Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ. «Խծաբերդ-Հին Թաղեր Հատուածին Մէջ Անյայտ Մնացած Է 73 Մարդու Ճակատագիր»

Դեկտեմբեր 17, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Խծաբերդ-Հին թաղեր հատուածին մէջ կը շարունակէ անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ պաշտպանութեան բանակը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է:

«Տարբեր լրատուամիջոցներով կը շարունակեն հակասական տեղեկութիւններ տարածուիլ Խծաբերդ-Հին Թաղեր հատուածին մէջ անյայտ կորսուած հայ զինուորներու մասին: Մասնաւորապէս,  կը շրջանառուի մինչեւ 171 հայ զինուորի մասին տեղեկութիւն, ինչ որ չի համապատասխաներ իրականութեան:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նշուած ուղղութիւններուն մէջ տակաւին կը շարունակէ անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր: Դէպքի առաջին իսկ ժամերէն, ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ, կը տարուին անյետաձգելի աշխատանքներ մեր զինուորներուն ճակատագիրները ըստ կարելւոյն արագ պարզելու ուղղութեամբ:

Աւելցնենք, որ խնդիրը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու եւ անհրաժեշտ գործողութիւններու ձեռնարկելու նպատակով Արցախի Հանրապետութիւն մեկնած է նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեան:

Հանրութեան պարբերաբար տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի իրականացուող քայլերուն եւ անոնց արդիւնքներուն վերաբերեալ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արտակ Բեգլարեան. «Այս Օրերուն
Անհետ Կորսուած Է Շուրջ 60 Զինուոր»

«Հայ նոր ռազմագերիներուն վերաբերեալ տեղեկութեան շուրջ կապ հաստատած եմ շարք մը մարմիններու եւ այնտեղ գտնուող որոշ զինուորներու հետ», այս մասին գրած է Արցախի Հանրապետութեան  մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան:

«Ըստ իմ հաւաքագրած նախնական տուեալներուս, Հատրութի շրջանի Խծաբերդ գիւղին ուղղութեամբ, այս օրերուն, անհետ կորսուած է շուրջ 60 զինուորէ բաղկացած ստորաբաժանում մը, մեծ հաւանականութեամբ, այդ որ կ՛երեւի ազրպէյճանական կողմին հրապարակած տեսանիւթին մէջ:

Բացարձակ անընդունելի է այս դէպքը, որ պէտք է արագօրէն ու խստօրէն քննուի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ` պարզելու համար բոլոր հանգամանքներն ու մեղաւորներու շրջանակը: Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու բոլոր լիազօր մարմինները պարտաւոր են անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու մեր բոլոր ռազմագերիները վայրկեան առաջ տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ:

Բացի ատկէ, անհրաժեշտ է յստակ տեղեկութիւններ տրամադրել ռազմագերիներու հարազատներուն եւ վարել ըստ կարելւոյն թափանցիկ հանրային հաղորդակցութիւն` խուսափելու համար ապատեղեկատուութիւններէ ու աւելորդ լարուածութիւններէ», գրած է ան:

 

 

Նախորդը

Արայիկ Յարութիւնեանը Ուղերձով Դիմեց Ժողովուրդին

Յաջորդը

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մէջ Հանդիպում` Վարչապետի Թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?