Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան եւ վարչապետին ենթակայ մարմիններուն` իրենց կողմէ պատրաստուած օրէնքներու նախագիծերուն վերաբերեալ հանրային քննարկում իրականացնելու կարելիութիւն տուող օրէնքի նախագիծը, որով կ՛ընդարձակուին վարչապետին եւ անոր ենթակայ մարմիններուն լիազօրութիւնները:
Հայաստանի Ազգային ժողովի 20 յունուարի նիստին նախագիծը ներկայացուց Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալ Ռաֆիկ Գրիգորեան:
«Փոփոխութեան իմաստը հետեւեալն է` այժմ գործող օրէնքի խմբագրութեամբ հանրային քննարկում կրնան իրականացնել միայն կառավարութեան անդամները, եւ կառավարութեան ու վարչապետին ենթակայ մարմինները ուղղակի գործնապէս չեն կրնար իրականացնել իրենց կողմէ պատրաստուած օրէնքներու փոփոխութիւններու կամ այլ իրաւական փաստաթուղթերու փոփոխութիւններու նախագիծի հանրային քննարկումն ու պետական-իրաւական փորձաքննութեան ուղարկելը: Նախագիծի ընդունման շնորհիւ կառավարութեան եւ վարչապետին ենթակայ մարմինները իրենք կրնան քննարկման դնել իրենց կողմէ պատրաստուած նախագիծերը», նշեց Գրիգորեան:
Օրէնքի նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ` 121 թեր ձայնով: