Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Նոր տարուան ընդառաջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` ընդունելու Արցախին եւ Հայաստանին յատկացուող 250 միլիոն տոլար օգնութեան ծրարը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դիմատետրեան էջը:
Կ՛առաջարկուի 100 միլիոն տոլար յատկացնել տեղահանուածներուն, 20 միլիոն տոլար` բնակարաններուն, 0-20 միլիոն տոլար` ջրամատակարարման, առողջապահութեան` 20 միլիոն տոլար, կոյուղիներուն` 20 միլիոն տոլար, «ՔՈՎԻՏ¬19»-ին դէմ պայքարին` 25 միլիոն տոլար, վերականգնման` 20 միլիոն տոլար, ականազերծման` 25 միլիոն տոլար: