«Ազդակ»-ի առցանց 21-րդ լսարանին նիւթն էր «Անգարան Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ»։ Զեկուցաբերն էր արաբագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, գիտաշխատող դոկտ․ Սարգիս Գրիգորեան։
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ առցանց լսարանի օրը տեղի ունեցած էր դասախօսին հեղինակութեամբ լոյս տեսած «Սուրիական հակամարտութիւնը 2011-2020 թուականին» հատորին շնորհահանդէսը։
Դասախօսը նախ զեկուցեց Անգարայի յայտարարած «0 խնդիրներ դրացիներու հետ» ծրագիրի մանրամասնութիւններուն մասին՝ յատուկ կերպով կեդրոնանալով իսլամական արմատականութեան եւ քրտական զինեալ գործօնի աշխուժացման պատճառահետեւանքային իրադրութիւններուն վրայ։
Շրջանին մէջ ազդեցիկ ներկայութիւն ունենալու համար Թուրքիան ընտրեց Սուրիան, ուր աշխուժացած էր քրտական գործօնը։ Ակնյայտ էր, որ քիւրտերը ահաբկիչներ նկատելով Անգարան ռազմական միջոցով պիտի փորձէր լուծել խնդիրը։
ՏԱՀԵՇ-ի եւ քիւրտերու նոյնացման մօտեցումով սուրիական տարածքներու վրայ քրտական աշխուժացման չէզոքացումը նպատակ էր այլեւս Թուրքիոյ համար։ «Երկաթէ վահան» ռազմական գործողութիւններու՝ ճարապլուսէն Աֆրին, թրքական զինուժի տեղաշարժերուն բուն շարժառիթներուն մասին խօսելէ ետք, դասախօսը այնուհետեւ ներկայացուց Ռաս Ուլ Այնի գրաւման եւ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու ծրագիրը։
Ըստ դասախօսին, Անգարան սուրիական տարածքներու վրայ պատնէշ կը ստեղծէ թրքական եւ սուրիական տարածքներու վրայ գործող քրտական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ։ Նաեւ ժողովրդագրական պատկերը վերահսկելու, բնակեցումներու քաղաքականութիւն կիրարկելով։
Այնուհետեւ դոկտ․ Սարգիս Գրիգորեան մանրամասն զեկուցեց նաեւ Թուրքիոյ կողմէ վարձկաններու մարզումին, ռազմական փորձ ապահովելուն եւ շահագործման տարբեր աշխարհագրական միջավայրերուն մասին, յատկապէս հիւսիսային Ափրիկէի՝ Լիպիոյ մէջ։
Կոկկասի մէջ եւս Թուրքիան օգտագործեց այդ վարձկանները արցախեան պատերազմի ընթացքին։ Թուրքիոյ վերջին տարիներու վարքագիծը նախկին օսմանեան տարածքներու վրայ իր ազդեցութիւնը տարածելն է։ Եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայութիւն ըլլալու միտումը այդ պարունակին մէջ պէտք է տեսնել։ Թուրքիան ունի կարելիութիւններ, յաւակնոտ ղեկավար, ինչպէս նաեւ ազդեցիկ ուժային կեդրոններու հետ համաձայնեցուած եւ կանոնակարգուած յարաբերութիւններ։
Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Հարաւային Կոկվասի պարագաները նկատի ունենալով՝ կարճաժամկէտ եւ միջնաժամկէտ կտրուածքներով մենք ականատես ենք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մերձեցման եւ համագործակցութեան քաղաքականութեան։ Իսկ այս առումով Մոսկուայի խնդիրը ՕԹԱՆ-ը տկարացնելն է՝ Թուրքիան այնտեղէն դուրս բերելով։
Ապա դոկտ․ Գրիգորեան խօսեցաւ Թուրքիոյ եւ արաբական որոշ երկիրներու միջեւ ստեղծուած հակասութիւններու պատճառներուն մասին։ Յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ շատ արագ զարգացող Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սրացման գործընթացին մէջ դասախօսը կարեւոր նկատեց արաբական որոշ երկիրներու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման եղելոյթը։
Այնուհետեւ քննարկման կարգով երկայացուեցաւ Թուրքիա-Իրան եւ Թուրքիա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ներկայ պատկերը։
Դոկտ․ Սարգիս Գրիգորեանի դասախօսութիւնը առիթ եղաւ լոյս սփռելու մեզի առնչուած շրջաններուն մէջ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութեան տարբեր ծալքերուն վրայ։