16 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ամերիկեան երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Ամփոփուած են նախապէս իրականացուած միջոցառումներու արդիւնքներն ու ծրագրուած աշխատանքներու հետագայ ընթացքը` զանոնք առաւել թիրախային եւ արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Հանդիպում` Բրիտանիոյ Կառավարութեան Զինուորական Փորձագէտներուն Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 16 յուլիսին ընդունած է Հայաստան գտնուող Բրիտանիոյ կառավարութեան հաղորդակցութեան ծառայութեան փորձագէտներու խումբը: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Մարկրեթ Ֆառնոուրթը:
Փորձագէտներու խումբը Հայաստան կը գտնուի կառավարութեան համապատասխան մարմիններուն հետ ռազմավարական մակարդակով տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ ազգային կարողութիւնները ծրագրային ձեւաչափով զարգացնելու հեռանկարները քննարկելու նպատակով:
Հանդիպումի ընթացքին, ծանօթանալով բրիտանական կողմի փորձառութեան եւ կարեւոր նկատելով նախաձեռնութիւնը, պաշտպանութեան նախարարը պաշտպանական ոլորտին առնչուող հետագայ միջոցառումներու շուրջ բրիտանացի գործընկերներու հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: