: Ջրիմուռները կը ներծծեն աղտոտուածութիւնը, թթուածին կ՛արձակեն եւ քաղցրահամ ջուր չեն պահանջեր:
Շուէտը առաջնահերթութիւն դարձուցած է մինչեւ 2020 թուական քարիւղէն եւ այլ հանածոյ վառելանիւթի ուժանիւթէն իր կախուածութիւնը կտրուկ կերպով նուազեցնելը: Գիւղատնտեսութեան, գիտութեան, արդիւնաբերութեան եւ անտառային տնտեսութեան փորձագէտները միաւորուած են` զարգացնելու կայուն ուժանիւթի աղբիւրները, ներառեալ` հողմակայանները, ալիքային եւ արեւային ուժանիւթը եւ կենսավառելանիւթը` երկձեւ աշխատելաոճ ունեցող ինքնաշարժներու համար: Ժողովուրդի սովորութիւններու փոփոխութիւնները, ինչպիսիք են հասարակական-հանրային փոխադրութեան զարգացումը եւ գործարքի համար վիտէօ կապով խորհրդաժողովները, նոյնպէս քարիւղի օգտագործումը նուազեցնելու ծրագրին մաս կը կազմեն:
Իրողութիւններ.-
Քարիւղի յառաջատար սպառողները
- Միացեալ Նահանգներ
- Չինաստան
- Ճափոն
- Հնդկաստան
- Սէուտական Արաբիա
Քարիւղի յառաջատար արտադրողները
- Սէուտական Արաբիա
- Ռուսիա
- Միացեալ Նահանգներ
- Իրան
- Չինաստան
Ապացուցուած պաշարներ
Այս երկիրները ունին աշխարհի ամենամեծ ապացուցուած քարիւղի պաշարները.
- Սէուտական Արաբիա
- Վենեզուելլա
- Քանատա
- Իրան
- Իրաք
(1) Սարքաւորում, որ կը բաժնէ (կը թորէ) խառնուրդը տարբեր մասերու` հիմնուելով անոնց ցնդականութեան (իրավիճակ, երբ նիւթը կը գոլորշիանայ) տարբեր պայմաններուն վրայ: