Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ հետաքննելու տարածուած տեսանիւթը, որուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորները հայկական մարտական դիրքի մէջ դաժանաբար կը գնդակահարեն արդէն իսկ գերի յանձնուած հայ զինուորները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանօ:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք` համապատասխան մարմիններու կողմէ անյապաղ հետաքննութիւն կատարելու: Այն տեսանիւթը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի զինուորները մահապատիժի կ՛ենթարկեն հայ զինուորները, պէտք է հետաքննուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ», ըսած է ան:
Սթանոյի համաձայն, եթէ հետաքննութեան արդիւնքները ապացուցեն տեսանիւթին իսկութիւնը, ապա ասիկա զինուորական յանցագործութիւն է եւ միջազգային օրէնքի ակնյայտ խախտում:
«Նման յանցագործութիւնը պէտք է դատապարտուի», աւելցուցած է ան:
2 հոկտեմբերին ազրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներու վրայ հրապարակուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւէր, թէ ազրպէյճանցի զինուորները ինչպէ՛ս հայկական մարտական յենակէտի մէջ դաժանաբար կը գնդակահարեն արդէն իսկ գերի յանձնուած հայ զինուորները:
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարած էր, որ եթէ տեսանիւթի իսկութիւնը հաստատուի, ապա ատիկա զինուորական յանցագործութիւն է, որ պէտք է հետաքննուի:
Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ հայ պատերազմական գերիներու սպանութիւնը տեղի ունեցած է 13 սեպտեմբերին` Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումի ընթացքին:


