Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներուն ընկերակցութեամբ, 16 մայիսին այցելած է «Եռաբլուր» պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցած արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներու յիշատակին:
Լուրը կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը: