Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենենտես Երկու Նոր Նախաձեռնութիւն Կատարած Է

October 3, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն կը տեղեկանանք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռապըրթ Մենենտես, որ օրեր առաջ ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյի հետ հանդէս եկած էր Ազրպէյճանին ամերիկեան զինուորական օժանդակութենէն զրկող եւ պատժամիջոցներ նախատեսող բանաձեւի նախագիծով, 30 սեպտեմբերին հանդէս եկած է յաւելեալ երկու նախաձեռնութեամբ:

Մենենտեսի նոր նախաձեռնութիւնը կ՛ենթադրէ համապատասխան լուծումներ 2023 թուականի ելեւմտական տարուան «Ազգային պաշտպանական արտօնութիւններու հռչակագիրին մէջ»: Այդ լուծումները Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը զրկեն «907-րդ բանաձեւի» կիրարկումէն հրաժարելու կարելիութենէն եւ կ՛արգելակեն Թուրքիոյ «Էֆ-16» հալածիչներու եւ անոնց արդիականացման համակարգերու վաճառքը: Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի «907-րդ բանաձեւի» կիրարկումէն նախագահական հրաժարման օրէնսդրական կարելիութեան ջնջումը Ազրպէյճանին ուղղակիօրէն պիտի զրկէ ամերիկեան զինուորական օժանդակութենէն:

Ներկայացուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան առիթով Ամերիկայի Հայ դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Մենք կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել ծերակուտական Մենենտեսին` Հայաստանի ու Արցախի համար իրական վտանգ ներկայացնող շրջանային երկու անխոհեմ ուժերը պատասխանատուութեան ենթարկելու իր ջանքերուն համար: Ներկայացուած միջոցառումները օրէնսդրօրէն պիտի ապահովեն, որ Միացեալ Նահանգներ այդ ուժերէն որեւէ մէկուն զէնք եւ ամերիկեան հարկերէ գոյացած միջոցներ չուղարկէ»:

Ծերակոյտին մէջ 2023 թուականի  ելեւմտական տարուան «Ազգային պաշտպանական արտօնութիւններու հռչակագիր»-ի քննարկումները պիտի սկսին 11 հոկտեմբերին: Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը շարք մը ուղղութիւններով կը շարունակէ ներկայացուած նախագիծերու որդեգրումը ապահովելու ուղղութեամբ աշխատանքները:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացուած բանաձեւերու որդեգրումը ապահովելու համար աշխատանքները կը համակարգէ իր դաշնակից գործընկերներուն` «Քիւրտիստանի ամերիկեան ընկերներ», «Ամերիկահրէական կոմիտէ», «Յունա-ամերիկեան առաջնորդութեան խորհուրդ», «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու», «Միջին Արեւելքի համախմբում» եւ «Կիպրոսի արդարութեան միջազգային համադրող կոմիտէ» կազմակերպութիւններուն հետ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

1 հոկտեմբեր 2022

 

 

Նախորդը

Հոքշթայնի Գրաւոր Առաջարկը Ստանալէ Ետք. Նախագահ Աուն Իշխանութեան Պետերը Կը Հրաւիրէ Խորհրդակցութեան

Յաջորդը

Ռաու Եւ Քոլոնա Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Զարգացումներն ու ԵԱՀԿ-ի Առաքելութիւն Ուղարկելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.