Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Հարիրի Մաքրոնի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Ներքին Դժուարութիւնները

February 11, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան դարձաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ընթրիքի հիւրը:

Էլիզէի պալատին մէջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Հարիրի եւ Մաքրոն քննարկեցին շրջանային իրադարձութիւնները, արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ անոր տագնապներու դիմագրաւումին նպատակով անոնց զօրակցութիւնը ապահովելու Հարիրիի ջանքերը, նախագահ Մաքրոնի ջանքերը` Լիբանանին միջազգային զօրակցութիւն ապահովելու, երբ կը կազմուի կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն կ՛ունենայ պէտք եղած բարեկարգումները կատարելու` կասեցնելու համար տնտեսական փլուզումը եւ վերանորոգելու ու վերակառուցելու քանդումը, որ հետեւանք էր անցեալ օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին:

Հարիրի եւ Մաքրոն քննարկեցին նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող ներքին լիբանանեան դժուարութիւնները եւ այդ արգելքները վերացնելու միջոցներն ու կարելիութիւնները:

Հարիրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան
Կազմութեան Վերաբերող Զարգացումներ

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հարիրի եւ Ժոմպլաթ միացեալ կեցուածքներ դրսեւորեցին այդ իրադարձութիւններուն առումով:

Միւս կողմէ, Հարիրի շնորհաւորեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` իրենց «Յոյսի անջրպետանաւ»-ով Հրատ հասնելու առիթով:

Ան հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Հրատ հասնիլը իւրաքանչիւր արաբի հպարտութիւնն է: «Իսկապէս որ մեր սրտերը յոյսով կը լեցնէք», նշեց Հարիրի:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Պատմական Նուաճումը

Յաջորդը

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.