Ազրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպով պաշտօնական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է շրջանին մէջ տիրող կացութեան: Ան նշած է, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները դէմ առ դէմ եւ առցանց դրութեամբ 7 հանդիպում ունեցած են Ռուսիոյ, Եւրոպական խորհուրդի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն նախաձեռնութեամբ:
«Փաստը այն է, որ բանակցութիւններուն բովանդակութիւնը եւ խաղաղութեան օրակարգը ամբողջովին կ՛որոշէ Իլհամ Ալիեւը: Նախագահին խնդրանքով բանակցութիւններուն մէջ այլեւս չեն օգտագործուիր «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ», «կարգավիճակ» արտայայտութիւնները: Իլհամ Ալիեւը ներկայացուցած է շրջանին մէջ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ զարգացում ապահովելու իր առաջարկները` շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ վստահութեան խթանում, ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ընթացքին անյայտ կորսուածներու բացայայտում, ականազերծում, կապի եւ փոխադրամիջոցի հաղորդակցութեան ուղիներու բացում, մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան հարցերու փոխադարձ ապահովում, միացեալ տնտեսական համագործակցութեան հարթակի ստեղծում եւ նմանատիպ այլ հարցեր բանակցութիւններու կարեւոր նիւթեր են», ըսած է Ռամիլ Ուսուպով:
Ըստ Ազրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, այժմ նախնական նպատակը «խաղաղութեան համաձայնագիրի» շուրջ բանակցութիւններու սկսիլն է եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերը քննարկելը:
«Յաջորդ փուլը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է, ուր Երեւանը արդէն կը կորսնցնէ խոչընդոտներ ստեղծելու կարողութիւնը… Իրանի հետ Ալիեւի նախաձեռնութեամբ ստորագրուած փոխըմբռնումի յուշագիրին համաձայն, Իրան-Հայաստան սահմանէն 5 քիլոմեթր հարաւ պիտի կառուցուի Արեւելեան Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը կապող փոխադրամիջոցային նոր հանգոյց: Անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ երկաթուղային գիծէ, բազմաշերտ մայրուղիէ, թուային հաղորդակցութենէ եւ այլ տարրերէ` ամբողջութեամբ անտեսելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մէջ Հայաստանի խուսանաւումները: Հայաստանի կառավարութիւնը կը կարծէ, որ նոր փոխադրամիջոցային հանգոյցին առնչուած պէտք է գերակայ դիրք ունենայ եւ պէտք է թելադրէ իր պայմանները: Սակայն մեր նախագահը յայտարարած է, որ այս փոխադրամիջոցային հանգոյցը շահագործման պիտի յանձնուի ընդամէնը 5 քիլոմեթր աշխարհագրական տարբերութեամբ, եւ Հայաստան հերթական անգամ սխալած է իր հաշիւներուն մէջ», ըսած է Ուսուպով:
Վերջինիս համաձայն, պէտք չէ մոռնալ, որ անցեալ տարուայ ընտրութիւններուն հայ ժողովուրդը վստահած է իշխող կուսակցութեան, որ յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու պիտի սկսի, եւ ոչ թէ ընդդիմութեան, որ կը ներկայացնէ պատերազմի կուսակցութիւնը` ռազմական խունթան:
«Ժողովուրդը Փաշինեանին Ազրպէյճանի հետ հաշտութեան համաձայնագիր կնքելու լիազօրութիւն տուած է: Այսինքն` «հայ ժողովուրդը յոգնած է թշնամութենէն եւ կայունութիւն կ՛ուզէ», ըսած է Ուսուպով: