Աշխարհի վրայ եւ Հաւաքական անվտանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ռազմաքաղաքական կացութիւնը զգալի ազդեցութիւն կ՛ունենայ կառոյցին մէջ որդեգրուող որոշումներուն վրայ:
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Մոսկուա-Երեւան-Մինսք-Նուր Սուլթան-Պիշքեք տեսակապի ընթացքին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիքով` աւելցնելով, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներուն ուշադրութեան կեդրոնն են համաշխարհային եւ շրջանային անվտանգութեան հարցերը, Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակն ու ատոր ազդեցութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ վրայ:
«Կովկասեան ուղղութեամբ լարուածութիւնը կը պահպանուի ղարաբաղեան տագնապի չլուծուած ըլլալուն պատճառով, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ Վրաստանի տարածքի զինուորական իւրացման հոլովոյթին առնչուած», նշեց Սեմերիքով:
Ըստ անոր, մտահոգիչ է նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ սահմաններուն մօտ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերու յաճախականութիւնը, ինչպէս նաեւ ոչ ռազմավարական հիւլէական զէնքը հիւլէական տէրութիւններու տարածք վերադարձնելու խնդիրը:
Այս ծիրին մէջ, անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանգման կեդրոնին` Սեմերիքով նշեց, որ անիկա ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ արձագանգման ընդհանուր համակարգին մէջ կապող օղակ է:
«ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանգման կեդրոնը կը զբաղի անդամ պետութիւններու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ռազմաքաղաքական կացութեան հսկողութեամբ, ճգնաժամային իրավիճակներու նախադրեալներու բացայայտումով եւ համապատասխան իրավիճակի վերլուծութեամբ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ կեդրոնին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ զգալիօրէն կրճատել արտակարգ իրավիճակներու մէջ արագ արձագանգման ժամկէտները:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատարը վստահեցուց, որ չէ եղած ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու նախարարներու խորհուրդի նիստ մը, որուն ընթացքին այդ հարցը չէ քննարկուած:
«Փաստացիօրէն ամէն տարի ստեղծուած կացութեան հիմամբ համապատասխան յայտարարութիւն կ՛որդեգրուի», ընդգծեց Սեմերիքով: