Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արայիկ Յարութիւնեանը Ուղերձով Դիմեց Ժողովուրդին

Դեկտեմբեր 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 16 դեկտեմբերին ուղերձով դիմեց ժողովուրդին` հաստատելով, որ որոշած է հրաժարիլ Ազատ հայրենիք կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն, որպէսզի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին վրայ կարենայ գործել եւ ընկալուիլ իբրեւ պետութեան վերկուսակցական գլուխ, իբրեւ ընդունելի մէկը` յատկապէս ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ համախմբող:

Ան նշեց, որ պատրաստ է հրաժարական ներկայացնելու հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն առաջին իսկ կարելիութեան պարագային, երբ հանրապետութիւնը ներքին ու արտաքին պայմաններու ու սահմանադրական կարգաւորումներու առումով պատրաստ ըլլայ պատշաճօրէն ու արժանապատուօրէն յաղթահարելու նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններու ծանր դժուարութիւնները: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի հաստատէ կառավարութեան նոր կառուցուածքը` բարելաւելով տարբեր գերատեսչութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարձրացնել անոնց աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը եւ խնայել հանրային միջոցներ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւնը նկատեց Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը` նաեւ քաղաքական գործիքակազմով: Ըստ անոր, Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքական ամբողջ ներուժը խելացի ու հետեւողական կերպով պէտք է սպասարկէ այդ առաջնահերթ նպատակի իրագործման` ապահովելով կայուն, տեւական ու արժանապատիւ անվտանգ միջավայր սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու համար:

Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Արցախի իշխանութիւնները կարելի ամէն ինչ կ՛ընեն լիազօրութիւններու ու կարողութիւններու սահմաններուն մէջ առկայ անվտանգային մարտահրաւէրներու չէզոքացման ու անորոշութիւններու յստակացման ուղղութեամբ, որոնց մէկ մասը կախեալ է նաեւ բարձրագոյն մակարդակի միջազգային բանակցութիւններու արդիւնքներէն:

Արայիկ Յարութիւնեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր մնայուն սադրիչ վարքագիծը, որուն ցցուն օրինակներէն են վերջին օրերուն անոնց գործողութիւնները Խծաբերդի ու Բերդաձորի հատուածներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Փաշինեանին Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ. «Խծաբերդ-Հին Թաղեր Հատուածին Մէջ Անյայտ Մնացած Է 73 Մարդու Ճակատագիր»

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?