Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկներու Ճանաչողական Շրջապտոյտ

January 20, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը, պալէի դպրոցի աշակերտներու եւ Տհոլի խումբին հետ միասին, երեք ելոյթներով ներկայացուց «5-րդ եղանակը» երաժշտախառն թատրերգութիւնը` հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Սիլվա Սողոմոնեանի:

Թատրերգութիւնը կը ներկայացնէ գիտակից կեանքի նոր մուտք գործող մանուկ մտքի որոնումները: Հետաքրքրական գաղափար: Մանկապատանեկան խումբերու համատեղ ելոյթի գաղափարը օգտակար է եւ հաճելի: Երկու կարծիք չկայ այս մասին: Մանուկները այսպիսով կը ծանօթանան թատերական ըմբռնումներու, բեմական տարածութեան, կշռոյթի, պատրանք ստեղծելու եւ այլն: Կը սորվին հաւաքաբար աշխատիլ միացեալ, ծրագրուած  նպատակակէտի մը ուղղութեամբ: Կը սորվին, որ հարկ է համբերել, մինչեւ որ  աշխատանքը արդիւնաւորուի: Շա՛տ բարի: Այս նիւթին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ 1( 3 եւ 4):

Ակներեւ էր, որ բոլոր մասնակիցները հաճոյքով կը կատարէին իրենց յանձն առած բաժինները, որոնք, բացի «պատմող»-էն (որ գեղեցիկ կերպով կատարեց իր առանցքային ծանր դերը), փոքր էին եւ ուրեմն չէին պահանջեր պատրաստութեան տաժանելի ճիգ: Բարի՛: Կ՛ենթադրեմ, որ ծրագիրը յաջողած է` մանուկներուն մէջ թատրոնի հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցնել ու զարգացնել: Շա՛տ բարի: Մեծ թիւով մասնակիցներու փոքր դերեր յանձնելը լաւ գաղափար է նաեւ, որովհետեւ դաստիարակչական բնոյթի այս ծրագիրը աւելի մեծ թիւով պատանիներ կը ներառէ: Շատ բարի:

Մանուկները բնութեան հետ հաղորդակից դարձնելու գաղափարը` ողջունելի է, մանաւանդ համավարակի պարտադրած մեկուսացումէն ետք: Տնտեսական տագնապը նոյնպէս կը խոչընդոտէ մեր կանաչազուրկ քաղաքէն դուրս ձեռնարկներ կազմակերպել: Չենք կրնար անտեսել նաեւ բջիջայիններու գործած աւերը:

Բացման տեսարանը բացայայտօրէն կը յայտարարէր, որ ներշնչումը ձեւով մը կու գայ Զահրատի (Զարեհ Եալտզճեան, 1924-2007) քառեակէն.

«Չորս եղանակ ունի տարին
Գարուն ամառ աշուն ձմեռ
Իսկ ես կ՛ապրիմ հինգերորդը
Ես իմ մէջ…»

Ելոյթը օգտագործած էր բնութիւնը պատկերող շարք մը գեղեցիկ բանաստեղծութիւններ: Դաստիարակչական այդ քայլը մասնակիցներն ու անոնց հանդիսատեսը (որ մեծ մասամբ տարեկիցներէ կը բաղկանայ) հաղորդակից դարձնել պատկերաւոր խօսքի մշակոյթին: Շա՛տ բարի: Դասականներու կողքին կրկին կը յայտնուի Զահրատը իր «Մէկ քարով երկու գարուն» պարզամիտ թուացող թաքնագիր բանաստեղծութեամբ.

«Դեղին կատուն
քար մը նետեց
ծառն ի վեր…»:

Կողմնակի.- Ընտրութիւնը հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ է, որովհետեւ մանուկն ու պատանին կ՛անդրադառնան, որ բանաստեղծութիւն չի նշանակեր դիւրին հասկնալի պաճուճուած բառերու շարան, թէ հարկ է վերծանել բանաստեղծութիւնը: Կատուն կերպար մը կամ այլաբանութիւն մըն է, որ ես (չափահաս մը) աներկբայ կերպով ըմբռնած ըլլալ չեմ յաւակնիր: Հաւանաբար Զահրատ դիտմամբ անոր տուած է հեղուկ ինքնութիւն, որ կրնայ իւրովի մեկնաբանուիլ, ըստ ընկալողի եւ ըստ համաթեքսթի: Զահրատ ունի կատուներու նուիրուած հատոր, որ նկարազարդած է անձամբ: Կատուի այլաբանութիւնը կը տեսնուի շարք մը այլ հեղինակներու գործերուն մէջ (2):

Այստեղ կարելի եւ աւելցնել նաեւ կենդանիներու հանդէպ գուրգուրանք յառաջացնելու առաջադրանքը: Շա՛տ բարի:

Հետաքրքրական կերպար էր եղանակները նկարող աղջնակը: Նկարել` կ՛ենթադրէ ինքնորոյն կերպով ընկալել եւ արձանագրել երեւոյթ մը: Ելոյթը կ՛երթայ քայլ մը անդին ու կը համադրէ չորս ընկալումները եւ այդտեղ կը կայանայ թատրերգութեան ասքը:  Շա՛տ բարի:

Կատարողական.-

Բեմայարդարումը կատարուած էր արհեստավարժ կերպով եւ զուարթ մթնոլորտ կը  թելադրէր: Այդ յարիր է ելոյթի ասքին: Բարի՛: Քուլիս-պաստառներու համադրումը կրնար ըլլալ աւելի կազմակերպուած եւ ինքնաներդաշնակ: Ոչինչ, բարի՛:

Երաժշտութեան համար Վիվալտիի ծանօթ 4 համանուագները (concerto) ակնյայտ ընտրութիւն են: Տաղանդաւոր բեմադրիչ Ա. Փելէշեան իր «Եղանակներ» ժապաւէնը հիմնած է այդ գործին վրայ (3): Որմազդը ուղղակի փոխ առնուած է այդ գործի ձայնապնակներէն մէկուն պահարանէն: Այդտեղ գերիշխող է աշունը, գրեթէ անտեսանելի են գարնան հատ ու կենտ բողբոջները, եւ բոլորովին բացակայ է ամենակարեւոր (quintessential)` հինգերորդ եղանակը: Ո՛չ բարի: Դասական մտածողութեան մէջ բնութեան 4 տարրերուն հարկ էր աւելցնել հինգերորդը` եթերը, որ կարելի է ընկալել հոգեղէն (4): Ինչեւիցէ: Նախընտրելի էր, որ թատրերգութեան վերջաբանը, որ կը ներկայացնէ հեղինակ-բեմադրիչի ասքը, ունենար ի՛ր երաժշտութիւնը:

Լեզուն մաքուր էր: Բարի՛: Նախըտրելի էր սակայն, որ ըլլար աւելի մանկավայել: «Օ՜հ, ինչ խոհեմ խօսքեր», օրինակ, մանկապատանեկան արտայայտութիւն չէ:

Բոլոր մանակիցները շնորհալի էին, իւրաքանչիւրը` ի՛ր կերպով:  Ճիշդ պիտի չըլլայ մէկ անգամ դիտելէ ետք առանձին բնորոշումներ կատարել: Բեմադրիչը կարողացած էր անոնցմէ առնել կարելի առաւելագոյնը, ինչպէս նաեւ` անոնց մէջ զարգացնել թատրոնի սէրը: Շա՛տ բարի: Ի հարկէ նկատելի էր, որ կատարումները աւելի յաջող եւ հաճելի էին, երբ մանուկները կը խաղային իրե՛նց տարիքը, այլ` ոչ չափահասներու: Կերպարներու,  որոնց հետ մանուկը ներզգայնութիւն (empathy) չի կրնար ունենալ: Այստեղ հարկ է նշել, որ չափահաս կերպար խաղալը թերեւս կրնայ այլապէս ուսանելի ըլլալ այն իմաստով, որ մանուկը փորձառութիւն կ՛ունենայ մտնելու կերպարի մը մէջ, որ խորթ է իրեն:

Ուրախալի էր դիտել նաեւ գեղեցիկ կերպով զգեստաւորուած պալէի աշակերտներու կատարումը: Շա՛տ բարի: Կ՛ենթադրեմ, որ պարի մասնագէտներ նոյնպէս պարային ելոյթները դրական արժեւորեցին: Բարի՛:

Հուսկ բանք.- Ձեռնարկի հիմնական յոյժ գնահատելի ձեռքբերումը այն է, որ ի հեճուկս ծանր պայմաններու, Սիլվա Սողոմոնեան յաջողած էր պատրաստել ոչ արհամարհելի թիւով խոստմնալից մանուկներ եւ պատանիներ: Ակնյայտ է, որ անոնց մէջ արթնցուցած էր թատրոնի սէրը եւ արդիւնաւոր աշխատանքի հաճոյքը: Շա՛տ բարի:

Կ՛ակնկալեմ, որ յաջորդ թատրերգութեան բնոյթը ըլլայ աւելի մանկական: Մանուկներն ու պատանիները ունին զիրենք տագնապեցնող հարցեր, ինչպէս` մինակութիւն, ուսուցիչներու եւ այլոց խտրական վերաբերմունք, դպրոցական կամ փողոցային մանկական հրոսակներու (gang) բռնութիւն, արբունք, ամուսնալուծուած ծնողներ … եւ մեր պարագային` հայ ծնած ըլլալու անէծքը …

Համավարակի եւ տնտեսական ճգնաժամի ընթացքին ձեւաւորուած երեխաներ ի հարկէ ունեցան յաւելեալ հարցեր, որոնք կը կարօտին մասնագիտական մօտեցումի: Հոգեկան խոցեր ստացած մանուկներու գեղարուեստական դաստիարակութիւնը յոյժ անհրաժեշտ է (5): Վստահ եմ, որ տիկ. Սողոմոնեան ունի այդ մարտահրաւէրը ընդունելու կարողութիւնը եւ կորովը:

Յաջողութի՛ւն:

———————

 

  1. «Մանկական թատրոնը» Ա. եւ Բ., 3–4 հոկտեմբեր 2017, «Ազդակ»:
  2. Ինչպէս՜ Տէմիրճիպաշեան, Ինտրա, Թէքէեան եւ նոյնիսկ Տէրեան:
  3. «Ծիրանի տունկը պատնէշի վրայ», «Ազդակ», 4 հոկտեմբեր 2022:
  4. Այդ նոյնիսկ կարելի է տեսնել որպէս ելոյթին ուղղուած սեւ հիւմըր, որովհետեւ կեանքին հետ հաշտուելու հրամայականը կու գայ կեանքի աշնան, այլ ոչ գարնան, ինչպէս` ելոյթին մէջ:
  5. Տես, օրինակ, G. Snow, «Prioritise arts education post-lockdown or risk lasting damage», The Stage, 17 փետ. 2021:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 19 Յունուար 2023)

Յաջորդը

Երբ Հայրենի Հողը Կը Կանչէ…

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.