Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հայերէնը Պահպանելու Եւ Վերականգնելու Գործնական Առաջարկներ

July 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Տեղեկանալով 29-30 յուլիս 2015-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի ինստիտուտի  կազմակերպած «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» համաժողովին մասին http://www.mindiaspora.am/am/eventscalendar/261, ուր պիտի արծարծուին`

«1.-  Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառոյթի, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ,

2.-  Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ,

3.- Հայերէնի առաջ ծառացած մարտահրաւէրներ»:

Առաջին ակնարկով, նախ անտրամաբանական երեք երեւոյթ կ՛ուզեմ մատնանշել: Առաջինը` հրաւիրող կողմերէն մէկուն անուան մէջ կայ օտար ինստիտուտ բառը, որուն հայերէնը հիմնարկ է, մանաւանդ որ այս հիմնարկը կը զբաղի լեզուական հարցերով:

Երկրորդը` ո՞ր արեւելահայերէնի մասին է ակնարկութիւնը, Րաֆֆիի եւ իրանահայութեան կողմէ՞ գործածուողին, թէ՞ Մանուկ Աբեղեանի եւ խորհրդային վարչակարգի կողմէ պարտադրուած փոխուած ուղղագրութեամբ եւ ներկայիս Հայաստանի մէջ գործածուող աղաւաղուած լեզուին:

Երրորդը` մերձեցման խնդիրներ եզրը, որ ըստ էութեան աներեւակայելի է նոյնիսկ:

Լեզուական հարցերու վերաբերեալ արհեստական եւ բռնազբօսիկ (անբնական) փոփոխութիւններու առաջադրանքը հայերէնը «դիւրացնելու», «մատչելի դարձնելու» նպատակով` խիստ վիրաւորական է հայ մարդուն իմացականութեան: Ճատրակի վարպետներու իր թիւին համեմատ աշխարհի բարձրագոյն տեղը գրաւող, ասեղնագործի նման խաչքարեր քանդակող, գիտութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններու ծնունդ տուող ժողովուրդին համար դժուար բան գոյութիւն չունի, մանաւանդ` հարազատ մայրենի լեզուն սորվելու եւ անով ստեղծագործելու պարագային:

Ներկայ աշխարհին տիրապետող անգլերէ՞նը դիւրին եւ մատչելի է: Երբ դանակը knife (քնայֆ) կը գրեն, բայց nayf (նայֆ) կը հնչեն, աղջիկ զաւակին daughter (տաուկհթըր) կը գրեն, բայց doter (տոթըր) կը հնչեն, օրինակները բազմաթիւ են:

Առաջին գործնական առաջարկս է` ապահովել եւ հայ ժողովուրդին օգտագործելի դարձնել հայերէն տառերով համակարգիչի ստեղնաշար, որ մինչեւ օրս գոյութիւն չունի, եւ կպչուն տառերով է, որ հայերէն ստեղնաշար կը պատրաստենք:

Արեւմտահայերէնի պարագային, վերջերս կատարուած կարգ մը  «մերձեցումները» «անոյշ»-ը «անուշ»-ով փոխարինող (ընդհանրապէս «ոյ»-ին «ու»-ի վերածող), բառի մը վերջաւորութեան «է» տառը «ե»-ով փոխարինող եւ այլ փոփոխութիւնները անտեղի եւ քաոսային հետեւանք կ՛ունենան ներկայիս: Քանի որ նուազագոյն պարագային, խոտոր կը համեմատի գոյութիւն ունեցող հսկայական գրական աւանդին հետ:

Արեւելահայերէնի (խորհրդային) պարագային, տրամաբանական է, որ ի վերջոյ պէտք է վերացնել օտարին կողմէ պարտադրուած բոլոր տեսակի բռնազբօսիկ եւ ազգային արժէքները ոտնակոխ ըրած միջամտութիւնները հանգրուանային ծրագիրով մը, համակարգիչի լեզուով «undo»-ներու հսկայ շարքով մը, որ միայն լեզուական հարցերու չի վերաբերիր: Այս աշխատանքը պէտք է ստանձնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմինները: Յստակ է, որ այս խոտոր իրավիճակին գոյութիւնը բացայայտ չէ Հայաստանի քաղաքացիին համար, որ խորհրդային շրջանին ծնած եւ մեծցած է «Աբեղեանի» լեզուով:

Կ՛առաջարկեմ, որ սրբագրութեան արշաւը սկսելու համար պատկան մարմինները նախ սրբագրեն եւ հայերէն անունով փոխարինեն պետականութեան եւ ազգային հաստատութիւններու հետ կապուած բոլոր օտար բառերը` վերականգնելով հայկականը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 18 նախարարութիւններէն հետեւեալ եօթը նախարարութիւններուն անուններուն մէջ կան օտար բառեր, եւ զարմանալիօրէն անոնց համապատասխանող հայերէն բառեր արդէն գոյութիւն ունին: Ստորեւ` ներկայիս գործածուող նախարարութեան անունը, եւ տակը` առաջարկուած անաղարտ հայերէն անունը:

1.- «Միջազգային տնտեսական ինտեգրման  եւ բարեփոխումների նախարարութիւն»:

«Միջազգային տնտեսական լրացնումի եւ բարեփոխումների նախարարութիւն»:

2.- «Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարութիւն»:

«Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերի նախարարութիւն»:

3.- «Էկոնոմիկայի նախարարութիւն»:

«Տնտեսութեան նախարարութիւն»:

4.- «Էներգետիկայի եւ բնական պաշարների նախարարութիւն»:

«Ուժանիւթի եւ բնական պաշարների նախարարութիւն»:

5.- «Սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարարութիւն»:

«Մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարարութիւն»:

6.- «Տրանսպորտի եւ կապի նախարարութիւն»:

«Փոխադրութեան եւ կապի նախարարութիւն»:

7.- «Ֆինանսների նախարարութիւն»:

«Ելեւմտական (հարցերի) նախարարութիւն»:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր կան վեց մարմիններ, որոնց երկուքը կը պարունակեն օտար բառեր:

1.- «Անշարժ գոյքի կադաստրի պետական կոմիտէ»:

«Անշարժ գոյքի կալուածագրական պետական կոմիտէ»:

2.- «Քաղաքացիական ավիացիայի գլխաւոր վարչութիւն»:

«Քաղաքացիական սաւառնումի գլխաւոր վարչութիւն»:

Ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ ենթակառոյցներու եւ հաստատութիւններու անունները, որոնք կը պարունակեն օտար բառեր, օրինակ` տիվիզիա = բաժանմունք, ասոցիացիա = ընկերակցութիւն … եւ այլն:

Կարելի չէ եւ պէտք չէ կրկնել մէկ հրահանգով սրբագրութիւն կատարելու խորհրդային վարչակարգի սխալը: «Ճատրակի վարպետներու իր թիւին համեմատ աշխարհի բարձրագոյն տեղը գրաւող, ասեղնագործի նման խաչքարեր քանդակող, գիտութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններու ծնունդ տուող ժողովուրդին համար դժուար բան գոյութիւն չունի»: Վստահ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմինները աւելի լրջութեամբ մօտենան համազգային խորք եւ նշանակութիւն ունեցող նման հարցերու` աստիճանաբար եւ հմտութեամբ վերականգնելով հարազատը` հայկականը:

27 յուլիս 2015

Նախորդը

Ծառուկեանը` Լուսարձակի Տակ. Հայրենի Գործարարը Կէս Միլիոն Տոլար Է Նուիրում Անթիլիասին, 100 Հազար` Պէյրութի Ազգային Վարժարանին

Յաջորդը

Զոյգ Աշխարհաբարներու Մերձեցման Միտումով

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.