Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Յունական Եւ Կիպրական Համայնքները Կառավարութեան Կոչ Ուղղած Են Ճանչնալու Օսմանեան Կայսրութեան Գործած Ցեղասպանութիւնները

January 17, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի եւ Մելպըռն քաղաքի յունական եւ կիպրական համայնքներու նախագահները, Աւստրալիոյ պոնտական ընկերակցութեան դաշնակցութեան նախագահներուն աջակցութեամբ նամակ ուղարկած են երկիրի վարչապետին` կառավարութեան կոչ ուղղելով պաշտօնապէս ճանչնալու 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնները:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, ինչպէս կը յայտնէ «Նէոսքոսմոս»-ը, ասիկա կը յաջորդէ 29 նոյեմբեր 2021-ին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած միջնորդութեան, որով կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուէր պաշտօնապէս ճանչնալու այս ցեղասպանութիւնները:

Համայնքներու նախագահները իրենց նամակին մէջ յայտնած են, որ 2021 թուականի դրութեամբ աշխարհի 31 երկիրներ ճանչցած են այդ ցեղասպանութիւնները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Իտալիան, Պրազիլը, Շուէտը, Նետերլանտները, Աւստրիան, Դանիան եւ Վատիկանը` Աւստրալիոյ կոչ ուղղելով նոյնպէս քայլ կատարելու:

Վկայակոչելով հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեանց` տարբեր երկիրներու կողմէ ճանաչումը, նամակին մէջ կը նշուի. «Ժամանակն է, որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը նոյնպէս պաշտօնապէս ճանչնայ այս ցեղասպանութիւնը»:

Հաշուի առնելով, որ թրքական կառավարութիւնը հաստատակամօրէն հրաժարած է ընդունիլ անցեալի սխալները, համայնքներու նախագահները կը կարծեն, որ ինքնին Թուրքիոյ շահերէն կը բխի առերեսուիլ իր անցեալին հետ եւ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրել:

Կոչը ուղարկուած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մարիզ Փէյին եւ այլոց:

 

Նախորդը

Ամալ Շարժումը Եւ Հըզպալլան Կ՛որոշեն Վերադառնալ Կառավարութեան Նիստերուն. Երկիրը Մուտք Կը Գործէ Այլ Փուլ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը` Ֆրանսայի Իշխանութիւններուն. «Ազրպէյճան Պէտք Է Ներողութիւն Խնդրէ»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.