ԻՓԷԿԵԱՆԱԿԱՆ
Շաբաթ, 24 նոյեմբերին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի Հրաչ Պարսումեանին գրած մէկ յօդուածը` նուիրուած լիբանանահայ ծանօթ թատերագիր Արա Արծրունիի «Մժեղը», թատերախաղին ներկայացման մասին:
Սոյն թատերախաղը վերջերս ներկայացուեցաւ «Collective de L՛ACT» թատերախումբին կողմէ` բեմադրութեամբ ծանօթ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Թատերախաղը ներկայացուեցաւ արաբերէն լեզուով` կատարողութեամբ լիբանանցի չորս արհեստավարժ դերասաններու:
Հրաչ Պարսումեանին յօդուածը կը քննարկէ սոյն ներկայացման բոլոր երեսները` թատերախաղը, թատերագիրը, բեմադրիչը, մեկնաբանութիւնը, կատարումը, երաժշտութիւնը, բեմայարդարումը, լուսաւորումը. այս գրութեանս նպատակը սոյն յօդուածով կատարուած քննարկման գնահատականը եւ արժեւորումը ընելը չէ, ոչ ալ` հոն արտայայտուած դրական թէ ժխտական հաստատումներուն մասնագիտական մօտեցումով կարծիք յայտնելը: Այդ մէկը կը ձգեմ թատերական արուեստի աւելի հմուտ եւ մասնագիտական մօտեցում ու կարողութիւն ունեցողներու, որոնք իրաւունքը ունին մասնագիտական առումով անդրադառնալու եւ վճռական եզրակացութիւններ ու հաստատումներ կատարելու թատերախաղի մը բաղկացուցիչ բոլոր երեսներուն` սկսելով թատերագիրէն, թատերախաղէն, բեմադրութիւնէն մինչեւ ձայնի ու լոյսի, կատարումի ու երաժշտութեան եւ բեմայարդարումին, հասնելով թատերախաղի գեղարուեստական ու գաղափարական, անոր բարոյախօսական` քաղաքական բոլոր ուղղութիւններուն մասին:
Հրաչ Պարսումեան տարիներէ ի վեր լիբանանահայ կեանքի մէջ ներկայացուած բոլոր թատերախաղերուն կ՛անդրադառնայ եւ երախտաշատ գործ կը կատարէ` մանրամասնութիւններով իրենց յետին քննարկման ու վերլուծման ենթարկելով զանոնք: Իմ կարծիքովս, շատ օգտակար աշխատանք մը, որ կոչուած է նպաստելու լիբանանահայ թատերական կեանքի որակական բարձրացման, որուն այնքան կարիքը ունի լիբանանահայ թատրոնը:
Լիբանանահայ թատրոնին մօտէն հետեւողները լաւ գիտեն, որ կը դիմագրաւենք լուրջ դժուարութիւններ` կապուած այս արուեստին զանազան երեսներուն, ըլլան անոնք բեմադրական, կատարողական թէ ներկայացուած թատերախաղերու բնոյթին ու ժամանակակից ըլլալուն եւ իբրեւ այդպիսին` այժմէականացման, իմա` արդիականացման դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` այդ առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւններու:
Դժուարութիւններ, որոնք մեծապէս կ՛առնչուին թատերասէր հանդիսատեսին կայացման ու պատրաստութեան:
Լիբանանահայ թատերախումբերու ներքին խոհանոցին ծանօթները շատ լաւ գիտեն, թէ բազմապիսի ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն քատրային մասնագիտական թէ նիւթական առումով:
Այս մատնանշումները չեմ ըներ ինքնարդարացման համար կամ ոեւէ հանդիսատեսէ կամ թատերական քննարկում կատարողէ ակնկալելով ներողամիտ մօտեցում կամ` քննադատական վերաբերմունքը կանխելուն կամ բարոյապէս ճնշելու համար:
Հիմնականին մէջ խօսքը կը վերաբերի Հրաչ Պարսումեանի բոլոր յօդուածներուն ու քննարկումներուն մէջ օգտագործուած ոճին, ըսելաձեւին ու մտայնութեան:
Հրաչ Պարսումեանը իր յօդուածներով, զորս տարիներէ ի վեր կը գրէ, լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ ընդհանուր մթնոլորտ ստեղծած է իր յօդուածներուն նկատմամբ: Այսօր լիբանանահայ թատերախմբերը` դերասանները, բեմադրիչները, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսները որոշ կանխատրամադրուածութեամբ կը կարդան յօդուածները Հրաչ Պարսումեան թատերական քննադատին: Տարիներու ընթացքին մարդիկ սկսան բաժնուիլ երկու հիմնական խումբերու. կամ բոլորովին կ՛անտեսեն ու չեն կարդար այդ յօդուածները, կա՛մ կարդալէ ետք համաձայն չեն ըլլար հոն տեղ գտած որոշ հաստատումներու: Ստեղծուած է մօտաւորապէս երկու զօրակայան, մէկ կողմէ Հրաչ Պարսումեան, իսկ միւս կողմէ` լիբանանահայ թատերական ընտանիքը` գրեթէ:
Վստահաբար Հրաչ Պարսումեանը օրեր կը տրամադրէ եւ լուրջ պրպտումի աշխատանք կը տանի յանուն լիբանանահայ թատրոնի ծաղկման ու բարգաւաճման: Վստահահաբար Հրաչ Պարսումեանը լիբանանահայ թատերախումբին բեմադրիչներէն յաւելեալ բծախնդրութեան եւ պատասխանատուութեան կանչելու խնդիր ունի, ինչ որ մեծապէս գնահատելի է եւ յառաջդիմելու գործօն է` ըստ էութեան:
Այս աշխատանքը իր ճիշդ նպատակին ծառայելու համար պէտք է կարդացուի, ընկալուի, վիճարկուի, քննարկուի, թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակման մակարդակին հասնի: Բայց այս բոլորը չեն պատահիր, քանի որ որոշ մթնոլորտ մը կը տիրէ պարզ այն պատճառով, որ Պարսումեանը իր հաստատումները կը կատարէ բացարձակով ու երբեմն` հեգնական տպաւորութիւն ձգող ոճով: Հոս է, որ արդէն ամէն ինչ կը խանգարուի, եւ փոխանակ արտայայտուած մտքին ճշգրտութիւնը կամ արդարացիութիւնը ճշդելու` անմիջապէս կը ստեղծուի հակազդեցութեան մթնոլորտ մը, որ պատճառ կը դառնայ ամբողջ նպատակի աղաւաղման: Փոխանակ մարդիկ ըսուածը քննարկելու, ճիշդը ընդունելու եւ վիճելին հրապարակային քննարկման ենթարկելու եւ առողջ քննարկման մթնոլորտ ստեղծելու` տեղի կ՛ունենայ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, որ որեւէ ձեւով չի նպաստեր թատերական կեանքի յառաջդիմութեան: Փաստօրէն չեմ հանդիպած, բացի մէկ երկու պարագաներէ, ուր Պարսումեանը հակաճառութիւն ունենայ իր յօդուածներուն մասին հրապարակաւ: Բան մը, որ երբեք ցանկալի չէ հաւանաբար նոյնինքն Հրաչ Պարսումեանին համար:
Այս յօդուածը կը գրեմ ազդեցութեանը տակ անոր գրած վերջին յօդուածին, ուր նուազագոյն չափով քննադատական ըլլալով հանդերձ, ի տարբերութիւն իր նախկին քննարկումներուն չի վարանիր թատերագիրին մասին հաստատումներ ընելու, որոնք իրենց բացարձակ ըսելաոճով կը շեղեն ընթերցողը բուն ըսելիքէն: Ըսելիք, որ այլապէս ինքնին կրնայ էապէս վիճելի ըլլալ. հաստատումներ եւ վճիռներ, որոնք առուազն քննարկելի կրնան ըլլալ:
Անշուշտ չտարուինք այն մտածումով, որ մեր գաղութին մէջ կը պակսին մարդիկ, որոնք կրնան հակաճառել այս քննարկումներուն` մնալով զուտ թատերական քննարկումներու պատշաճ սահմաններու մէջ, առանց որակումներու եւ պիտակաւորումներու, մանաւանդ` վիրաւորանքներու, որոնք այլապէս ոչ մէկ օգուտ ունին:
Շատ դիւրին է, հաւանաբար, ժխտական մատնանշումներ ընելը` յանուն յառաջդիմութեան եւ վերելքի, նաեւ` օգտակար. բայց նոյնքան օգտակար է ու ազնիւ` մարդոց ազնիւ գնահատանք կատարելը, արժեւորելը, քաջալերելը, խանդավառելը:
Մեր խստապահանջ ըլլալը պէտք չէ արգիլէ մեզ` շնորհակալ ըլլալու թատերագիրին, բեմադրիչին, դերասաններուն եւ սեւ աշխատանք կատարողներուն:
Արա Արծրունի թատերագիրին մահուան քառասունքն է այս շաբաթավերջին, տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ` առ ի յարգանք ու գնահատանք իր վաստակին: Կը հաւատամ, որ բոլոր մատնանշումները անպայման տեղ մը իրենց օգտակարութիւնը կ՛ունենան. կը հաւատամ, որ Հրաչ Պարսումեանը կը շարունակէ իր օգտաշատ աշխատանքները` հիմնականին մէջ նպատակ ունենալով լիբանանահայ թատրոնին վերելքը: Կը հաւատամ, որ ինք կը հաւատայ այս առաքելութեան, որուն լծուած ենք բոլորս: