Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ատրպէյճան-Իսրայէլ Զինուորական Սերտ Գործակցութիւնը

Յուլիս 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

9 յունիս 2020-ին «Լուսաւոր Աւետիս» կայքէջը «Սլովաքիոյ մէջ գայթակղութիւն մը, որ կրնայ Կովկասի մէջ Եւրոմիութիւնը վարկաբեկել» խորագիրով,  6 յուլիս 2020-ին Էքաթերինա Փոլեվայայի ռուսական Ռեկնում լրատու գործակալութեան կողմէ հրապարակած յօդուածը անգլերէնի թարգմանած է (1), (2): Ստորեւ հայերէն թարգմանութիւնը եւ, Իսրայէլի կողմէ քանիցս գործադրած եւ փաստուած մեծ վտանգը Հայաստանին եւ Արցախին:

«Լուսարձակի տակ է Միրոսլաւ Լայչաք (3)

«Զուարճալի գայթակղութիւն մը, որ այժմ կը բացայայտուի Սլովաքիոյ մէջ՝ կը սպառնայ վարկաբեկել Եւրոպական դիւանակալութիւնը: Անցեալ օր, Աշոտ Գրիգորեանը (բնագէտ, առեւտրական, մարդասէր եւ հանրայայտ դէմք մը, որ 1993-էն ի վեր կը բնակի Սլովաքիոյ մէջ) դատախազին դիմում ներկայացուցած է: Ան այս մասին տեղական լրատուամիջոցներուն հաղորդեց: Ամփոփ կերպով՝ այդ խնդրանք մըն է, քննութիւն բանալու նախկին արտաքին գործոց նախարար, նախկին (2019-ի*) ԵԱՀԿ-ի (Եւրապայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) նախագահ եւ ՄԱԿ-ի 72-րդ Ընդհանուր Ժողովի նախագահ՝ Միրոսլաւ Լայչաքի հակաօրինական գործունէութեան:

«Ըստ Գրիգորեանի, իրականութեան մէջ, վերջինս կը կրէ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելու ամբողջական պատասխանատուութիւնը: Իրողութիւնը այն է, որ այս երկիրը Հայաստանի (եւ Արցախի*) հետ սառեցուած հակամարտութեան մէջ կը գտնուի, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ: Ուստի ԵԱՀԿ-ը սահմանափակած է զինամթերքի մատակարարումը հարաւային Կովկասի այս երկիրներուն: Իրականութեան մէջ՝ արգիլած է:

«Այսուհանդերձ, 2017-էն սկսեալ, կարգ մը երկիրներու լրատուամիջոցները բացայայտեցին, թէ՝ միջազգային համաձայնագիրներ խախտելով, Ատրպէյճանին Սլովաքիա արտադրուած խոշոր տրամաչափի զէնքի համակարգերու արգիլուած վաճառք կատարուած է: Տես օրինակ այստեղ (4): (Տես նաեւ՝ «Մաքսանենգութիւնը` Սպառազինման Ուղի Ազրպէյճանում», Միքայէլ Հաջեան, «Ազդակ» 30 յունիս 2018, (5)*):

«Օդանաւաբեռը բաղկացած էր 36 ժամանակակից Տանա Էմ-1 (Dana M-1 self-propelled howitzers) ինքնամուղ ռմբընկէցներէ եւ 30 Վէմբայր (Vampire RM-70) հրթիռ արձակողներէ (երկուքն ալ«Թաթրա» ռազմաբեռնակառքերու վրայ հաստատուած): Այս ահարկու համակարգերուն արտադրողը սլովաքիական «ԷմԷսԷմ» ընկերութիւնն է, որուն սեփականատէրն է Չեխ առեւտրական Եարոսլաւ Սթրնատը:

«Սլովաքիայէն բոլոր այս ռազմամթերքը Ատրպէյճանական «Սիլք Ուէյ»-ի (մետաքսի ուղի*) օդանաւով փոխադրուեցաւ, որուն սեփականատիրոջ ով ըլլալը կը փորձուի քօղարկել: Սակայն, հաւատալու պատճառ կայ, որ անոր գլխաւոր բաժնետէրը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն է:

«Փոխադրութիւնը հետեւեալ ծրագիրով իրականացաւ. օդանաւը նախ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւա կ՛իջնէ, ուր «ապրանքը» կը բեռցուի: Ապա կ՛ուղղուի Թել Աւիւ՝ Իսրայէլ, ուր քանի մը ժամ սպասելէ ետք, նոր վաւերագիրով կ՛ուղղուի Պաքու: Այնտեղ «ապրանքը» իջեցնելէ ետք կրկին Սլովաքիա կ՛ուղղուի: Սեպտեմբեր 2017-էն յունիս 2018, օդանաւը 66 այսպիսի թռիչքներ կատարեց՝ Պրաթիսլաւա-Թել Աւիւ-Պաքու:

1. Տանա Էմ-1 ինքնամուղռմբընկէց մը                                                            2. Իլհամ Ալիեւ եւ Միրոսլաւ Լայչաք

«Սակայն, Եւրոպայի մէջ, զէնքի վաճառականը չէր կրցած ստանալ այսպէս կոչուած «Պաշտպանական արտադրանքի վերջնական օգտագործողի վկայագիրը», որ անհրաժեշտ է, Ատրպէյճանին ռազմական զինատեսակ վաճառելու համար: Ուրեմն այստեղ զեղծարարութիւն կայ. զինամթերքը Ատրպէյճան հասաւ երրորդ երկրի՝ Իսրայէլի միջոցաւ: Ըստ օրէնքին, այսպիսի վկայագրեր կը ստորագրուի (զէնք վաճառող երկրի*) արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, այս պարագային Միրոսլաւ Լայչաքի կողմէ: Ան վկայագիրները ստորագրեց Իսրայէլեան Էլպիթ ընկերութեան համար, իբրեւ վերջնական օգտագործող կողմ, որ իրականութեան մէջ ան միայն միջնորդի դեր կը կատարէր:

«Առանձնայատուկ դառնութիւնը՝  ցաւալի հեգնանքը այն է, որ գործառնութիւնը հաստատուած է ա՛յն անձին կողմէ, որ անմիջականօրէն պատասխանատուն է եւրոպական պետութիւններուն կողմէ տագնապահար եւ սառեցուած հակամարտութիւններու կողմերուն զէնք չվաճառելու:

«Այլ խօսքով, Լայչաքը, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, յստակօրէն պէտք չէր արտօնէր Սլովաք Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին (այսինքն՝ ինքզինքին) այս ապօրինի գործողութեան մասնակցելու: Աւելի՛ն ԵԱՀԿ-ի նախագահը յայտնաբերելէ ետք նախարարին այսպիսի ապօրինի գործառնութիւնը, պէտք է արդարադատութեան յանձնէր այսպիսի նախարար մը (այսինքն ինքզինքը) եւ յանցաւոր երկիրը (Սլովաքիան*) շրջափակում-արգելքը խախտելուն համար:

«Գրիգորեան նշեց, որ այս մէկը միջազգային գայթակղութիւն մըն է, եւ հետաքրքրուած է տեսնելու՝ դատախազութեան, դատարանին եւ վարչապետ Մաթովիչի հակազդեցութիւնը, որ երկար ժամանակէ փտածութեան դէմ պայքարողի կերպար ստացած է, հակադրուելով Սմեր կուսակցութեան, որուն ականաւոր դէմքերէն է Լայչաք:

«Արդեօք Մաթովիչ հնարաւորութիւն պիտի տա՞յ գործին համապատասխան լռջութիւն հաղորդելու, իբրեւ միջազգային, կամ՝ ամենայնդէպս, համաեւրոպական մակարդակի գայթակղութիւն»:

3. Փաշինեան Լայչաք հանդիպումը, Երեւան, 24 փետրուար 2020:

Առանց մեկնաբանութեան կարիքի՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 փետրուար 2020-ին ընդունեց Սլովաքիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը: Հեգնօրէն՝ «Վարչապետը (Փաշինեան) երախտագիտութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ Սլովաքիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար»: Իսկ (Լայչաք) «Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` Սլովաքիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարարը նշեց, որ Սլովաքիան լիովին կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ լուծման ջանքերուն»…(7):

Երկրորդ հեգնանքը 19 սեպտեմբեր 1919-ին Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն բանալու որոշումն էր: 1. Իր կարգին, ցեղասպանութիւն տեսած հրեայ ժողովուրդին այժմու հայրենիքը Իսրայէլ, քանիցս կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ

4. Հայկական համայնքին ցոյցը՝ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու դէմ բողոքող, 14 ապրիլ 2016-ին, արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց, Երուսաղէմ (10):
  1. Զէնքեր կը մատակարարէ թշնամի Ատրպէյճանին, ներառեալ ԼԱՌ-160 տիպի արգիլուած՝ տարանջատուող բեկորային ռումբեր, որոնք գործածուեցան թշնամիին կողմէ Ապրիլեան պատերազմին՝ 2016-ին. «Այս ժապաւէնով ականները այստեղ են հասնում իսրայէլեան ԼԱՌ-160 («Կրատ»-ի համարժէք) հրթիռներով, իւրաքանչիւր հրթիռ 104 նման ական է բերում… Սա պայթուցիկ բեկորային հրթիռ է, տեղեկութիւն ունենք, որ Մարտակերտի ուղղութեամբ մի քանի հարիւր նման հրթիռ են կրակել» (8) տես նաեւ «Ապրիլեան Պատերազմին Իսրայէլեան Գործօնը» (9):
  2. Լէյզըրով ուղորդուող իսրայէլեան հակահրասայլային հրթիռներ,
  3. Անօդաչու ռմբաձիգ թռչող սարքեր, որոնք իսրայէլացի վաճառող մասնագէտին իսկ ձեռքով փորձարկուեցան Արցախի դէմ: Եւ անշուշտ այլոց զէնքերու վերոնշեալ մաքսանենգութիւնը դէպի Ատրպէյճան:

Աշխարհի եւ միջազգային կանոններուն չհետեւող եւ զանոնք արհամարհող ու ոտնակոխող, Լիբանանի օդային եւ ծովային տարածքը առօրեայ կերպով բռնաբարող, ՄԱԿ-ի տասնեակներով որոշումները չգործադրող այս երկրին մէջ մի՛այն երկու պայմաններով կ՛արժէ դեսպանութիւն բանալ. Առաջինը՝ եթէ ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ երկրորդը՝ եթէ չժխտէ, եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

13 Յուլիս 2020

 

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1) https://regnum.ru/news/polit/3002777

(2) http://lousavor-avedis.org/?p=30615

(3) https://en.wikipedia.org/wiki/Miroslav_Laj%C4%8D%C3%A1k

(4) https://svet.sme.sk/c/20805723/slovensko-zbrane-pasovanie-ceska-televizia.html

(5) https://www.aztagdaily.com/archives/398926

(6) https://en.wikipedia.org/wiki/List_of_diplomatic_missions_of_Armenia

(7) https://www.aztagdaily.com/archives/465946

(8) http://razm.info/84503#more-84503

(9) https://www.aztagdaily.com/archives/302753

(10) https://www.azatutyun.am/a/30173101.html

 

 

Նախորդը

Նշանառութիւն. Յառաջիկայ 17 Յուլիսին՝ 2018 Եւ 2019 Տարիներու Մրցանակաբաշխութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանահայութեան Ապագան եւ «Ֆէյսպուքեան Խորհրդատու»ները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?