Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կը բխի բանակցային հոլովոյթի մասնակից բոլոր երկիրներուն շահերէն: Այս մասին երէկ ԹԱՍՍ-ի առաջին փոխտնօրէն Միխայիլ Կուսմանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին, ապա մենք կը կարծենք, թէ ոչ միայն Ռուսիան, այլ նաեւ միւս պետութիւնները, որոնք մտահոգ են այս տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատմամբ եւ ամրապնդմամբ, պէտք է հանդէս գան յայտարարութիւններով, որոնք կողմերը պիտի խրախուսեն խաղաղութիւն եւ զինադադարի հաստատման», ըսած է Կրուշքօ:
Փոխնախարարը ընդգծած է, որ Ռուսիան այն տեսակէտն ունի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ծիրին մէջ մշակուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք է մնան բանակցային սեղանին:
«Ներկայիս ճգնաժամը պէտք չէ պատճառ ըլլայ առաջին հերթին Ռուսիոյ տիտանեան ջանքերով ձեռքբերուած յառաջընթացի նահանջին, որովհետեւ անիկա մօտեցուցած է հակամարտութեան լուծման հեռանկարները», նշած է Կրուշքօ:
«Այս տագնապի լուծումը էապէս պիտի բարելաւէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը, ներառեալ բոլոր գործընկերներու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւումը: Մենք բոլորը կը յորդորենք` ընդունիլ նոյն դիրքորոշումը, մանաւանդ` Մինսքի խմբակի երկիրներուն», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը: