Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թատերական Ակնարկներու Ընկալումը Քուլիսներու Ետին… Այլուր

Մարտ 28, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Նախերգանք.- Թատերական շրջանը շուտով կը սկսի, պատրաստութեան մէջ են առնուազն չորս թատրերգութիւններ: Շա՛տ բարի: Այժմ.

Հարկ է, որ համավարակը եւ ծանր տագնապներ մեզ մղեն վերատեսութեան: Վերաքննութեան կարօտ իմ բազում ընտրանքներու  շարքին են թատերական ելոյթներու շուրջ ակնարկները, զորս սկսայ գրել լիաժամ աշխատանքէ դադրելէ ետք` որպէս զբաղմունք, մտային մարզանք: Այդ յօդուածները պայմանականօրէն պիտի կոչեմ «քննադատական»: Պայմանականօրէն, որովհետեւ թատերագէտներու ակադեմական վերլուծումները ա՛յլ հարթակի վրայ կը գտնուին: Ցաւօք, նման ակնարկներու չեմ հանդիպած սփիւռքահայ թատերախումբերու կատարած ելոյթներուն շուրջ:

Արեւմուտքի մէջ, նախքան «պլոկային» եւ «թուիթըրային» ելոյթներու խառնիճաղանճ գրոհը, ինքզինք յարգող մամուլը կանոնաւոր անկիւն կը յատկացնէր թատերական ակնարկներու: Դրացի Թուրքիոյ մէջ լոյս կը տեսնէին ոչ նուազ քան չորս թատերական պարբերականներ, որոնց շարքին` Յակոբ Այվազի հրատարակած ժամանցային բնոյթի «Քուլիս»-ը (1946-1996), որ մեր տուն կը մտնէր, երբ կատուն Ճոն էր (1, 2): Վճարովի աշխատանքի մէջ գտնուող թատերական արհեստավարժ քննադատներու թիւը այժմ մեծապէս նուազած է: Նոյնիսկ Քանատայի նման նիւթապէս պարարտ եւ հոգատար պետութիւն ունեցող երկրի մէջ զանոնք կարելի է համրել մատի վրայ:

Անդրադարձներ.- Յօդուածներու կապակցութեամբ ինծի հասած են շարք մը կոշտ ակնարկութիւններ: Ոչինչ, սակայն, անոնց պարունակութեան մասին: Քննարկումի տրամադրութեան բացակայութիւնը ցաւոտ կերպով կը զգացուի «Մեր թատրոնը» համացանցային էջին վրայ, որ մօտ 12 տարի առաջ բեմադրիչ-դերասան Վարդան Մկրտչեան շնորհակալ միտքը ունեցած էր գոյացնելու` որպէս հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան հարթակ:

Հրապարակուած է անստորագիր մեղմ ու ցաւոտ բաց նամակ մը, որ մերժողական վերաբերմունքը կը վերագրէ յօդուածներու ոճին (3): Ոչինչ փոխուեցաւ, ցաւօք, ոճի ակներեւ մեղմացումէն ետք: Կ՛իմանամ, որ լիբանանահայ թատրոնի «ոսկեդարի» ընթացքին կը կազմակերպուէին քննարկումներ, որոնք, իրենց կարգին, զերծ չեն եղած կոպիտ արտայայտութիւններէ (4): Քննադատութեան հանդէպ թատրոնի մարդոց կեցուածքը ի սկզբանէ եղած է ժխտական: «Քրիթիք» բառի յունարէն արմատն է «քրիթէս», որ կը նշանակէ «դատել»: Հաւանաբար, ինչպէս առածը կ՛ըսէ, «այդտե՛ղ է թաղուած շան գլուխը»: Թատրոնի մարդոց ամբողջ ջանքը (յաճախ եւ` ամբողջ կեանքը) ուղղուած է գնահատանք ստանալու, հանդիսատես ունենալու: Պարզ է, որ նոյնիսկ անաչառ դատողութիւն մը պիտի ունենայ ոչ բարենպաստ մատնանշումներ: Այստեղ կը սկսի բախումը հաւաքականի եւ անհատականի միջեւ:

Պատմական.-

Եւրոպայի մէջ թատերական ակնարկներու լայն տեղ տուող ինծի ծանօթ առաջին պարբերականն է «Tattler» (տարաձայնող) երկշաբաթաթերթը (1709), որ երկու տարի ետք  վերածուեցաւ աւելի լուրջ եւ աւելի երկարակեաց «The Spectator»-ի (հանդիսատես)` «սրամտութեամբ բարոյախօսել» (իմա` քննադատել) նշանախօսքով: Աշխատակիցներէն մէկն էր «Կիւլիվերի ճամբորդութիւնները» վէպի ականաւոր հեղինակ, ընկերային բարքերու սուր քննադատ Ճոնաթան Սուիֆթ (1667-1745): Սուիֆթ, բոլոր միւս աշխատակիցներու նման, կը գործածէր Bickerstaff (վիճող պաշտօնեայ) ծածկանունը: Ուսանելի հարցում. ինչո՞ւ ԲՈԼՈՐԸ կարիք կը զգային ծածկելու իրենց ինքնութիւնը:

Որպէս բաղդատական` կարելի է յիշել, որ Ազգային  սահմանադրութեան հրապարակումէն ետք  Յ. Պարոնեան  հրատարակած է «Թատրոն» հանդէսը եւ անոր էջերուն վրայ սուր երգիծանքի ենթարկած` թատերական ելոյթները: Բանասէր Հրանտ Ասատուր (1862-1928) Պարոնեանը կոչած է «անգութ քննադատ»: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (5): Աւելի ուշ Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած են «Թատրոն»,  «Յուշարար», «Թատրոն եւ երաժշտութիւն» (1910) հանդէսները: Ասպարէզ մտած է թատերական քննադատներու հոյլ մը, որոնց շարքին` հեղինակաւոր Լէօ, որ պատմախօսութիւնը վերածեց քննական պատմագիտութեան:

Անգլիախօս մշակոյթի մէջ ակադեմական քննադատութեան սկիզբը կը համարուի բանասէր եւ թատերագիր Սամուէլ Ճեքսընի (1709-1784) հրատարակած լայնածաւալ աշխատութիւնը, որ կը կոչուէր «Բանաստեղծներու կեանքը» (Lives of the Poets 1781): Ի դէպ, բազմաթիւ բանաստեղծներ եղած են նաեւ թատերագիրներ: Արիստոտէլ  թատրոնի շուրջ մտքերը տեղադրած է իր «Փոէթիքս» (335 ն.ք) հատորին մէջ: Այս նիւթի մասին` այլ առիթով:

Օրինակներ.- Թատրոնի մարդոց քննադատութեան  եւ քննադատներու հանդէպ ժխտական ելոյթները հաւանաբար հին են այնքան, որքան` թատրոնը:

Կը պատմուի, որ 1663 թուականին մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Մոլիեռ քննադատի մը ըսած է. «Դուն կրնաս ատել իմ թատրերգութիւններս, բայց հանդիսատեսը կը սիրէ զանոնք, հետեւաբար լռէ՛»: Աւելի ուշ իր «Մարդատեացը» (le misanthrope, 1666) կատակերգութեան մէջ կ՛ականահարէ քննադատութեան հաւաստիութիւնը, երբ նոյն ելոյթին շուրջ  երկու քննադատներ կու տան երկու հակասական արժեւորումներ` ջրելով զիրար եւ առհասարակ թատերական քննադատութիւնը:

Իրլանտացի ականաւոր թատերագիր Շերիտընի  «Քննադատը» (The Critic, 1779) կատակերգութեան մէջ կը տեսնուին երկու ծիծաղաշարժ քննադատներ, որոնք պիտակած է «Dangle» (ճօճիլ)  եւ «Sneer» (ծամածուռ քամահրանք): Պիտակները կը նշեն քննադատներու երկդիմի եւ անհաճոյ վարմունքը:

Վակներ իր «Նիւրեմպերկի վարպետ երգիչը» (Die Meistersinger von Nurnberg, 1868) երկարաշունչ երգիծական օփերային մէջ ներառած է քննադատի կերպար մը, որ դաժան ծաղրանկարն է ապրող հրեայ քննադատի մը: Քննադատը (Հանս Լիք), որ որպէս չար կատակ հրաւիրուած էր բացումին, առաջին արարէն ետք հեռացած է սրահէն: Վակներ քննադատը ներկայացուցած էր իբրեւ Գերմանիոյ մէջ այդ ժամանակաշրջանի ամենաատելի չարամիտ կերպարը` հրեայ մը: Ի դէպ, Վակներ նացի վերնախաւի ամենասիրելի երաժիշտն էր:

Հռչակաւոր Թոմ Սթափփըրտի «Իսկական քննիչ Հաունտը» (Hound = բարակ, որսաշուն, 1968) (6) կատակերգութեան մէջ կը տեսնենք երկու քննադատներ, որոնք կը կոչուին Moon (լուսնէն ինկա՞ծ) եւ Birdboot (թռչուն-ոտք), եւ որոնք միամտաբար կ՛իյնան թատրոն-թատրոնի ձեւաչափով ծուղակի մը մէջ եւ կը դառնան մեղսակից, ապա` զոհ, անտեսուած դիակ:

Պեքեթի ծանօթ «Սպասելով Կոտոյին» թատրերգութեան բացման տեսարանին մէջ երկու գլխաւոր կերպարները փոխն ի փոխ զիրար կը նախատեն: Տեսարանը կ՛աւարտի Վլատիմիրի պարտութեամբ, երբ Էսթրակոն` որպէս ամենագերագոյն նախատինք, կը կոչէ «Crritic!»: Վլատիմիր կը խեղճանայ:

Արձանագրուած են բազմաթիւ անվայելուչ արտայայտութիւններ: Պիտի տամ միայն մէկը. կուռք թատերագիր Թրիսթան Պեռնար (1866-1947)  ըսած է` «Քննադատը կոյս մըն է, որ կ՛ուզէ Տոն Ժուանին սիրաբանութիւն սորվեցնել» (Ծանօթ. խօսքը իմ կողմէ մեղմաբանուած է):

Արձանագրուած է նաեւ դէպք մը, երբ անուանի դերասանուհի մը (որուն անունը ցաւօք չեմ յիշեր) ելոյթի ընթացքին բեմէն վար իջած եւ քննադատի մը ձեռքէն խլած է թուղթ-մատիտը, որովհետեւ անոր նոթագրութիւնը կը խանգարէր իր խաղարկութիւնը: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր դերասաններուն, որոնք աւելի քան տասնամեակ մը զսպած են իրենց զգացումները, վար չեն իջած բեմէն եւ…

Մետալին միւս երեսը.- Գտնուած են թատրոնի մարդիկ (պարզ է, որ ոչ դերասաններ), որոնք դրական կեցուածք ունեցած են քննադատութեան հանդէպ:

Անցեալ տարի մահացած բեմադրիչ եւ տեսաբան Փիթըր Պրուք կոչ կ՛ուղղէր քննադատներուն` մաքրելու իր հօր տաճարը:  «Քննադատը կը գտնուի թատրոնի ծառայութեան մէջ, երբ այդտեղէն  դուրս կը  հալածէ անատակները: Պրուքսի անգլերէն արտայայտութիւնը աւելի պատկերաւոր է`  «hounding out incompetence»: Այս կարելի է համարել «փոխադարձ կրակոց» ծանր հրետանիի կողմէ: Իր գահին հանգիստ բազմած Պրուք ի հարկէ ոչինչ ունէր կորսնցնելու:

Այլ տիտան մը` Թ. Ս. Իլիըթ (1888-1965), որ ոչ միայն հանճարեղ բանաստեղծ էր, այլ նաեւ` թատերագիր եւ գրաքննադատ, 1950 թուականին Հարվըրտ համալսարանի մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին անխնայ քննադատած, բզիկ-բզիկ ըրած է իր իսկ հեղինակած թատրերգութիւնները (7):

Օսքար Ուայլտ (1854-1900), որ, ինչպէս` Իլիոթ, Պրեխթ, Շէյքսփիր եւ շարք մը այլ հանճարեղ մարդիկ` բանաստեղծ-թատերագիր էր, ունի հետաքրքրական, թերեւս վիճելի, բայց ուսանելի մօտեցում: Ուայլտ քննական ակնարկը կը նկատէ որպէս ինքնըստինքեան  անկախ աշխատանք: Ելոյթը այս պարագային առիթ ընծայած կ՛ըլլայ, որ ակնարկին հեղինակը արծարծէ իր մտածումներն ու դրոյթները: Այդ փորձութեան որպէս հետեւանք` կարգ մը ակնարկներ գրաւած են օրաթերթի չորս տպագիր էջ (8): Նման ցուցամոլական շեղումներ շատ հաւանաբար զգայնութիւն  յառաջացուցած են: Այս ուղղութեամբ ջերմ ընդունելութիւն չի գտներ նաեւ… սրախօսութիւնը: Mea Culpa (9):

Տեղագրական.- Այս յօդուածի սկզբնական գաղափարն էր յայտնաբերել այժմ գործող կամ անցեալին գործած թատերախումբերու ընկալումը եւ դիրքորոշումը թատերական ակնարկներուն հանդէպ:

Այս առաջադրանքով գրաւոր դիմեցի տասը բեմադրիչներու (որոնցմէ 6-ը կը տեսնուին վերի լուսանկարին մէջ): Երկար սպասումէ եւ յարատեւ հետապնդումէ ետք պարզուած պատկերը հետեւեալն է.

Չորս բեմադրիչներ դիմումին չպատասխանեցին:

Երեք բեմադրիչներ տուին լակոնական պատասխաններ`

1.- Վաչէ Ատրունի. «Չկայ թատերական քննադատութիւն, կան կարծիքներ»:
2.- Վարդան Մկրտիչեան. «Շատ դիւրին է ուրիշին զաւակը դաստիարակելը»:
3.- Զոհրապ Եագուպեան. «Լաւ ուսումնասիրեցէք մեր վերջին տարիներին գործակալութիւնը (sic)»:

Երեք բեմադրիչներ տուին պատասխաններ, որոնք ուղղակի առնչուած չեն որեւէ որոշ թատերախումբի.

1.- Յարութ Գնդունի.- Զատորոշել քննադատը թղթակիցէն: Հեռու մնալ «խնամիական» նախապաշարումներէ: Կը տեսնենք իրերանման, նոյն ոճով գրուած քլիշէ ակնարկներ, որոնք կարելի է դնել որեւէ ելոյթի տակ: Քննադատը պէտք է անվախ ըլլայ, որպէսզի յաջորդ ելոյթին թատերախումբը աւելի բծախնդրութեամբ մօտենայ գործին: Արուեստագէտները կրնան համաձայն ըլլալ կամ ոչ, քննադատը պէտք է իրականութիւնը ըսէ` առանց վիրաւորական ըլլալու: Իննսունական թուականներուն ունեցած ենք քանի մը լուրջ քննադատներ, ինչպէս` Լեւոն Թորոսեան, Արա Արծրունի, Գրիգոր Քէօսէեան եւ Բաբգէն Փափազեան:

2.- Սուրէն Խտըշեան. «Դարերու ընթացքին քննադատը եւ արուեստի մարդիկ իրարու հետ համաձայն չեն եղած: Իմ կարծիքովս, երկուքը զիրար կ՛ամբողջացնեն»:

3.- Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան (յապաւումով).  «Քննադատն է, որ կը բանայ ծալքերը թատերական երկին, հոն թաքնուած ենթաթեքստին, հեղինակին թելադրած խորհուրդին, ու տակաւին` դերակատարին կենսաւորած տիպարով պարզուող նոր երանգներուն, որոնք կը ծնին թատերախաղին մէջ, բայց կ՛իմաստաւորուին միայն բեմին վրայ` կատարողական արուեստով… Երբ քննադատութիւնը կառուցողական է, ան նոյնքան ստեղծագործական կրնայ ըլլալ, որքան` թատերական արուեստին միւս տուեալները»:

Լակոնական պատասխաններէն երկուքին կարելի է աւելցնել նոյն բեմադրիչներու այլ առիթով ունեցած ելոյթները:

Վ. Ատրունի Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով հրապարակուած իր «Ի՞նչ բան Է թատրոնը» խորագիրով յօդուածին մէջ («Ազդակ», 28 մարտ  2017) ըսած է. «Ներկայացման մը արժեչափը կ՛որոշէ ինքը` նորին գերազանցութիւն հանդիսականը: Գրախօսութիւնը կու գայ մի միայն սեփական կարծիք մը աւելցնելու ընդհանուր տրամադրութեան վրայ:… Ճիշդ պիտի ըլլար «Թատերական քննադատութիւն» բառակապակցութիւնը մէկդի դնել ու գրախօսականին տալ «Կարծիք կամ տեսակէտ» անուանումը: Չկան ի վերուստ բաշխուած ակադեմական օրէնքներ, որոնց համեմատութեամբ ըսուի, որ ներկայացուած գործը յաջող կամ անյաջող ընթացաւ: Դժբախտաբար չունեցանք թատերագէտը, որ ըստ արժանւոյն գնահատէր թատերական գործունէութեան ընթացքը»:

Վ. Մկրտիչեան, նոյն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի հանդիսավար, «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին բեմէն իր պատրաստած խօսքին ընթացքին սրտմտեցաւ, թէ տանջալից աշխատանքով ելոյթ մը բեմ հանելէ ետք թատրոնի մարդիկ կ՛ենթարկուին «տեղի-անտեղի» քննադատութեան (10):

Հուսկ բանք.- Տասը բեմադրիչներուն դիմած էի աւելի քան երկու ամիս առաջ` այն ակնկալութեամբ, որ թատրոնի մարդոց անդրադարձը ուսանելի կ՛ըլլայ «Քորոնա»-էն յարեալ թատերաշրջանի արժեւորումին: Արդիւնքը այն եղաւ, որ շնորհիւ պրպտումներու` այժմ աւելի տեղեակ եմ թատրոնի մարդոց եւ քննադատներու կնճռոտ յարաբերութեանց պատմութեան… արեւմուտքի մէջ, բայց դժբախտաբար` տակաւին նոյնքան անտեղեակ, թէ ինչպիսի՛ ընկալում կ՛ունենան հրապարակուած ակնարկները այստեղ, մեր թատերական խոհանոցներուն մէջ: Տպաւորութիւնս է, որ այդ արեւմտեան պատկերի մանրանկարն է` համեմուած անսակարկ «խնամիապաշտութեամբ»:

Պէտք է յուսալ, որ վերաքննութեան ոգին կը համակէ բոլորս:

Կ՛իմանամ, որ խոհանոցին մէջ գտնուող թատրերգութիւններէն չորսը նոր ու հին թեթեւ կատակերգութիւններ են: Անոնց պիտի հակադրուի «սարսափի թատրերգութիւն» մը, ուր ահաւոր վտանգը կը ներկայանայ  ոչ յանձին մեր աւազակաբարոյ իշխանաւորներու կամ արիւնարբու օտար թշնամիի, այլ` Անգլիոյ մշուշապատ ու ճախճախուտ մէկ անկիւնին մէջ դարանակալ անդրշիրիմեան վրիժառու էակի մը: Պիտի փափաքէի, որ ընտրուած թատրերգութիւնները մեզ մղէին գոյութենական հարցադրումներու, բայց` ի՛նչ արած: Թերեւս հարկ է ձգել թատերախումբերը, որ  ստեղծագործեն առանց «խանգարող» ներդրումներու: Միակ աններելի մեղքը կը մնայ մտաւոր ծուլութիւնը: Բարի՛ երթ: Ցգրութիւն` մինչ թատերաշրջանի աւարտ:

Շնորհաւոր Թատրոնի օր:

Մարտ 2023

 

  1. Հայրս եւ տարեց զարմիկս ներգրաւուած էին միութենական թատերախումբի մէջ: Քուլիսային անեկդոտները մեծ բաժին ունէին առօրեայ խօսակցութեան մէջ: Մեր նկուղը բեմայարդարումի պահեստանոցն էր:
  2. Այդ պարբերականներէն առնուազն երկուքը` «Թիաթրօ Տերկիսի» եւ «Միմեսիս», կը շարունակեն հրապարակուիլ թուային ձեւաչափով:
  3. Նամականի, «Ազդակ», 5 դեկտեմբեր 2018:
  4. Օրինակ, բեմադրիչ-դերասան Պ. Ֆազլեան, բժիշկ Բ. Փափազեանի քննադատութեան ակնարկելով, ըսած է` «Հասկացողութենէ զուրկ քննադատութիւն, որ կը մեռնի իր ծնած օրն իսկ»: «Զարթօնք», 3 մարտ 1968: Վարուժան Խտըշեան ունեցած է աւելի բուռն եւ կոշտ արտայայտութիւններ:
  5. Օսմանեան Բ. սահմանադրական շրջանին բեմադրուած թատերական համաճարակը «Ազդակ Բացառիկ», Նոր տարի, 2023:
  6. Որ, ի դէպ, Ակաթա Քրիսթիի «Մկան թակարդը» թատրերգութեան զաւեշտագրութիւնն է ( parody):
  7. Իլիըթ ունի առնուազն եօթը թատրերգութիւններ, որոնք բազմիցս բեմադրուած են:
  8. Տես, օրինակ, «Կոմիտաս եւ առասպելագրութիւն», «Ազդակ» 15, 16, 17, եւ 18 յունուար 2020:
  9. Mea culpa – Լատիներէն` «Իմ մեղքս», կ՛արտասանուի խոստովանանքի ընթացքին:
  10. Բեմադրիչ-դերասանը նուազ շրջահայեաց ակնարկութիւն ունեցած է իր «Մեր թատրոնը» կայքէջին վրայ: Այս ուղղութեամբ առանձին չէ: Զանց կ՛առնեմ, մեղմ ըսուած, «անբարեացակամ» աւելի քան վեց հրապարակային ակնարկներ:

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները

Յաջորդը

Տպաւորութիւններ Միջազգային Դաշնակահար Եւ Յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի Համերգէն

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?