Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Թրքական 17 Մարտանաւեր Կ՛Ուղղուին Դէպի Յունաստանի Ջուրեր. Յունական Բանակը Դրուած Է Պատրաստ Վիճակի Մէջ, Եւ Սպայակոյտի Պետը Շտապ Վերադարձած Է Աթէնք

Յուլիս 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստան Քասթելորիզօ կղզիէն հարաւ եւ արեւելք գտնուող բնական հարստութիւններու թրքական հետախուզութեան համար թրքական «Օրու Ռէյիս» հետազօտական նաւը մեկնած է յունական ջուրեր: Թուրքիան Մարմարիսի մէջ «Աքսազ» ծովուժի ռազմակայանէն առնուազն 17 մարտանաւեր ուղարկած է ընկերակցելու թրքական հետախուզական նաւուն: Այդ պատճառով յունական զինեալ ուժերը ամբողջ տարածքին մէջ դրուած են բարձր մարտական պատրաստ վիճակի մէջ: Հետախուզութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2 օգոստոս:

Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր սպայակոյտի պետ զօր. Քոնսթանթինոս Ֆլորոս երէկ Կիպրոսէն շտապ կերպով վերադարձաւ Աթէնք: Ան  կը մասնակցէր թրքական ներխուժման տարելիցին:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ՄԱԿ-ին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներուն, ՕԹԱՆ-ին եւ Եւրոպական Միութեան յանձնուած բողոքագիրի մը մէջ նշեց. «Մենք Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ դադրեցնելու այդ ապօրինի գործողութիւնները, որոնք կը խախտեն մեր գերիշխան իրաւունքները եւ կը խաթարեն տարածքին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտնեց, որ Թուրքիան պէտք է խուսափի Յունաստանի ափերուն «վիճելի ջուրերուն մէջ» լարուածութեան սրումէն:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները տեղեակ են Եգէական ծովուն մէջ Յունաստանի ափերուն քարիւղի եւ կազի հանքավայրերը հետազօտելու Անգարայի մտադրութեան մասին: Նոյն ատեն, ան այդ տարածքը կոչած է «Արեւելեան Միջերկրական ծովու վիճելի ջուրեր»:

«Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` դադրեցնելու գործողութիւններու որեւէ ծրագիր եւ հրաժարելու քայլերէ, որոնք կը յանգեցնեն տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին», ըսաւ Օրթակուս:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Յաջորդը

Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերը Վճռականութեամբ Կը Շարունակեն Իրենց Աշխատանքները

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?