Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաֆրաստեան. «Թուրքիոյ‘ Դէպի Արեւմուտք Ձգտումը Կը Յանգեցնէ Ռուսիոյ Քաղաքականութեան Կոշտացումին»

Յուլիս 13, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան NEWS.am-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա կը փորձէ քաղաքական իր ուղղութիւնը թեքել դէպի Արեւմուտք՝ միաժամանակ պահել փորձելով Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները:

«էրտողան կը սկսի իր առեւտուրի հիմնական փուլերէն մէկը՝ առաջնահերթաբար ԱՄՆ-ի հետ: Պայտընի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, խօսք դարձած է նաեւ Եւրոմիութեան անդամակցելու մասին: Տեղի կունենայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հերթական ուղղորդումը դէպի Արեւմուտք: Էրտողանի կառավարման յատկապէս վերջին շրջանին ատիկա յաճախակիօրէն կը նկատուէր: Պատճառը ակնյայտ է՝ բան մը բրցնել, օգտուիլ, սակայն Թուրքիան չի հրաժարիր նաեւ Ռուսիոյ հետ իր ունեցած յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակէն, որովհետեւ ան շատ օգտակար է իրեն: Էրտողան ասիկա կը կատարէ բաւական վարպետօրէն», յայտնեց Սաֆրաստեան:

Թրքագէտին խօսքով՝ նման քաղաքականութեան պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի դերն է, որովհետեւ ան իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Եւրոպա եւ ներգրաւուած է ՆԱԹՕ-ի աշխատանքներուն մէջ:

«Չեմ կարծեր, որ միայն այդ պատճառով ընտրութիւնը  իր վրայ կեդրոնացած էր: Էրտողանի համար ամենակարեւորը այն է, որ ինք կը վստահի Ֆիտանին: Ան ըսած է, որ Ֆիտան կը պահպանէ իր անձնական գաղտնիքները եւ Թուրքիոյ գաղտնիքները: Էրտողան կը փորձարկէ Ֆիտանը եւ չեմ բացառեր, որ ա կը պատրաստէ Ֆիտանը որպէս իր յետնորդը», ընդգծեց Սաֆրաստեան:

Սաֆրաստեան  նկատել տուաւ, որ Ռուսիա տարբեր մակարդակներու վրայ արդէն դժգոհութիւններ կը յայտնէ Թուրքիոյ քաղաքականութեան նկատմամբ: Այդ դժգոհութիւնները աւելի կը սրին, երբ Թուրքիա աջակցի Ուքրանիոյ:

«Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ստորագրուած է ռազմատեքնիկական համաձայնագրութիւն, որով Թուրքիան կþօգտագործէ Ուքրանիոյ շարժիչներու կարելիութիւնները, որովհետեւ ինք կարողութիւն չունի նման շարժիչներ արտադրելու: Թուրքիան ալ ծանր զէնք կու տայ Ուքրանիոյ: Եւ այստեղ պատահական չէ, որ ռուս պատգամաւորներէն մէկը ըսած է, թէ հակամարտութեան մէջ Թուրքիան չէզոք դիրքէ հակառակ դիրք կþուղղուի: Ռուսական քաղաքականութեան մէջ ընդունուած է, որ սկիզբը ամէն բան ըսուի պատգամաւորներու բերնով: Երկու կողմերն ալ կը փորձեն պահպանել յարաբերութիւնները, սակայն Թուրքիոյ նման մարտավարութիւնը կրնայ յանգեցնել Ռուսիոյ քաղաքականութեան կոշտացման», ըսաւ Սաֆրաստեան:

Նախորդը

Կիրակոս Գույումճեանի «Իմ Երթը Երկաթին Հետ» Արաբերէն Գիրքին Շնորհանդէսը Տեղի Ունեցաւ Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԴ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցները, Կեդրոններուն Հետ Աշխուժ Կապեր Եւ Հայերէնի Հեզասահ Գործածութիւն

RelatedPosts

Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի Նորագոյն Գործերու Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի Նորագոյն Գործերու Ցուցահանդէս

Սեպտեմբեր 26, 2023
Հարցազրոյց` Պերճ Աբգարեանի Հետ. Բժշկական Քոնկրես Եւ Առաքելութիւն
Հարցազրոյց

Հարցազրոյց` Պերճ Աբգարեանի Հետ. Բժշկական Քոնկրես Եւ Առաքելութիւն

Սեպտեմբեր 23, 2023
«Կաշիով Ստեղծելու Արուեստ-Արհեստը`  Ապահով Ապագայի Մը Երաշխիքը»  «Ազակ»-ին Կ՛ըսէ Արփի Մանկասարեան
Հարցազրոյց

«Կաշիով Ստեղծելու Արուեստ-Արհեստը` Ապահով Ապագայի Մը Երաշխիքը» «Ազակ»-ին Կ՛ըսէ Արփի Մանկասարեան

Սեպտեմբեր 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In