ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ` ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
ԵՒ ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ ՇԱՐԺԱԿՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ
(2020 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱԿԻ
ԱՄՓԵՐԻ ՍՊԱՌՄԱՆ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ)
Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած 2020 նոյեմբեր ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 594 լ. ոսկի սակին վրայ եւ նկատի ունենալով, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերը Պուրճ Համուտի մէջ երկու շրջաններու բաժնուեցան՝
Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2020-ի նոյեմբեր ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակերը գանձել հետեւեալ ձեւով.
– Պուրճ Համուտ քաղաքի առաջին շրջան (նոյեմբերին 70 ժամուան հոսանքազրկում արձանագրուեցաւ).
* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 8 հազար լ. ո. (ութ հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 24 հազար լ. ո. (քսանչորս հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 40 հազար լ. ո. (քառասուն հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
– Պուրճ Համուտ քաղաքի երկրորդ շրջան (նոյեմբերին 120 ժամուան հոսանքազրկում արձանագրուեցաւ).
* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 13 հազար լ. ո. (տասներեք հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 39 հազար լ. ո. (երեսունինը հազար լ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 65 հազար լ. ո. (վաթսունհինգ հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէր, որ կ՛անտեսէ քաղաքապետութեան այս որոշումը եւ բաժանորդ քաղաքացիները կը զրկէ ելեկտրականութենէ, պիտի ստիպէ, որ քաղաքապետութիւնը գրաւէ իր շարժակը եւ ինք ստանձնէ զայն բանեցնելու ու ելեկտրականութիւն հայթայթելու աշխատանքը` մինչեւ տագնապին եւ ընդհանուր զօրաշարժի աւարտը:
Գ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային:
Ծանօթ.-
Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.
5 ամփեր` 20 հազար լ. ոսկի: 10 ամփեր` 30 հազար լ. ոսկի: 15 ամփեր` 40 հազար լ. ոսկի: 15 ամփերէն վեր` 5000 լ. ոսկի` իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
—————————————
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Հանգուցեալ Կարապետ Պապահէքեանի մահուան քառասունքին առիթով`
Տիկին Յասմիկ Պապահէքեան եւ ընտանիք կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնը.
– Վահան Թէքէեան վարժարանին 10.000$
– «Զարթօնք» օրաթերթի 500.000 լ. ո.
– «Արարատ» օրաթերթի 500.000 լ. ո.
– «Խօսնակ» պարբերաթերթի 500.000 լ. ո.