Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող թեկնածուները համոզիչ յաղթանակներ արձանագրած են: Այս մասին յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

«2026 թուականին Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն մէջ ամերիկահայ ընտրողները նկատելի ազդեցութիւն ունեցած են, ի շարս այլոց` ձախողութեան մատնելով ընտրութիւնը այն թեկնածուներուն, որոնք շահ կը ստանան հայկական տարածքներու ազրպէյճանական բռնագրաւումէն կամ Քոնկրեսին մէջ հանդէս կու գան Պաքուի շահերուն պաշտպանութեամբ:

«Միեւնոյն ժամանակ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող` Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան թեկնածուներու 90 առ հարիւրը յաղթանակ արձանագրած է ընտրութիւններուն:

«Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան ամէնէն նշանակալի արդիւնքը արձանագրուած է Նիւ Հեմփշըրի մէջ, ուր քոնկրեսական Քրիս Փափաս յաղթած է նախկին ծերակուտական Ճոն Է. Սունունուին, որ անձամբ միլիոնաւոր տոլարներու բաժնեմաս ունի օտարերկրեայ հանքարդիւնաբերական ընկերութեան մէջ, որ կը շահագործէ բռնագրաւուած Արցախի մէջ գտնուող հանքավայրը:

«Ընտրութիւններու արդիւնքները եւ անոնց մէջ Հայ դատի յանձնախումբի ներգրաւուածութիւնը մեկնաբանելով` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան նշած է.

«Փտած ամերիկացի քաղաքական գործիչները այլեւս չեն կրնար անպատիժ կերպով գաղտնի իւրացնել Ալիեւի կաշառքները: Այլեւս` ոչ: Մենք Պաքուի փտածութիւնը ստուերէն դուրս բերինք եւ զայն պատկերասփիւռային նախընտրական գովազդներու միջոցով հասցուցինք հանրային քննարկման` այդ կեղտոտ դրամները վերածելով քաղաքական պատասխանատուութեան:

«Անոնք կը կարծէին, թէ կրնան շարունակել անվճար օգտուիլ այդ գումարներէն: Ընտրութիւններու գիշերը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը զանոնք պատասխանատուութեան կանչեց: Ազրպէյճանի նաւթատոլարները, որոնք նախապէս կ՛օգնէին քուէներ հաւաքելու, այժմ անոնց համար քուէներու կորուստ կ՛արժեն: Ասիկա ծառայութիւն է մեր համայնքին եւ մեր երկրին»:

Փափասի Յաղթանակը

Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող Փափաս աջակցած է արցախցի տեղահանուածներուն, հետեւողականօրէն հանդէս եկած է Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման օգտին եւ պաշտպանած 907-րդ բանաձեւի կիրարկումը:

«Փոլիթիքօ»-ի ձեռք բերած` 11 մայիսի ֆինանսական յայտարարագիրին մէջ անոր մրցակից Սունունուն յայտնած էր, որ ունի մինչեւ 5 միլիոն տոլարի բաժնետոմսեր «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ» ընկերութեան մէջ: Ան նաեւ յայտարարագրած էր իր բաժնեմասը «Սանսոս Հոլտինկզ» ընկերութեան մէջ, որ «Անկլօ Էյժըն Մայնինկ»-ի երկրորդ մեծ բաժնետէրն է:

Սունունուի հայրը` Սպիտակ տան աշխատակազմի նախկին ղեկավար Ճան Հ. Սունունուն, եւ եղբայրը` Մայքըլ Սունունուն, ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդին մաս կը կազմեն:

Հայ դատի յանձնախումբի համայնքային ծրագիրներու տնօրէն Քեւ Իսքաճեան եւ ծրագիրներու տնօրէն Մայքըլ Թադեւոսեան 27 յուլիսին հրապարակուած յօդուածին մէջ անդրադարձած էին Սունունուի այդ կապերուն:

«Թափանցիկութիւնը երկկողմանի փողոց է Նիւ Հեմփշըրի լարուած ծերակուտական ընտրապայքարին մէջ» վերնագիրով յօդուածը հրապարակուած էր «Էն.Էյչ. Ճըռնըլ»-ի մէջ:

Հայ դատի յանձնախումբի քարոզչական աշխատանքներուն շնորհիւ այս հարցը մինչեւ ընտրութիւններու օրը մնացած էր Նիւ Հեմփշըրի ընտրողներու ուշադրութեան կեդրոնը, իսկ նախընտրական պատկերասփիւռային գովազդներու միջոցով անիկա նաեւ ներկայացուած էր լայն հասարակութեան:

Ծերակոյտի Եօթը Թեկնածուներու Յաղթանակը

Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող Ծերակոյտի բոլոր եօթը թեկնածուները ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրած են:

Միչիկընի մէջ յաղթած է Ապուլ Սայետը:

Քոնկրեսի Մէջ Իրական Վերահսկողութեան Հաստատումը

Քանի որ թէ՛ Ներկայացուցիչներու տան, թէ՛ Ծերակոյտին մէջ իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի ունեցած է 2006 թուականէն ի վեր առաջին անգամ միջանկեալ ընտրութիւններու շնորհիւ երկու պալատներուն մէջ ալ փոխուած է կուսակցական մեծամասնութիւնը:

Ամերիկացիները վերադարձած են իշխանութեան անջատման համակարգին, երբ Սպիտակ տունը կը գտնուի մէկ կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ, իսկ Քոնկրեսի ղեկավարումը` միւս ձեռքի:

Իշխանութեան այս հաւասարակշռութիւնը կը վերականգնէ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած զսպումներու եւ հակակշիռներու համակարգը` ընդլայնելով Քոնկրեսին կարելիութիւնները` հարցեր արծարծելու, հետաքննութիւններ կատարելու եւ գործադիր իշխանութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ:

Ամերիկահայերու տեսանկիւնէն` իշխանութեան այս դասաւորումը կարելիութիւն կը ստեղծէ, որպէսզի Քոնկրեսը վերահսկողութիւն կատարէ Թրամփի վարչակազմի` 907-րդ բանաձեւով սահմանուած սահմանափակումներէն հրաժարելու որոշումներու եւ Ազրպէյճանին տրամադրուող Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութեան նկատմամբ:

Քոնկրեսի վերահսկողութիւնը կրնայ նաեւ տարածուիլ Թրամփի առաջարկած «Խաղաղութեան եւ բարգաւաճման միջազգային երթուղի» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ջանքերուն վրայ:

Հայկական Հարցերով Քոնկրեսի Խումբի Ղեկավարներու Վերընտրութիւնը

Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող` Ներկայացուցիչներու տան թեկնածուները յաղթած են մինչեւ այժմ արդիւնքները ամփոփուած 55 ընտրապայքարներէն 50-ին մէջ` 120-րդ գումարման Քոնկրեսին մէջ ապահովելով հայկական շահերուն աջակցող հզօր երկկուսակցական խումբի շարունակական ներկայութիւնը:

Այդ խումբի յառաջատարներն են Հայկական հարցերով Քոնկրեսի խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնը եւ Կաս Պիլիրաքիսը, ինչպէս նաեւ փոխնախագահ Պրետ Շըրմընը:

 

Նախորդը

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.