Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպերթ Քոչարեան. «Մեր Նպատակն Է Վերականգնել Երկրի Անվտանգութիւնը, Սահմաններու Պաշտպանութիւնը»

June 12, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 11 յունիս 2021-ին, «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպութեամբ Եղուարդի մէջ տեղի ունեցաւ նախընտրական քարոզարշաւի հաւաք, որուն ընթացքին դաշինքի վարչապետի թեկնածու, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, թէ ունինք երեք ճգնաժամ` անվտանգային, տնտեսական եւ ներքաղաքական,  եւ այդ բոլոր ճգնաժամերն ալ արհեստածին են ու յառաջացած են սխալ քաղաքականութեան պատճառով:

«Սխալ քաղաքականութիւն` ներքաղաքական առումով. այս իշխանութիւնը ինքզինք աւելի հանգիստ կը գործէր քաոսային վիճակի մէջ` բաժնելով երկիրը սեւերու  եւ սպիտակներու միջեւ, ատելութիւն սերմանելով: Ասիկա իրենց ոճն է, տեսակն է, այլ միջավայրի մէջ չեն կրնար ապրիլ», յայտարարեց Քոչարեան, ապա ներկայացուց իրենց նպատակները:

«Վերականգնել երկրի անվտանգութիւնը, սահմաններու պաշտպանութիւնը, ո՛չ միայն կասեցնել տնտեսական ճգնաժամը, գահավիժումը, այլեւ թռիչքաձեւ աճ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան համար», ըսաւ Քոչարեան:

Ըստ Քոչարեանի, 3 տարուան ընթացին երկու ոլորտ եղած է, որոնց վրայ եղած է համակարգուած յարձակում: «Մէկը բանակի վրայ` 2018-էն, երկրորդը` ազգային գաղափարախօսութեան վրայ. «սորոսականները» մտան պետական համակարգ, սկսան վերատեսութեան ենթարկել ծրագիրները, յարձակեցան եկեղեցիին վրայ. ասիկա պատահական չէր: Եթէ այստեղէն դասեր չքաղենք եւ չզօրացնենք այս երկու գործօնները, դատապարտուած պիտի ըլլանք մշտական ճգնաժամերու մէջ ըլլալու, միշտ վտանգներ պիտի ունենանք», ըսաւ ան:

Իսկ Նոր Հաճընի ընտրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Ապագայ կայ, բայց այդ ապագան առանց Նիկոլի եւ նիկոլականութեան է»:

«20 յունիսին Հայաստանի քաղաքացին պէտք է խաչ քաշէ անոնց վրայ, տուն ճամբէ, որպէսզի կարենանք կերտել նոր, հզօր եւ ուժեղ Հայաստան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, «Հայաստան» դաշինքը ունի այդ ուժը, ունի այդ կամքը, այդ վճռականութիւնը, այդ փորձառութիւնը` աւելցնելով, որ դաշինքը գլխաւորող առաջնորդը բազմիցս անգամ ատիկա ապացուցած է:

Իսկ Աբովեանի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց. «Կը հաստատենք, որ գործ ունինք Նիկոլի եւ նիկոլականութեան` իբրեւ հակաազգային, հակաքրիստոնէական, հակապետական եւ հակամարդկային աղանդի հետ»:

«Որեւէ այլ հաստատում չի կրնար ըլլալ, երբ թուրքը նստած Հայաստանի սահմանին` կը մորթէ հայ մարդը, կ՛ոչնչացնէ հայոց պետականութիւնը, եւ տակաւին կը մնան մարդիկ, որոնք կը պաշտպանեն Նիկոլ Փաշինեանը: Ասիկա այլ բնորոշում, քան «աղանդ», չունի: Այս աղանդը հիմնուած է կոյր հաւատքի եւ սիրոյ վրայ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ «Հայաստան» դաշինքի անդամներ քարոզարշաւի ծիրին մէջ այցելած են նաեւ Էրեբունի վարչական շրջան, Չարենցաւան, Հրազդան եւ այլ շրջաններ:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Պաքուին Եւ Երեւանին Կոչ Ուղղեց` Վերսկսելու Ղարաբաղեան Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Որոշ Իրողութիւններու Պատճառով Ազրպէյճանի Մէջ Կը Մեծնայ Ալիեւին Նկատմամբ Դժգոհութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.