Թուրքիոյ քաղաքացիները Վանի մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով, իշխանութիւններէն կը պահանջեն վերականգնել Վանայ լիճի մեծագոյն կղզիին` Լիմի (թուրքերը զայն կը կոչեն Ատըր) Ս.Գէորգ հայկական եկեղեցին:
Վանի բնակիչները համոզուած են, որ Լիմը կարեւոր տեղ կը գրաւէ կրօնական զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն, եւ կը շեշտեն տակաւին կանգուն մնացած եկեղեցւոյ կառոյցները կարելի եղածին չափ արագ վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին «Ակունք»-ին փոխանցմամբ կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը:
Աղբիւրը կը հաղորդէ նաեւ, որ, անցեալ տարի Թուրքիոյ պետական «Ռեսմի կազեթէ» պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումին համաձայն, Վանայ լիճի 4 մեծագոյն կղզիներէն երեքը, ներառեալ Լիմը, ընդգրկուած են բնական արգելոցի տարածքի մէջ:
Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր Լուսաւորիչը 4-րդ դարուն Լիմի մէջ հիմնած է Լիմի անապատը, ուր 14-րդ դարու սկիզբը գտնուած են Ս.Աստուածածին, Ս.Կարապետ եւ Ս.Գէորգ եկեղեցիները:
«Տողան» գործակալութեան թղթակիցը կը գրէ, թէ 11-րդ դարուն սկսած Ս.Գէորգ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը աւարտած է 1305 թուականին: Մինչեւ 1918 թուական գործած վանական համալիրը, լքուելէ ետք, ենթարկուած է գանձ որոնողներու գործած աւերներուն: