Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագը Այս Տարի Պիտի Ըլլայ Դռնփակ

August 26, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Ս.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Խաչվերացի պատարագը այս տարի պիտի ըլլայ դռնփակ: «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը:

Կը նշուի, որ նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պարագան,  իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք, միացեալ որոշում տրուած է 6 սեպտեմբերին նախանշուած տարեկան Ս. պատարագը կատարել դռնփակ:

Եկեղեցւոյ մէջ կրնան գտնուիլ միայն պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ արարողութեան մասնակից հոգեւոր հայրերը, Սուրբ Սեղանի սպասաւորները եւ դպրաց խումբը:

Կը հաղորդուի, որ Ս. պատարագի ժամերուն կղզին փակ պիտի ըլլայ ուխտագնացութեան մեկնողներու համար, ուստի Ս. պատարագին մասնակցելու համար ուխտագնացութեան խումբեր կազմելը կը նկատուի աննպատակայարմար:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը 2005 թուականին ձեռնարկած էր Վանի պատմական Ոստան գաւառի մէջ գտնուող Աղթամար կղզիի Ս.Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն: Շուրջ երկու տարի տեւած վերակառուցման նախագիծի համար շուրջ 4 միլիոն լիրա ծախսուած էր: 2007-ին եկեղեցին վերաբացուած էր իբրեւ թանգարան:

95 տարուան դադարէ ետք 2010 թուականէն ի վեր ամէն տարի սեպտեմբերին` Խաչվերացի տօնին յաջորդող կիրակի օրը, Ս.Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ կը մատուցուի: Սակայն 2015-2017 թուականներու ընթացքին շրջանին մէջ քիւրտ զինեալներու եւ թրքական զինեալ ուժերու միջեւ պարբերական բախումներուն պատճառով պատկան մարմինները Ս. պատարագ մատուցելը չէին արտօնած: Եռամեայ դադարէ ետք, 2018-ին, եկեղեցւոյ մէջ դարձեալ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ:

 

 

Նախորդը

Վանի Բնակիչները Կը Պահանջեն Վերականգնել Լիմ Կղզիի Ս. Գէորգ Հայկական Եկեղեցին

Յաջորդը

Պելճիքան Յայտնած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Համար Ներպետական Ընթացակարգերու Աւարտին Մասին

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.