Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փորձառուներու Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պտուղ Եւ Բանջարեղէն Ընտրել

May 20, 2021
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երբ շուկայ կ՛երթանք` պտուղ կամ բանջարեղէն գնելու, յաճախ կը տարուինք վաճառողին խօսքերով, մինչեւ անգամ կը վստահինք, որ ան ընտրէ մեր փոխարէն ու տեղաւորէ տոպրակին մէջ: Բայց դժբախտաբար երբեմն մեր անտեղի վստահութիւնը կը դաւաճանէ մեզ… Այսուհետեւ նման անհաճոյ կացութիւններու չմատնուելու համար հետեւինք յօդուածին մատնանշումներուն եւ օգտակար թելադրանքներուն:

Սմբուկ

Առողջ սմբուկը պէտք է ունենայ սահուն, փայլուն եւ սրճագոյն բիծերէ զերծ կեղեւ: Կեղեւին գոյնը պէտք է ըլլայ ո՛չ շատ բաց եւ ոչ ալ մութ մանիշակագոյն:

Կանկառ

Ընտրել միագոյն, առողջ, կանաչ կամ մանիշակագոյն կանկառներ` առանց բիծերու: Ձեռքին մէջ կանկառը պէտք է ըլլայ ծանր, ամուր, իսկ տերեւները` կոտրտուող: Փափուկ, բծաւոր տերեւներով կանկառը չի կրնար թարմ ըլլալ:

Անանաս

Անանասին արտաքին տեսքէն չխաբուիլ: Անիկա դուրսէն կրնայ կանաչի զարնել, բայց հիւթեղ եւ հասուն ըլլալ: Իսկ ինչ կը վերաբերի տերեւներուն, եթէ զանոնք քաշելու պարագային անջատուին պտուղէն, կը նշանակէ, որ պտուղը հասուն է:

Սխտոր

Ափին մէջ սխտորին գլուխը պէտք է ըլլայ բաւականին ծանր եւ ամուր կեղեւը պէտք է ըլլայ փայլուն, առանց բիծերու, իսկ պճեղները` առանց կանաչ ծիլերու:

Սեխ

Գնումի ատեն ընտրել ծանր եւ բուրաւէտ տեսակը. ասոնք ապահով փաստեր են անոր քաղցր եւ հիւթեղ ըլլալուն:

Որթատունկի Տերեւ

Որթատունկի տերեւները պէտք է ըլլան միջակ չափի եւ կարելի եղածին չափ կլոր: Փոքր եւ կտրտուած եզերքով տերեւները կը դժուարացնեն սարմա փաթթելու գործը: Մատներով շօշափելու ատեն տերեւները պէտք է ունենան թաւշեայ փափկութիւն մը:

Գարեջուրը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Գարեջուրը ալքոլ պարունակող խմիչքներու շարքին ամէնէն հիներէն կը համարուի: Տարբեր գոյնի եւ տարբեր համի այս խմիչքը շատ տարածուած է Եւրոպայի եւ յատկապէս Գերմանիոյ մէջ, ուր խնճոյքներու եւ տօնակատարութիւններու անփոխարինելի խմիչքը համարուած է:

Բացի խմելէ, գիտէ՞ք, որ կարելի է գարեջուրը օգտագործել մեր առօրեային մէջ որպէս`

Ոսկեղէնները Մաքրող: Շիշ մը գարեջուր պարպեցէք ձեր ոսկեայ զարդեղէններուն (օղ, ապարանջան, կախազարդ, մատանի…) վրայ. սպասեցէք առնուազն քառորդ ժամ, ապա զանոնք շփեցէք փափուկ լաթով մը: Ուշադի՛ր, զարդեղէնները պէտք չէ որ թանկարժէք քարեր պարունակեն:

***

Միսը Փափկացնող: Շիշ մը գարեջուր պարպեցէք ձեր համեմուած միսին վրայ եւ առնուազն 1-2 ժամ սպասեցէք նախքան եփելը: Գարեջուրը կը փափկացնէ միսին բնաթելերը եւ հաճելի համ կը փոխանցէ անոր:

***

Արատներ Մաքրող: Եթէ ձեր գորգին վրայ սուրճ կամ թէյ թափի, արատին վրայ գարեջուր թափեցէք, լաթով մը շփեցէք, ապա գաղջ ջուրով ցօղուեցէք եւ ձգեցէք, որ չորնայ:

***

Մազերը Սնանող: Ձեր մազերուն ծաւալ, առողջ տեսք եւ փայլք տալու համար կէս բաժակ գաղջ ջուրին աւելցուցէք 8 ապուրի դգալ գարեջուր: Ձեր մազերը շամփուէնով լուալէ ետք այդ խառնուրդով շփեցէք ձեր մազերը, քանի մը վայրկեան սպասեցէք, ապա ցօղուեցէք:

***

Փայտեայ Կահոյքը Վերակենդանացնող: Ժամանակի ընթացքին փայտեայ կահոյքը կը խամրի: Գարեջուրը քիչ մը տաքցուցէք, ապա լաթի կտորը գաղջ գարեջուրին մէջ թաթխելով` շփեցէք գունաթափած կահոյքը` նորի տեսք եւ փայլք տալու համար:

***

Պարարտացուցիչ: Գարեջուրին պարունակած թթխմորն ու բնական շաքարը գարեջուրը սքանչելի պարարտացուցիչի մը կը վերածեն: Ձեր տան բոյսերուն առողջ աճ ապահովելու համար զանոնք շաբաթը մէկ-երկու անգամ գարեջուրով ջրեցէք: Այո՛, առանց չափազանցելու, բոյսին շուրջը գարեջուր ցօղեցէք:

Արձանի Մը Պատմութիւնը

Վահագն Վիշապաքաղի Յուշարձանը

Վահագն Վիշապաքաղի արձանը իր 59 տարուան պատմութեան ընթացքին տեղափոխուած է երեք անգամ: Արձանը, որ Երեւան քաղաքի ամենայայտնի յուշարձաններէն մէկն է, կերտուած է 1964-ին, քանդակագործը Կարլեն Նուրիջանեանն է: Հայկական դիցաբանութեան պատերազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի գերագոյն աստուած Վահագնի պղնձեայ 3,5 մեթրանոց արձանը 1969-ին տեղադրուած է նախկին Լենինի, այժմ` Մաշտոցի պողոտային վրայ:

1970-ականներու կէսերուն, որոշ ժամանակ մը արձանը գտնուած է «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մօտ, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան շէնքին հարեւանութեամբ, իսկ 1980-ականներուն` Էջմիածնի խճուղիին մօտ:

2004 թուականի դեկտեմբեր 19-ին արձանը գտած է իր վերջնական տեղը` Երեւան-Էջմիածին մայրուղիի կամուրջին մօտ:

Խոհագիր

 Թահինով Եւ Ազատքեղով «Տիբ»

«Տիբ»-երը պաղ թանձրուկներ են, որոնք կը մատուցուին հում բանջարեղէններու, չիփսերու կամ խրթխրթան հացի կողքին:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք դիւրին եւ արագ պատրաստուող «տիբ» մը, որ շատ լաւ կը համադրուի նաեւ տապկուած սմբուկի, դդումի, ծաղկակաղամբի հետ:

Բաղադրութիւն

– 1 կապոց մանրուած ազատքեղ
– 1/3 գաւաթ թահին
– 1/3 գաւաթ ջուր
– 1 կիտրոնի հիւթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ լեցնել թահինը եւ քիչ-քիչ ջուր աւելցնել ու խառնել մինչեւ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Թանձրուկին աւելցնել աղն ու կիտրոնի հիւթը, կրկին խառնել եւ, վերջապէս, աւելցնել մանրուած ազատքեղը:

Ձեր պատրաստած «տիբ»-ը փոխադրեցէք ներկայանալի փոս ամանի մը մէջ եւ մատուցեցէք:

Շաբթուան  Բանաստեղծութիւնը

Լճակ

Ինչո՞ւ ապշած ես, լըճա՛կ,
Ու չեն խայտար քո ալեակք,
Միթէ հալւոյդ մեջ անձկաւ
Գեղուհի՞ մը նայեցաւ:

Եւ կամ միթէ կը զմայլի՞ն
Ալեակդ երկնի կապոյտին,
Եւ այն ամպոց լուսափթիթ,
Որք նմանին փրփուրիդ:

Մելամաղձոտ լճա՛կ իմ,
Քեզ հետ ըլլանք մտերիմ,
Սիրեմ քեզի պէս ես ալ
Գրաւիլ, լռել ու խոկալ:

Որքան ունիս դու ալի`
Ճակատս այնքան խոկ ունի,
Որքան ունիս դու փրփուր,
Սիրտս այնքան խոց ունի բիւր:

Այլ եթէ գոգդ ալ թափին
Բոյլքն աստեղաց երկընքին,
Նըմանիլ չես կրնար դուն
Հոգւոյս` որ է բոց անհուն:

Հոդ աստղերը չե՛ն մեռնիր,
Ծաղիկներն հոդ չե՛ն թոռմիր,
Ամպերը չե՛ն թրջեր հոդ,
Երբ խաղաղ էք դու եւ օդ:

Լըճա՛կ, դո՛ւ ես թագուհիս,
Զի թ՛հովէ մ՛ալ խորշոմիս,
Դարձեալ խորքիդ մէջ խռով
Զիս կը պահես դողդղալով:

Շատերը զիս մերժեցին,
«Քնար մ՛ունի սոսկ» – ըսին.
Մին`«դողդոջ է, գոյն չունի» –
Միւսն ալ ըսաւ. – «Կը մեռնի՛»:

Ոչ ոք ըսաւ. – «Հէ՛ք տղայ,
Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չմեռնի»:

Ոչ ոք ըսաւ` – «Սա տղին
Պատռե՛նք սիրտը տրտմագին,
Նայինք ինչե՛ր գրուած կան…»
– Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան:

Հոն կայ մոխի՛ր… յիշատա՛կ…
Ալեակքդ յուզի՛ն թող, լըճա՛կ,
Զի քու խորքիդ մեջ անձկաւ,
Յուսահատ մը նայեցաւ…

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ

 

Այսօր (20 մայիս 1851) Պետրոս Դուրեանի ծննդեան օրն է: «Ապրելու եւ սիրուելու իրաւունքով ծնուած բանաստեղծը միայն կեանքի «սեւ կաթը» ըմպեց, բայց երբեք չդաւաճանեց իր քնարին ու վեհ կոչմանը: Իր մեծ նախորդ Սայաթ Նովայի նման` «զայրացաւ», բայց երբեք չանիծեց:

Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Դուրեան ամէնէն պարզը եւ իր պարզութեան մէջ զարգացման ամէնէն վեհ բարձրութեանը հասնող, բուն ժողովրդային հանճարն է ըստ իս»:

Գ. ԶՕՀՐԱՊ

«Դուրեանի աշխարհում լճակ կայ, եւ ի՜նչ լճակ: Եթէ մի չար հրաշքով գոլորշիանան աշխարհի բոլոր լճակները, Դուրեանի «Լճակ»-ով կարելի է վերստեղծել դրանք: Նա մեզ իր օրինակով մտերմացրեց այդ «մելամաղձոտ» լճակին, ինչպէս նաեւ սովորեցրեց «գրաւիլ, լռել ու խոկալ»: Նա է մեր նոր քնարերգութեան առաջին մեծը եւ միշտ էլ կը մնայ վերջինի կողքին, որովհետեւ նա չի հնանում, ինչպէս որ չեն հնանում ժպիտն ու հառաչը, ծիծաղն ու հեծկլտոցը»:

Պ. ՍԵՒԱԿ

Նախորդը

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակ Գիտաժողովի Նիւթեր (21-23 Մարտ 2018)» Ժողովածուի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Տօներ, Աւանդութիւններ. Սուրբ Սարգիս Տօնին Հետ Կապուած Ժողովրդական Սովորութիւններ
Կնոջական

Տօներ, Աւանդութիւններ. Սուրբ Սարգիս Տօնին Հետ Կապուած Ժողովրդական Սովորութիւններ

January 29, 2026
Հետաքրքրական.  Հին Հայկական Պահանջուած Մասնագիտութիւններ, Որոնք Առաջ Կային Ու Հիմա Չկան
Կնոջական

Հետաքրքրական. Հին Հայկական Պահանջուած Մասնագիտութիւններ, Որոնք Առաջ Կային Ու Հիմա Չկան

January 22, 2026
Ժողովրդական Հաւատալիքներ.  Ե՞րբ Պէտք Է Հաւաքել Տօնածառը
Կնոջական

Ժողովրդական Հաւատալիքներ. Ե՞րբ Պէտք Է Հաւաքել Տօնածառը

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.