Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ 16 յուլիսին տեղի ունեցած է կառավարութեան նիստ:
Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերու քննարկման ընթացքին նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` անոնց պատշաճ լուծման ուղղութեամբ: