Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի աւագ անդամ, դեմոկրատական Ռապըրթ Մենենտես Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն պահանջած է այնպէս ընել, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն գնումը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ Անգարայի` դաշինքի ծիրին մէջ պաշտպանութեան ծախսերը մեծցնելու պարտաւորութիւններու կատարում չնկատուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ծերակուտականին նամակը հրապարակած է յանձնախումբի մամլոյ ծառայութիւնը:
Մենենտեսի համաձայն, եթէ այդ 2,5 միլիառ տոլարի չափով գործարքը հաշուի առնուի, Թուրքիան պաշտպանական ծախսերու հարցին մէջ գործնականին մէջ կը մօտենայ Համախառն ներքին արտադրութեան 2 առ հարիւրի շեմին, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս կը պահանջէր իր գործընկերներէն:
«Ատիկա պիտի ըլլայ չափազանց հեգնական եւ սարսափելիօրէն խնդրայարոյց, եթէ Թուրքիոյ «Էս-400»-ի գնումը արտօնէ, որ ան վերջապէս կատարէ ՕԹԱՆ-ի մէջ իր ծախսերը կատարելու պարտաւորութիւնները», ընդգծած է ամերիկացի ծերակուտականը:
«Կը խնդրեմ տրամադրել արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատականը այն մասին, թէ արդեօք այս գնումը հաշուի պիտի առնուի՞ պաշտպանութեան ծախսերու ընդհանուր թիւին մէջ: Եթէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի կիսեր այս տեսակէտը, ապա ես ձեզմէ պիտի ուզէի անյապաղ կապ հաստատել ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութեան եւ անդամ պետութիւններուն հետ համոզելու համար, որ այդ գնումը չնկատուի պարտաւորութիւններու կատարում», գրած է Մենենտես:
«Երկիրները, որոնց ծախսերը կը հակասեն ՕԹԱՆ-ի ոգիին եւ ֆիզիքական զգալի վտանգ կը ստեղծեն անդամ պետութիւններու համար, պէտք չէ պատասխանատուութեան ենթարկուին, եւ ի հարկէ, չպարգեւատրուին», գրած է դեմոկրատական ծերակուտականը:



