Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Հայրենի Հողը Կը Կանչէ…

Յունուար 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԵԹԵԱՆ

Միթէ շատ չեղա՞ւ, Աստուա՛ծ իմ, մարդասէ՛ր

Միքայէլ Հաջեանին նուիրուած

Զո՛յգ մը շիրիմներ մարմարեայ,
Ճերմակ շուշաններ, հպարտ փնջիկներ
Բայց չեն բերեր մխիթարութիւն
Ցուրտ շիրիմներուն մութ ու գորշ
Շուշաններն անգամ լուռ կ՛արտասուեն
Անոնց շիրիմներուն վրայ թեքած
Բայց չեն կրնար մեղմացնել
Հոն կուտակուած վիշտն ու սուգը:

Քանի մը տարուան մէջ երկու առիւծներ հողին յանձնել` վասն հայրենիքի եւ վասն փրկութեան ու յաղթանակի: Ի՜նչ հզօր մարդ պէտք էր ըլլար, որ չփլչէր այս ցաւի տակ: Չէ՛, կարելի չէ երեւակայել երբեք:

– Օ՜հ այդ շուշաններն սպիտակ ձեր կեանքին, ձեր վայելքին ու փառքին կը յարմարէին եւ ո՛չ ձեր շիրիմներուն:

Զոյգ մը թարմ շիրիմներ հօր մը աչքին առաջ:

– Օ՜հ, ահռելի բան, Տէ՛ր իմ, այդ հայրն ի՞նչ սրտով պիտի ապրի: Իր օճախին երկու պայծառ ճրագները խորտակուած, իր պարտէզին միակ երկու հսկայ կաղնիները տապալած:

Օ՜հ, Աստուա՛ծ իմ, ինչպէ՞ս դիմանալ:

Արդեօք հայրենիքի սէ՞րն է գերազանց, թէ՞ զաւկի սէրը:

Արաբ անհատը մանկութեան իր զաւակը սիրելու համար այս արտայայտութեան կը դիմէ.

«Թըպըրնի հապիպի», այսինքն` «Դուն թաղես զիս»: Ասիկա արաբ հօր ու մօր բաղձանքն է, որ կ՛արտայայտեն իրենց զաւակը սիրած ատեն: Ասիկա ծնողքին սրտանց փափաքն է, որ զաւկին ցաւը, մահը չտեսնեն, որովհետեւ ծնողքի մը համար մեծագոյն սպառնալիքն է, ուր անէծքը դաժան, երբ իր զաւակին մահը, թաղումը տեսնէ: Ալ իր զաւակէն ետք կեանքը տառապանք է համակ ու կսկծալի ցաւ:

Բայց տարբեր տոկունութեամբ զինուած է Միքայէլ Հաջեան: Ես վստահ եմ, որ եթէ մենք ունենայինք Միքայէլ Հաջեանի պէս հայրենասէր հայրեր, նախագահներ ու հայրենակիցներ, մեր երկրին կռնակը գետին չէր գար, մեր հերոսները չէին տապալիր:

Արդեօք ան ինչպէ՞ս կրցած է անոնց հոգիին, արեան մէջ ներարկել հայրենասիրութիւնն ու զոհողութիւնը` վասն հայրենեաց:

Մարդ ի՛նչ սիրտ պիտի ունենայ, ի՛նչ հոգի, որ զաւակներու կորուստէն ետք իսկ մատիտ բռնէ խիզախօրէն ու շարունակէ ապրիլ իր անսովոր կեանքը:

Երբ հայրենի հողը կը կանչէ, ամէն ինչ թողած` անոր փրկութեան են վազեր սիրասուն քաջորդիներ:

– Օ՜հ, Աստուա՛ծ իմ, խնայէ մեր առիւծները, մեր հերոսները արիւնաքամ:

Տո՛ւր հայրենիքիս արեւի պէս պայծառ օրեր ու խաղաղութիւնն յաւերժական:

Քանի՜ մայրեր սգաւոր, քանի՜ հարսեր անտիրական եւ քանի՜ որդիներ որբացան, զաւկի, ամուսնի եւ հօր սէրը չտեսան:

Արդեօք հե՞շտ է գրկել ցուրտ հողը մութ, երբ գարուններն դեռ բողբոջներ կը բանան, երբ գարուններ կը ծաղկին կեանքի ճամբեքին հեշտօրէն:

– Ո՜վ հրաշք աստուածային, ինչպէ՞ս կարելի է վայրկեան մը ոտքի կանգնեցնել Եռաբլուրի բոլոր հերոսները քաջ, բոլորը, որոնք մեր երկրի փառքն են ու ցաւ յաւերժական: Ինչպէ՞ս անոնք տապալեցան, երբ վայել էր, որ յոխորտային իրենց երիտասարդ հասակները ցցած:

Եռաբլուրը մեր վիշտն է, մեր սուգը անծայրածիր: Այդ քաջորդիները հոն տապալելու համար չէին եկած աշխարհ: Անոնք մեզի պիտի տային տասը տասնեակ հարիւրաւոր կորիւններ յաղթական, որպէսզի մեր ազգը բազմանար, ու մենք թիւ ըլլայինք թշնամուն առաջ: Ափսո՜ս, սեւ օրերն ու ժամանակները անոնց տապալումը արագացուցին:

Այո՛, անոնք են ճշմարիտ հերոսները, որոնք ոտնակոխ ըրին ընտանիքի եւ զաւկի սէրը` յանուն հայրենիքին, յանուն ազգի փրկութեան:

Այդ երկու առիւծներն պառկած հողին,
Հայրը վշտահար անոնց դէմ կեցած
Լռիկ կ՛արտասուէր իր կարօտի ցաւը ահաւոր:
Անոր ականջներուն մէջ է տակաւին անոնց Առաջին թոթովանքները:

Ի՜նչ հեքիաթային երազներ էր հիւսեր,
Անոնց թագն ու պսակը տեսեր,

Բայց անոնց ի՞նչ կը սպասէր, չէր գիտեր:
Բայց հիմա համակ սուգ է ու ցաւ
Կրակներ կան իր սրտում ու անվերջ թախիծ:

Հիմա, այդ մարմարեայ շիրիմները ցրտաբեր

Չեն տաքցներ սառած սիրտը հայրական
Չեն բռներ կարկամած թեւերը յոգնատահջ
Ան կուլ կու տայ արտասուքն արիւնած:
Մինչ անոնք սրբազան կանչին ընդառաջ, կ՛երթան
Հայրենի հողի կանչին հլու հնազանդ:

 

 

Նախորդը

Մանուկներու Ճանաչողական Շրջապտոյտ

Յաջորդը

Մարդոց Տառապանքը` Մինչեւ Ո՞ւր

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?