1 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 26.065 պարագայ, որոնցմէ 14.563-ը` ապաքինած:
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 523 նոր պարագայ, 515 ապաքինում:
Ընդհանուր առմամբ, այս հիւանդութենէն մահացածներուն թիւը հասած է 453-ի: