Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Մանէ Գէորգեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սպառնալիքի դիրքերէ հայ ժողովուրդին հետ խօսիլը դատապարտելի է եւ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն կայունութիւն չի ստեղծեր: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն:
Ան յայտնեց, որ Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախագահին սադրիչ յայտարարութիւնները: «Հայաստանի հանդէպ տարածքային նկրտումներու վերաբերեալ բարձրաձայնումը լրջագոյն կասկածի տակ կը դնէ Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ եւ նպատակաուղղուած կերպով կը վտանգէ շրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:
Ան դիտել տուաւ, որ կատարուած յայտարարութիւնները առաւել քան այժմէական կը դարձնեն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը` իբրեւ արցախահայութեան նկատմամբ ազրպէյճանական ցեղասպան նոր նկրտումները կանխելու միջոց:
Մ. Գէորգեան նկատել տուաւ, որ Պաքուէն կատարուած յայտարարութիւնները կը հակասեն 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ոգիին եւ դրոյթներուն: