Շուէտը աւարտած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը: Այս մասին իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
«31 յունուար 2020-ին Շուէտը յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարութեան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը աւարտին հասցնելու վերաբերեալ», գրած է Նաղդալեան: