ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Նախորդ մասին մէջ կրկին շեշտը դրուեցաւ, որ հայ անհատը պէտք է իր մայրենի լեզուն` հայերէնը օգտագործէ: Նորագոյն գիտական հետազօտութիւնները փաստեցին անհատի մը համար իր մայրենի լեզուով լեզուամտածողութեան կարեւորութիւնը, քանի որ տուեալ լեզուի մը միջավայրին մէջ ծնած եւ այդ լեզուն գործածած ծնողքէ մը սերած ու ժառանգած մարդկային ուղեղին ներքին բաժանմունքներուն միջեւ կապը մայրենի լեզուին հետ առնչութիւն ունի եւ բոլորովին կը տարբերի լեզուէ լեզու: Գիտական փորձը կատարուած է 47 մայրենին արաբերէն եւ 47 գերմաներէն եղող անձերու վրայ: Այլ խօսքով, մայրենի լեզուին գործածութիւնն է, որ անձի մը ուղեղին հեզասահ աշխատանքը կ՛ապահովէ իր միտքը արտայայտելու եւ շարադասութեան ժամանակ:
Վերի նկարը Մաքս Փլանքի Ալֆրետ Անվանտըրի խումբին հետազօտութեան արդիւնքներէն է, որ ցոյց կու տայ ուղեղ-մայրենի լեզու տարբերութիւնները: Ձախին մայրենին գերմանախօսի մը ուղեղն է, իսկ աջին` արաբախօսի մը: Կը նկատենք, որ շարադասութեան ժամանակ անոնք ուղեղային բոլորովին տարբեր ուղիներով լեզուական, լեզուամտածողական ցանցեր կը գործածեն (1): Մինչ գերմանախօսին պարագային ուղեղին միայն ձախ կիսագունդը կ՛օգտագործուի, իսկ արաբախօսին պարագային` ձախ, կեդրոն եւ աջ: Իբրեւ հին լեզու` մայրենին հայերէն եղողին պարագային արդեօք պատկերը ի՞նչ է…
Նախորդիւ նշուած «Սփիւռքահայուն ձեռագիրք»-ին մէջ պէտք է ներառել նաեւ` 1) Յատուկ բաժին մը յատկացնել հայերէնի ուսուցման անհրաժեշտ միջոցներուն` ինքնազարգացումի եւ առցանց դպրոցներու հասցէներ, ներառեալ` «Նայիրի» առցանց բառարաններուն: 2) Այբուբենը եւ հայերէն խօսելու ու կարդալու նպաստող ամէնօրեայ պիտանի անհրաժեշտ հայերէն բառեր եւ ուղեցոյց:
Կարեւորութեամբ կը կրկնեմ յօդուածաշարքիս Զ. մասին մէջ նշուած հայերէն պարզ ու դաստիարակչական երկու «խաղերը», կը մէջբերեմ. «… 30 յունուար 2022-էն ի վեր ամէն առաւօտ «Բառիկ» անունով բջիջային հեռաձայնի ձրի խաղը կը խաղամ (2), որ վեց փորձով պէտք է օրուան հինգ տառերով պահուած բառը կռահեմ: Ահաւասիկ` հայերէն լեզուական փոքր «պարտականութիւն» մը, որ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ գտնուի, կրնայ կատարել` խաղալ, «Նայիրի» առցանց բառարանը նաեւ օգտագործելով, եթէ պէտք ունենայ: Երկրորդը վերջերս լոյս տեսած «Համազգային»-ի «Մտամարզ» (3) ձրի բջիջային հեռաձայնի հայկական նիւթերու եւ ընդհանուր զարգացման հարցում-պատասխան հիանալի խաղն է` բոլոր տարիքներու յարմար»: Գործնական առաջարկ թիւ 10. Օգտագործել հայերէնի գործածութեան սատարող համակարգչային եւ համացանցային միջոցներ: Ստորեւ ուղեցոյց մը հայերէնով համակարգիչ գործածելու` կարդալու եւ գրելու, մանաւանդ անոնց համար, որոնց համակարգիչը բնա՛ւ հայերէն միջոցներով չէ օժտուած:
- «ՆԱՅԻՐԻ» կայքէջը (4) 132 բառարաններու, ուղղագրիչ-սրբագրիչներու, հայերէն ստեղնաշարերու եւ հայերէն տառատեսակներու հրաշալի աղբիւր մըն է, որուն միջոցով նախ որեւէ տեսակի համակարգիչներուդ եւ հեռաձայնիդ մէջ կրնաս հայերէն ստեղնաշար եւ զանազան հայերէն տառատեսակներ (Fonts) մտցնել:
Կը մէջբերեմ 30 յուլիս 2015-ին լոյս տեսած «Հայերէնը պահպանելու եւ վերականգնելու գործնական առաջարկներ» (5) յօդուածէս. «Լեզուական հարցերու վերաբերեալ արհեստական եւ բռնազբօսիկ (անբնական) փոփոխութիւններու առաջադրանքը հայերէնը «դիւրացնելու», «մատչելի դարձնելու» նպատակով` խիստ վիրաւորական է հայ մարդուն իմացականութեան: Ճատրակի վարպետներու իր թիւին համեմատ աշխարհի բարձրագոյն տեղը գրաւող, ասեղնագործի նման խաչքարեր քանդակող, գիտութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններու ծնունդ տուող ժողովուրդին համար դժուար բան գոյութիւն չունի, մանաւանդ` հարազատ մայրենի լեզուն սորվելու եւ անով ստեղծագործելու պարագային»: Մի՛այն ՕՐԻՆԱՒՈՐ ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ, ՍՈՐՎԻԼ:
«Ներկայ աշխարհին տիրապետող անգլերէ՞նը դիւրին եւ մատչելի է: Երբ դանակը knife (քնայֆ) կը գրեն, բայց nayf (նայֆ) կը հնչեն, աղջիկ զաւակին daughter (տաուկհթըր) կը գրեն, բայց doter (տոթըր) կը հնչեն, օրինակները բազմաթիւ են:
Առաջին գործնական առաջարկս է` ապահովել եւ հայ ժողովուրդին օգտագործելի դարձնել հայերէն տառերով համակարգիչի ստեղնաշար, որ մինչեւ օրս գոյութիւն չունի, եւ կպչուն տառերով է, որ հայերէն ստեղնաշար կը պատրաստենք»:
Դժբախտաբար մինչեւ օրս համակարգիչի հայերէն ֆիզիքական ստեղնաշար չգտնուիլը պատճառներէն մէկն էր, որ հայեր սկսան լատինատառ կամ ռուսատառ հայերէնով նամակցիլ համացանցի միջոցով, որ արագօրէն «նոր ու աւերիչ լեզուներ» ստեղծեց` աղաւաղելով հայերէնը: Անհաւատալի, բայց` իրաւ. Հայաստանի մէջ հազարաւոր պետական, վարչական, կրթական եւ անձնական սեղանի համակարգիչներ կը գործածուին, որոնց ստեղնաշարերը ՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՌԵՐՈՎ ՉԵ՛Ն ՕԺՏՈՒԱԾ… Գործածողը պէտք է տառերուն կոճակները գոց սորվի, կամ կպչուն հայերէն տառեր փակցնէ: Ինչո՞ւ… Եւ այս` մինչեւ 2018-ի ամառը, վերջին այցելութիւնս Հայաստան:
Հակառակ անոր որ 2017-ին կայքէջ մը կ՛ըսէր. «Հայ-405 ստեղնաշարը կարելի է գնել` GoSmart 33 Sayat-Nova Ave, կամ` SAM-Computers 20/48 Saryan str»-էն, նկար 10 (6): Սայաթ Նովա պողոտայի բոլոր 5-6 համակարգիչ վաճառող խանութները եւ Երեւանի մէջ այլ խանութներ չէին լսած այդ մասին, թէեւ անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Չեմ տեսած, բայց պէտք է գոյութիւն ունենայ»… Չեմ գիտեր եթէ այժմ կարելի՞ է գտնել հայերէն ստեղնաշարեր, թէ՞ ոչ:
«Արեւմտահայերէնը` խօսիլ, գրել, կարդալ. համակարգիչը եւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը» (7) 6 օգոստոս 2016-ի յօդուածէս կը մէջբերեմ. «Այս պարագային ալ ունինք երկու շարուածք` դասական գրամեքենայի եւ հնչիւնային` «Ֆոնեթիք», որ կը համապատասխանէ անգլերէնի հնչումին. այսպէս` Ա-A, Զ-Z, սակայն Ը, Խ, Ծ, Ձ, Ղ, Շ, Չ, Ջ, Ց, Ւ տառերուն, ինչպէս նաեւ նմանաձայն տառերէն ոմանց համապատասխան անգլերէն տառեր չգտնուելուն` անոնք կը զետեղուին այլ կոճակներու վրայ: Իսկ տառերու հնչումի տարբերութեան պատճառով արեւելահայերէն «Ֆոնեթիք» ստեղնաշարը նաեւ տարբեր շարուածք ունի: Նախընտրելի է դասական մեքենագիրի շարուածքը, որ օգտագործելի է հայերէնի երկու ճիւղերուն համար, այս ձեւով գոնէ գործնական «միասնութիւն» մը կը կարենանք կիրարկել»:
«Համակարգիչը եւ համացանցը այժմ արեւմտահայերէն գրելու համար հսկայական դիւրութիւններ եւ «գործիքներ» կը տրամադրեն, այն ալ վճարովիի կողքին` ձրիօրէն: Համակարգչային գրելու ձրի ծրագիրը` «LibreOffice Writer» (7), (այս նորագոյն` 7.5.4 տարբերակն է, որ կրնայ չյարմարիլ հին համակարգիչներուն, ուստի հին տարբերակը` 5.0 ներբեռնել այստեղ (9)), որ կրնայ փոխարինել «Word» ծրագիրը եւ փոխադարձաբար կարելի է ընդօրինակել` «copy paste» ընելով մէկէն միւսին ու կարեւորագոյնը` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն ուղղագրութեան ձրի սրբագրիչ HySpell 3.0 կ՛ընդունի (10), որ կարելի է ներբեռնել «Նայիրի» կայքէջէն: Սակայն այս սրբագրիչը երբեմն, սխալին փոխարէն, արեւելահայերէն բառեր ալ կը թելադրէ. այս պատճառով ուշադիր պէտք է ըլլալ: Թելադրելի է, որ բոլոր գրողները, մանաւանդ հրատարակչատուները, օգտուին այս դիւրութիւններէն` առնուազն խուսափելու համար ուղղագրական սխալներէ»:
Մեծ օգտակարութիւն ունի «Նայիրի»-ի HySpell-ին 39 էջ ուղեցոյցը, որ կը թելադրեմ ներբեռնել այստեղէն (11):
Վերջերս «Word» ծրագիրին համար ալ ձրի սրբագրիչ մը պատրաստուեցաւ, սակայն «LibreOffice Writer»-ին նման ինքնաբերաբար սխալ բառին տակ կարմիր գիծով ցոյց չի տար սխալը, այլ դուն, եթէ կը կասկածիս, որ սխալ գրած ես, կ՛ընտրես բառը եւ «Review» կոճակը սեղմելով` կ՛երեւի ԱԲԳ կոճակը, որ սեղմելով` աջին սիւնակ մը կը բացուի, եւ հոն կ՛երեւին բոլոր այլընտրանք բառը(երը): Մինչ ԼիպըրՕֆիս «Write»-ը ուղղակի կ՛առաջարկէ սխալին նմանող բառերը եւ ճիշդին վրայ սեղմելով` ինքնաբերաբար կը սրբագրէ:
Կը մէջբերեմ 23 դեկտեմբեր 2021-ի յօդուածէս` «Անդրադարձ. արեւմտահայերէնը` թուայնացած. համակարգիչը եւ հայերէնը «Ազդակ»-ի 41-րդ լսարանին առիթով» (12), ուր կը թուեմ համակարգիչով հայերէնի գործածութեան պատմական փուլերը եւ տակաւին գոյութիւն ունեցող թերիները` սրբագրիչներ, տողադարձ, տպագրական մարզի դժուարութիւնները եւ այլն. «Զարմանալի է, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ «ՏՏ ոլորտով» եւ «Թումօ» կեդրոններով անդադար կը հպարտանանք, սակայն հայերէն գրելու դիւրին միջոցը` ստեղնաշարը տակաւին չունինք… Համակարգիչի եւ թուայնացման այս տարիներուն շատ ետ մնացած ենք հայերէն գրելու եւ հրատարակելու ծրագիրներուն եւ միջոցներուն մէջ: Հայերէնի տողադարձի ծրագիր մը պատրաստուած է, սակայն անոր կիրարկումը ձեռքով շարելէն աւելի ժամանակ կը խլէ ու գործնական չէ»:
Տակաւին քերականական սրբագրիչ չունինք, եւ կ՛առաջարկէի. ««Ազդակ»-ի այս տեսական լեզուական թուայնացման լսարանին կողքին անհրաժեշտ է նաեւ լսարաններ կազմակերպել` համակարգչային մասնագէտներու մասնակցութեամբ, լուծումներ գտնելու հայերէնի համակարգչային գործածութեան թերիներուն մասին եւ լուծումներ որոնել, որոնք, վստահ եմ, բնաւ մեր կարողութիւններէն վեր չեն»:
Ըստ երեւոյթին, այս փափաք-առաջարկս իրականացած է եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ, աշխարհի զանազան կողմերէն 20 մասնագէտներ, որոնք 30 եւ 31 մայիս 2023-ին ծրագրեցին Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնին մէջ, երկօրեայ աշխատաժողովի մը ընթացքին: 19 յունիս 2023-ին «Առաջատար թեքնաբանութիւնը եւ հայերէն լեզուն» «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին լուր-յօդուածը կ՛աւետէ (13). «2023-ի այս աշխատանքային հանդիպումին յստակացան որոշ կիրարկելի քայլեր, ներառեալ` թուային տուեալներու մեծ եւ կեդրոնացած շտեմարաններու գոյացումը, բաց եւ հասանելի քոտերով. քերականական գործիքներու, առցանց թարգմանիչներու, խօսքէն գրութիւն եւ գրութենէ խօսքի (ձայնի*) վերածող գործիքներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ` խորհրդատուական մարմինի ձեւաւորումը, որ փորձագիտական խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ նշեալ նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ»: Յաջողութիւն եւ բարի երթ կը մաղթենք ձեզի:
25 յունիս 2023
Շար. 14/15* Լուսաբանութիւնները հեղինակին
- https://www.sciencedirect.com/science/article/pii/S1053811923001015?via%3Dihub#bib0071
- https://www.parig.xyz/
- https://hamazkayin.com/news/մտամարզ/
- http://www.nayiri.com/
- https://www.aztagdaily.com/archives/251631
- https://www.facebook.com/photo/?fbid=521582067966201&set=a.498270406964034
- https://www.aztagdaily.com/archives/308135
- https://www.libreoffice.org/download/download-libreoffice/
- https://libreoffice.informer.com/5.0/
- http://www.nayiri.com/hyspell-armenian-spellchecker-for-libreoffice?l=hy_LB
- http://www.hyspell.com/Docs/UserGuide.pdf
- https://www.aztagdaily.com/archives/533049
- https://www.aztagdaily.com/archives/584303